Նախնական արարողութիւններ եւ սովորութիւններ


Նախնական Արարողութիւններ Ու Սովորոյթներ

Ներկայ գլուխի մէջ մենք արագօրէն պիտի քննենք նախնական պաշտամունքի այն արարողութիւններն ու սովորոյթները որոնք մինջեւ այսօր ալ շարունակած են վերապրիլ երբեմն այլասերելով դէպի աւելորդապաշտութիւն, կամ բարձրանալով դէպի աւելի լուսաւոր ծէսեր, ինչպէս Ս. Պատարագ եւայլն արարքներ: Եւ այդ բոլոր արարքները իրենց պարզագոյն սկզբնաւորութիւններէ կու գան-կերպով մը հինին շարունակութիւնը վսեմացուած նոր կանոններով եւ բովանդակութեամբ եւ գեղաճաշակ արուեստով:

Ուստի կարեւոր է որ կարեւորութեամբ նայուին հին արարողութիւնները: Հին մարդը արարողապաշտ է այնքան որքան է հաւատացեալ. Աւելի թերեւս ան նախ արարողակատար է եւ յետոյ խորհրդածող: հետաքրքրական է որ բոլոր նախնական ցեղախումբերու մէջ կրօնքը առաւելապէս զգացական արարք մըն է, պար կամ թափօր կամ խարոյկի մը շուրջ տօնակատարութիւն, քան իմացական քարոզչութիւն: Իր կրօնքը շատ աւելի իր սիրտին կապած է քան միտքին: Մինչդեռ արարողութիւնը սովորութիւն է, այս պատճառով արարողութիւնները ընդհանրական բնոյթ մը չեն կրեր, այլ աւելի տեղական բնոյթ ունին:

Ա.- Սրբութիւն եւ «Հարամ» կամ «Թապու».

Պաշտամունքի առաջին արարողութիւնները պէտք է նկատենք «Սուրբ» եւ «Արգիլեալ» ճանչցուած առարկաներու կամ անձերու շուրջ կատարուածները: Երկու տեսակներու կրնանք բաժնել անոնք:

1.- Սրբազան անձեր եւ առարկաներ.

Իրենք իրենց մէջ գերբնական զօրութիւն եւ սրբւթիւն արտայայտել անձերու եւ առարկաներու հանդէպ: Մարդաբաններ նոր բառ մը կը գործածեն առնուած խաղաղական Ովկիանոսի կղզիներու բնիկներու բարբառէն, mana մաանա, որ կ'ուզէ բացատրել այն խորկրդաւորութեան ցոլքը որ կը գտնուի արտակարք յատկութիւններով անձերու եւ առարկաներու մէջ: Օրինակ, յաղթական մէծ զօրապետ մը ունի այդ Մաանա կամ թագաւոր մը, մարգարէ մը մոգ կամ քահանայ մը լի է Մաանայով:

Եւ օրհնութեամբ կրնայ հօր մը իր Մաանան փոխանցել իր որդիին: Օրինակ «Հայր Աբրահամ» իր միեակ որդիին Իսահակին փոխանցեց այդ օրհնութիւնը: Նոյն այդ «Շնորհք-խարիզմային» փոխանցումի արարողութիւնն է աւելի վսեմացած ձեւով:

Միայն անձերը չեն որ ունին Մաանա-շնորհը, կրնան զայն ունենալ նաեւ սբազան առարկաները: Օրինակ «Մովսէսի գաւազանը», «Ուխտի տապանակը» եւայլն:

1.-«Հարամ»ն ու «Թապու»ն.

Սրբութեան հետ կապուած է նաեւ «արգելք»ի օրէնքը, մարդ եթէ դպչի սրբազան առարկային հոգին կը հարուածէ զայն: Մասնաւոր անյեր միայն կրնան ձերնել զանոնք:

Անթիւ է շարքը «թապու» նկատուած առարկաներու կամ արարքներու: Եդեմի մէջ «արգիլուած կենաց ծառի պտուղը» ուտել:

Ու «թապու»ի արքելքին վերապրումը կարելի է նկատել կրօնական սրբազան սպասներու հանդէպ զգուշութիւն. Ս. Աւետարանը, Ս. Խաչ, Ս. Սկիհ, քահանաներն իսկ միայն շղարշով կը բռնեն, իսկ հասարակ ժողովուրդին արգիլուած է: «Թովպէ-ըսէ, թովպէ-ըսէ», որ նոյն «թապու» բառն է , որ հրէից «տապանակ-ուխտիին» կոչումը «թապութ»: Իսկ ծագումը այս գաղաբարին, թէ խնդրոյ առարկայ «հարամ» նիւթերուն պարունակած մէկ «յատկութեան» փոխանցումէն զգուշանալու համար է: Բայց այդ բացատրութիւնը թէրի է, որովհետեւ թապուն միայն « աղէտ բերող» ոյժերու դէմ չէ, այլ օրհնութեան աղբիւր առարկաներու եւ անձերու մօտն է:

-նախ, մեծաւորներու եւ կողմէ դրուած օրէնք մըն է թապուն, որպէսզի սրբազան անձի առարկայի անպատկար կերպով չմոտենայ հասարակ անհատմը:

-եկրորդ, ու թերեւս աւելի իմաստալից բացատրութիւն, բարոյականութեան ուսուցումի առաջին մէկ օրենքն է «մի ըներ այս, մի ըներ այն», եւ ինչպէս որ գիտենք որ մարդու չշդելը դժուար է ծանր բացատրութիւններով ատոր համր զգացական «հարամ»ի միջոցով կ'արգիլեն զայն, զգուշացնելով «մեշքին» սխալեն:

Բ.- Զոհի մասուձանելու բուսական ու կենդանական.

Բոլոր կրօնքներու գլխաւոդր արարողութիւնը եղած է զոհ մատուցանելը, Սեմական ժողովուրդներու մէջ մանաւանդ: Հրէական կրօնքը 10-15 տեսակ զոհ մատուցանելու օրէնք ունէր: Նոյնպէս հին Յոյները, իսկ Հոմերական գրականութիւնը բազում օրինակներ ունի զոհամատուցման տեսակններէն:

1.- Եկրագործական արտադրութեանց ընծայաբերումը.

Զոհաբերումի նախնագոյն սովորութիւնը բուսական ընծան է. «Նախախայրիք»ը ընծայաբերել դաշտերէն քաղուած բերքին. Եւ ոգիները եւ աստուածները բաժին մը ստանան բերքեն որպէսզի մշտառատ օրհնուին անոնք: Օրինակ «Աբելի ընծայաբերքը» նոյնպէս եկեղեցական «Անդաստան»ի արարողութիւնը որ կը նուիրուի Աստուծոյ:

2.- Կենդանական զոհի ընծայումը.

Բոլոր ժողովուրդերու մէջ ընծայումի տարածուած ձեւը կենդանիի զոհ տլն է: Եւ կը սորուի այս մէկը Սուրբգրոց Կայէնի եւ Աբէլի ընծայաբերումեն, եւ նշանաւոր նախադասութիւն մը կայ որ է «Աստուած կը նախնտրէ կենդանի զոհ», արիւնով զոհ մը:

Եւ նոյն այս միտքը զոհաբերութեան կը տեսնենք բոլոր ժողովուրդներուն մէջ, ըլլայ իսլամ կամ ոեւէ ուրիշ կրօնքի մէջ: Իսկ նոյն այդ հին սովորութիւնը կը տեսնենք նաեւ հայոց «մատաղ»ի ընծայումը, հայոց մատաղ նաեւ չէ այնքան ընտանեկան կերուխումի համար այլ բարեգործութեան եւ աղքատներուն համար:

Գ.- Մարդկային զոհաբերում.

Կենդանի զոհերէն անդին ունինք այեւ կարք մը ցեղերու մէջ մարդ զոհելու սովորութիւնը, ներկայիս որեւէ տեղ չի կատարուիր այդպիսի արարողութիւններ, բացի Ափրիկեան «Գաննիպալներու» մարդակերներու մէջ: մարդկայի զոհելու ծագումը եղած է պարզապէս փնութեան զօրութիւնները գոհացնելու եւ հաճեցնելու իրենց աստուածներուն համար: Նոյն իսկ կը զոհեն իրենց անդրանիկ զաւակը:

Օրինակ, ամէնէն նշանաւոր մարդկայի զոհաբերումը եղած է «Ասորա-Բաբելական ու քանաանեան» երկիրներու մէջ, եւ ասոնց հետեւութեամբ Հրէից պատմութեան մէջ: Արդի պեղումները երեւան կը բերեն խոշոր կարասներ որոնց մէջէն մարդկային կմախքներ կ'ելլեն:

Նաեւ հին կտակարանի մէջ աւելի զարհուրելի որինակներ կը տեսնենք ծնողմը ուղղակի իր զաւակը իբր զոհ կը մատուցանէ: Օրինակ, Յեբթայէ Դատաւորը որ պատերազմի մէջ կ'երդնու որ ով որ իր դէմը պիտի ելլէ երբ պատերազմեն վերադարնայ զոհ պիտի մատուցանէ զայն, եւ երբ կը վերադարնայ իր զաւակը կ'ելլէ իր դէմը, եւ ուստի կը կատարէ զայն իր ուխտին համացայն:

Հին կտակարանին մէջ ալ օրէնսդրութեան գիրքերուն մէջ հրահանք կայ, որ մարդ իր Աստուածը հաճեցնելու համար պէտք է զոհաբերէ, իր բերքին ու կենդանիին հետ, նաեւ իր «անդրանիկ որդին»:

Սակայն մարդու տեղ կենդանի զոհելու փրկագործութեան ամէնէն գեղեցիկ դրուագն է Աբրահամի-իսահակի աւանդավէպը, ուր Աստուածային հրամանը կը տրամադրէ զաւակին տեղ ուլի'կ մը զոհել:

Դ.- Ընծայում պատանիներու.

Պատանիներու ընծայումի արարողութիւնը կրթական եւ ընկերային հանգամանք ալ ունի, բայց հիմնապէս ան կրօնական արարք մըն է, որ հապ ունի մարդկային ողջակիզումի հետ:

Տոհմին մէջ մեցած երեխամը երբ չաբահաս տարիքը հասնի պէտք է որ նախ կարք մը փորցերէ, երեխան կանցնի ծանր փորցերէ, որպէսցի արժանանայ իր տեղը գրաուելու մեծերուն մէջ,  այդ ծանր փորցերէն ետք չաբահաս տղան կը ծանօթացուին տոհմին օրենքներուն գաղտնիքներուն եւ սովորութիւններուն, ապա մէծ հանդիսաւոր եւ խնճոյքով կ'ընդունուի սոհմին մէջ:

Օրինակ, «հարաւային Հունաստանի մէջ Սպարտացիք պատանիները Արդեմիսի Տաճարին կը տանեյին, եւ Դիցուհիի Արձանին առջեւ խարազանի հարուածներու տակ անոնց տոկոնութիւնը կը փորձէին». Նաեւ տսնուած է երետասարդներու դիեակը որ չեն կրցած դիմանալ եւ մահացածեն:

Ուրիշ ցեղերու մէջ կը տարբերի ընծայման արարողութիւնը: Օրինակ, Ափրիկեան Կափր ցեղի փորցութեան շրջանը կը տեւէ վեց ամիս, անապատական կեանք վարելով, որու միջոցին ան կը սիրվի այլազան բաներ որ իր կեանգին մէջ պէտք պիտի ունենայ, ուստի այդ պատանին պէտք է կրէ լուռ եւ համբերութեամբ:

Հետաքրքրական է, որ Հրէից մէջ թլբատութեան ուխտը առաջին գործադրող Աբրահամ նահապետ իր որդին թլփատեց ճիշդ արբունքի տարիքին, 13:

Նոյնպէս մկրտութիւնը եւ անուանակոչումը շարունակութիւնն եղած է նոյն հին ընծայումի արարողութեան, աւելի վսեմացած, մարմնականեն դէպի հոգեկան ընծայումի իմաստին:

Ե.- Աղօթք եւ փառաբանութիւն.

Կրօնական բոլոր արարողութեանց գլխաւոր մասն է աղօթքն ու փարաոանութիւնը: Հոմերական գրականութեան մէջ միշտ զոհի մատուցումին հետ է աղօթքը: Իրենց զոհը կը մատուցանեն եւ իրենց աղօթքը կաղօթեն ըսելով, «Հայր Արամազդ, Տէր Թագաւոր Իդայի........»:

Նախամարդուն աղօթքը դից կամ ոգիներու ուղղուած խնդրանք, երդում կամ սակարկութիւն մըն է, եւ ընդհանրապէս իր առօրեայ կարիքներուն գոհացում փնտռել է, յաջողութիւն որսի ատեն, յաղքանակ պատերազմի ատեն, լաւ հունձք ստանալու, եւայլն: Չունի խսեմացած տենչը Աստուծոյ հետ անձնական հաղորդակցութեան մէջ մտնելու:

Նաեւ աղօթքին հետ կապուած է մաքրութեան գաղափարը:

Զ.- Կախարդանք, Մոգութիւն, Ֆէթըշ, Նուսխա, Բժժանք.

Ընդհանրապէս ամէն նախնական կրօնքներուն մէջ կամ զուգընթացները կատարուած են կարք մը մոգական արարքներով, որոնց մէջ մարդ փորցած է իշխել զինք բնութեան վրայ: Ուստի ան կը փնտռէ միջոցներու որոնցմով զանոնք ենդարկել իր իշխանութեան տակ եւ իր փափաքին եւ կարիքին հանացայն:

Բայց մարդը տեսաւ որ պէտք է ինքն ալ իր կարողութիւնը, իր խորամանկութիւնը գործածէ իր նպատակներուն հասնելու համար: Եւ մարդը իր ճարպիկութեամբ գտաւ կարք մը արարկներ որպէսցի կարենայ իր փափաքելի արդիւնքներուն հասնի:

Այս կերպով կախարդութիւնը ու մոգութիւնը մեջտեղ կու գայ: Եւ շատ ազգերու գրականութիւնը լեցուն է այսպիսի գաղտնագիտական աւելորդապաշտութիւններով: Շէյքսփիրի «Մագպէթ» թատերախաղը վհուկներու տեսարաններով հուսուած է:

1.- Ֆէթիշ, մոգական առարկան.

Ֆէթիշը կրօնական հաւատք չէ, այլ մոգական զօրութիւն պարունակեալ կարծուած առարկայի մը ստացումը: Ֆէթիշը կրնայ ըլլալ որեւէ տեսակ առարկայ մը – քար, փայտ, արմատ, ոսկոր, եղջիւր, օձի շապիկ, որեւէ առարկայ. Բաւ է որ արտակարգ պատահար մը ըլլայ անոր ընտրութեան:

Այլ խօսքով կը յասկնանք որ ինքը առարկամն է որ թէ լաւ կողմը ունի եւ թէ իր վատ կողմը եւ ատի ոգիեով լեցուած կ'ըլլայ, բայց ոչ պայման:

Ներկայ մարդուն ծիծաղելի կը թուի այսպիսի արարկներ. Բայց այդ բոլորը իրականութիւններ են, եւ ոչ միայն այդ ժամանակի կային այդպիսի բաներ, այլ ներկայիս ալ կան այդպիսի բաներ. օրինակ մանուկներուն հագուստին կապուած կապոյտ գարը եւայլն բաներ:

2.- Անձերէն առնուած առարկաներու մոգական ոյժը.

Հին թէ նոր մարդիկ կը հաւատային թէ եթէ մէկը մերնի եւ իր այդ արարկան բախտ կը բերէր կարնե եւ ինք կը գործածեր. Օրինակ վերարկումը որ կը պատկանէր անուանի մէջի մը զայն իր ուսին առնողը պիտի կրէ նոյն ոգին:

3.- Նուսխա, Բժժանք եւ եոդմունք դիւոց.

Ինչպէս բարի ոգիները հաճեցնելու, նոյնպէս չար ոգիները վանելու ընդհանրացած կերպն է «Նուսխան» կամ «Մուսղան»: կը հաւատային մարդիկ որ որ հիւանդութիւնները եւ ձախողութիւնները չար ոգիներն են պատճառը: Ինչպէ Ս. գիրքը թէ Հին եւ Նոր ուխսը կակնարկէ:

Ա » վտանգի ու փորձանքի պահպանական գիրքը.

Կ'աղօթեն որպէսզի փուժուին ամէն կախարդութենէ եւ ծարայէն Աստուծոյ:

Բ» Ծննդաբեր կանանց համար, գիրք կիպրիանոսի.

Ատոնց ծագումը ու նշանակութիւնը շատ հին է, եւ բոլոր ազգերու պատմութեան մէջ ծանօթ է: Նաեւ քրիստոնեայ աշխարհն ալ ժարանքեց այդ բարքերը, այնպէս որ Դ. դարուն, Լաւոդիկէի ժողովն արգիլեց քահանային «պահարաններ» գրել: Յոհան Ոսկեբերան հայրապետ սաստկապէս կը հարուածէ ժամանակի բժժանքները, որոնք հիւանդի վիզէն կը կախէին:

Արդ, ինչպէս պիտի բացատրէնք այսքան աշխարհատարած սովորութիւն մը եթէ ոչ այդ մոգական փորձերը հաշուելով իբր սկիզբ մարդկային գիտութեան: Ափրիկէի այդ Մոգ-բժիշկին պատրաստած լուծոյթը բուսական նիւթերէ եւ արմատներէ նախնագոյն քիմագիտական փորձն էր «դեղեր» պատրաստելու:

Ուստի կրօնքի զարգացման ընթացքը ցոյց կու տայ, հնագոյնէն մինչեւ արդի բարձրագոյն աստիծանը.

Իմաստի նոյնութիւնը ձեւի փոփոխութեան մէջ.

Եւ թէ կրօնքի բարեկարգութիւնը եղած է ոչ թէ Հինը կործանելով, այլ Հինը փոխարինելով աւելի վսեմացած նոր ձեւով:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բուզանդ եղիայեան Կրօնքներու Պատմութիւն Անթիլիաս 2005