Jump to content

Նազքայի «Գծագրութիւնները»

Նազքայի «Գծագրութիւնները» կը գտնուին Փերուի հարաւը՝ Նազքա անապատին մէջ:

Անոնք տեսանելի են միայն երկինքէն դիտուած:

Նազքայի գծագրութիւնները հետքերն են Փարաքա եւ Նազքա ժողովուրդներուն, որոնք այդ անապատին մէջ ապրած են եւ մէկը միւսէն ետք, ՔԱ 800 թուականէն մինչեւ ՔԵ 300 թուական:

Անապատի դաշտերուն կամ բլուրներուն վրայ գծագրութիւնները կազմուած են գետնին վրայ յառաջացուած գիծերէ, որոնք տարբեր պատկերներ կը ներկայացնեն: Ամբողջ շրջանին մէջ հարիւրաւոր պատկերներ գոյութիւն ունին: Այդ շրջանի բնակիչները զանոնք ստեղծած են գետնէն հանելով մութ գոյնով քարերը, զորս զետեղած են գիծերուն երկայնքին, կազմելով աւելի բաց գոյնով տարածք մը:

Այս գծագրութիւնները հսկայական են, տասնեակաւոր մեթրեր, երբեմն քիլոմեթրեր: Անոնք տեսանելի են միայն վերէն, մասնագէտները զանոնք կը փնտռեն եւ կ'ուսումնասիրեն օդանաւերով, անօդաչու թռչող սարքերով, կամ նոյնիսկ`անջրպետէն:

Ցարդ մարդկութեան ծանօթ էին 430 գծագրութիւններ, որոնք գտնուած են շուրջ 1927 թուականէն ի վեր:

ճափոնցի գիտնականներ գտած են 303 գծագրութիւններ:

Այս աշխատանքներուն համար գիտնականները դիմած են արհեստական բանականութեան` ուսումնասիրելու համար երկինքէն առնուած նկարները, զանազանելու նոր գտնուած գծագրութիւնները, կազմելու ցանկեր, զանոնք քարտէսներու վրայ զետեղելու: Այս բոլոր աշխատանքները կատարուած են մեքենաներու միջոցով եւ միայն 6 ամսուան մէջ:

Այս պատկերները յաճախ կը ներկայացնեն երկրաչափական ձեւեր, ինչպէս` եռանկիւններ, զիկզակներ, ոլորտագիծեր… Կարելի է զանազանել նաեւ բազմաթիւ անասուններ, ինչպէս` շուն, թռչուն, կէտ եւ օրքա: Ասոնց կողքին կան նաեւ` ծաղիկներ, ծառեր, ձեռքեր եւ կերպարներ:

Անոնց յայտնաբերումէն մօտաւորապէս 100 տարի ետք, մասնագէտները տակաւին չեն գիտեր, թէ այդ պատկերները ինչո՞ւ գծուած են: Արդեօք անոնք կը ծառայէին իբրեւ աստղագիտական օրացո՞յց, կամ գծուած էին պարզապէս աստուածներուն կողմէ տեսանելի ըլլալու համար[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Aveni, Anthony F. Between the Lines: The Mystery of the Giant Ground Drawings of Ancient Nasca. — University of Texas Press, 2000. — ISBN 0-292-70496-8:

The Archaeology and Pottery of Nazca, Peru: Alfred L. Kroeber’s 1926 Expedition / Field Museum of Natural History. — Rowman Altamira, 1998. — ISBN 0-7619-8964-1: