Յուշարձան Երկրորդ աշխարհամարտի ընթացքին զոհուածներուն (Ներքին Հանդ)

Յուշարձան Երկրորդ աշխարհամարտի ընթացքին զոհուածներուն, Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին զոհուածներուն նուիրուած յուշարձան Սիւնիքի մարզի Ներքին Հանդ գիւղին մէջ։
Նկարագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կը գտնուի գիւղէն հարաւ-արեւմուտք, Ներքին Հանդ լքուած գիւղի հիւսիս-արեւելեան եզրին։ Յուշարձանը ներառուած է՝ Ներքին Հանդի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ[1]։
14 Մարտ 2022-էն կը գտնուի Ատրպէյճանի զինուած ուժերու վերահասկողութեան տակ[2]։ Ոչնչացուած է մինչեւ 18 Մարտ 2025, որուն տեղը ատրպէյճանցիները կառուցած են զօրանոց[2]։
Ընդհանուր տեղեկութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տեղադրուած է 1965 թվականին[1]։ Յուշարձանը կը գտնուի գիւղէն հարաւ-արեւմուտք, Ներքին Հանդ լքուած գիւղի հիւսիս-արեւելեան եզրին[1]։
Յուշարձանի ոչնչացում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]14 Մարտ 2022-էն Սիւնիքի մարզի Կապան համայնքի Ներքին Հանդ գիւղէն հարաւ-արեւմուտք գտնուող լքուած Ներքին Հանդ գիւղին մէջ կը գտնուի Ատրպէյճանի զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ[2]։ Այնտեղ կը գտնուին նաեւ գիւղի գերեզմանոցը, գիւղը սնող խմելու ջուրի աղբիւրի ակունքը, 18-19-րդ դարերու եկեղեցին եւ Հայրենական պատերազմի զոհերուն նուիրուած յուշարձանը[2]։ 13 Փետրուար 2024-ին, Ներքին Հանդ գիւղի սահմանամերձ մարտական դիրքերուն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն միջեւ ռազմական բախում տեղի կ'ունենայ, որուն հետեւանքով, հայկական կողմը կ'ունենայ 4 զոհ եւ 1 վիրաւոր[3]։
18 Մարտ 2025-ին, Ներքին Հանդ գիւղի վարչական ղեկավար Խաչատուր Պաղտասարեանը՝ «Հրապարակ» թերթին կը հաղորդէ, որ ատրպէյճանցիները քանդած են Հայրենական պատերազմի զոհերուն յուշարձանը[2]։ Խաչատուր Պաղտասարեանը նշած է, որ գիւղատեղիի գերեզմանոցը իր տեղն է, իսկ յուշարձանի տեղը զօրանոց կառուցուած է[2]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 1,2 Հայաստանի կառավարութեան որոշում N 2322-Ն, 29 Դեկտեմբեր 2005 թ․
- ↑ 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 2,5 ««ՀՐԱՊԱՐԱԿ»․ ՔԱՆԴԱԾ ԵՆ ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՆԴԻ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԸ»։ hraparak.am։ 19 Մարտ 2025 թ․։ արտագրուած է՝ 20 Մարտ 2025 թ․
- ↑ «Ատրպէյճանի կրակին հետեւանքով հայկական կողմը ունի 4 զոհ եւ 1 վիրաւոր»։ hetq.am։ 13 Փետրուար 2024։ արտագրուած է՝ 14 Փետրուար 2024 թ․