Jump to content

Նազար Պիւյիւմ

Նազար Պիւյիւմ
Ծնած է 9 Ապրիլ 1944(1944-04-09)
Ծննդավայր Կեսարիա, Թուրքիա
Մահացած է 21 Նոյեմբեր 2024(2024-11-21) (80 տարեկանին) կամ 20 Նոյեմբեր 2024(2024-11-20) (80 տարեկանին)
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա
Ուսումնավայր Պոլսոյ համալսարանի գրականութեան բաժին
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ, հրատարակիչ և encyclopedist

Նազար Պիւյիւմ (9 Ապրիլ 1944(1944-04-09), Կեսարիա, Թուրքիա - 21 Նոյեմբեր 2024(2024-11-21) կամ 20 Նոյեմբեր 2024(2024-11-20)), հրատարակիչ, բանաստեղծ։

Կեանք եւ գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Կեսարիա։ Սուրբ Խաչ Դպրեվանքը աւարտելէ ետք ուսանած է Պոլսոյի Համալսարանի Անգլերէն լեզու եւ գրականութիւն բաժինը։

1975-ին երկու ընկերներու հետ միասին հիմնած է «Աժանս Ատա» ընկերութիւնը։

1981-ին այդ ընկերութենէն հրաժարելով հիմնած է «Ատամ» հրատարակչատունը, «Մերքեզ Աժանս»ը եւ «Անատոլու» հրատարակչութիւնը։

Ատամ հրատարակչատունէն լողս տեսած է գրական ու գեղարուեստական բազմաթիւ գիրքեր ու պարբերականներ։

«Անատոլու» հրատարակչութիւնը հրատարակած է «Եուրթ Անսիքլոփետիսի», «Թիւրք եւ Տիւնյա Անսիքլոփետիսի»ի նման գիտելիքի աղբիւր գիրքեր։

1985-ին Օսման Քավալա եւ Սելահատտին Պէյազըթի հետ հիմնած է «Անա Եայընճըլըք»ը, ուր հրատարակած են «Պրիթանիքա» հանրագիտարանի թրքերէն տարբերակը «Անա Պրիթանիքա», «Պրիթանիքա Քոմբթընս» եւ «Թեմել Պրիթանիքա» հանրագիտարանները։

Նազար Պիւյիւմ հեղինակած, խմբագրած եւ թարգմանած է զանազան գիրքեր։

«Ակօս»ի գրողներէն Պիւյիւմ իր «Ակօս»ի յօդուածները հաւաքած է «Յետադարձ Ակնարկ» գիրքի մէջ։ Այդ յօդուածները 1960-ական տարեթիւերէն սկսելով երկրի մշակութային, գեղարուեստական, գրական եւ հրատարակչական միջավայրի մասին շատ կարեւորվկայութիւններ կը պարունակեն[1]։

Միւս կողմէ Կեսարիոյ Տեվելի գաւառէն սկսող եւ Պոլիս շարունակուող կեանքը հայ երիտասարդի մը եւ հայ ընտանիքի մը ապրումները գունագեղ տողերով կը փոխանցէ ընթերցողին[2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Յիշատակում Նազար Պիւյիւմի»։ www.agos.com.tr։ արտագրուած է՝ 2026-01-20
  2. ««Ակօս»ի յօդուածագիրներէն Նազար Պիւյիւմ մահացաւ»։ www.agos.com.tr։ արտագրուած է՝ 2026-01-20