Նահանջը առանց երգի
| Հեղինակ | Շահան Շահնուր |
|---|---|
| Լեզու | Հայերէն (արեւմտահայերէն) |
Հրատարակչական թուական | 1929 |
| Գիրքի տեսակ | Վէպ |
Նահանջը առանց երգի վէպ ֆրանսահայ արձակագիր Շահան Շահնուրի գրիչով։ Հայ գրականութեան նշանաւոր ստեղծագործութիւններէն է։
Շահնուրը ընդամէնը մի քանի փոքրիկ գործերու, առանձին յօդուածներու հեղինակ էր, երբ 1927-1929 թուականներու ընթացքին գրեց «Նահանջը առանց երգի» վէպը, որ նոյն այդ տարին ալ լոյս տեսաւ. վէպը՝ առաջին անգամ որպէս թերթօն, մաս առ մաս լոյս տեսաւ Շաւարշ Միսաքեանի «Յառաջ» թերթին մէջ (1929 թ., մայիս-սեպտեմբեր), ապա մեծ հայրենասէր Վ. Իսպիրեանի ծախսերով հրատարակուեցաւ առանձին գիրքով։ Գրողներէն քիչերուն է վիճակուած նման փառաւոր մուտք ունենալ գրականութեան մէջ։ Վէպը արժանացաւ շատ դրական եւ հիացական կարծիքներու, ինչպէս նաեւ ենթարկուեցաւ քննադատութիւններու։ Շահնուրին կը մեղադրէին ծայրայեղութեան եւ հարցերը միտումնաւոր սրելու մէջ։ Սակայն Շահնուրի վէպը հայութեան ուղղուած զգաստացման կոչ մըն էր։ Շահան Շահնուր իր վէպը նուիրած է իր լաւագոյն բարեկամին՝ Յակոբ Տէր-Յակոբեանին։[1]
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Թորոս Թոթունյան, Վերստին կարդալով Շահան Շահնուրը, Հալեպ, 1971, էջ 15։