Jump to content

Նայադես

Նայադես
Ναϊάδες

Նայադես (յուն․՝ Ναϊάδες)․ յունական դիցաբանութեան մէջ անոնք անուշ ջուրերուն, աղբիւրներուն, գետերուն, լիճերուն յաւերժահարսերն էին։ Անոնց նկարագրական արձանագրութիւնները յայտնուած են Իսիոդոսին Թէողոնիա, Աբոլոդորոսի գրադարան եւ Օմիրոսին Օդիսիա եւ Իլիադա գործերուն մէջ։

Օմիրոս Նայադես կը սեպէ Զեւսին դուստրերը։ Անոնք Ողիմպոս հրաւիրուած էին եւ «Աստուածային» ժողովներուն կը մասնակցէին։ Իրենց բնակավայրերը գետեզերքներուն վրայ էին, եւ իրենց անունները կ'առնէին այն գետերէն, որոնց մօտ կ'ապրէին: Անոնց, ինչպէս նաեւ ջուրին, գուշակելու եւ բուժելու կարողութիւններ կը վերագրուէին: Կը հաւատային նաեւ, եթէ պատանի տղայ մը կամ աղջիկ մը մահանար ջուրերուն մօտ մանուկ հասակին մէջ, ջրահարսները կամ ուրիշ յաւերժահարսեր զանոնք կը յափշտակէին:

Նայիադես, սէրը առանց խտրութեան կու տային աստուածներուն եւ մարդոց, մանաւանդ գեղեցիկ երիտասարդներուն, եւ այս միութենէն կը ծնէին հերոսներ, մեծ արուեստագէտներ, բանաստեղծներ եւ իմաստուններ։ Սակայն անողորմ կերպով կը պատժէին անոնց անհաւատարմութիւնները՝ որոնք իրենց հետ կապուած էին։

Անոնք սովորաբար կը պատկերուէին անօթներու վրայ ջուր քաշելով կամ անօթի մէջ ջուր բերելով, կամ նրբագեղ խեցի մը բռնած:

[1] [2] [3]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]