Յուշարձան՝ նուիրուած ՀՕՄ-ի 100-ամեակին
Յուշարձան՝ նուիրուած ՀՕՄ-ի 100-ամեակին, կը գտնուի Երեւանի Շէնգաւիթ համայնքի՝ Կոմիտասի անուան զբօսայգիին մէջ, տեղադրուած է 2011 թուականին։
Հեղինակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Յուշարձանի Քանդակագործն է՝ Գէորգ Գէորգեան:
Տուեալներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յուշարձանը կը ներկայացնէ հայ կնոջ կերպարը, որ իր թեւերուն մէջ կը համախմբէ հայրենիքի եւ սփիւռքի հայերուն, որոնք ներկայացուած են կռունկներու տեսքով եւ իրենց շրջանաձեւ թռիչքով կը պատկերեն հայ ժողովուրդի միասնութիւնն ու մէկ ամբողջութիւն ըլլալու իրողութիւնը[1]։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յուշարձանի բացումը տեղի ունեցած է 6 Հոկտեմբեր 2011-ին, որուն ներկայ գտնուած են Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) կեդրոնական վարչութեան անդամներ Շաքէ Պասմաճեանը, Մայտա Մելքոնեանը, պաշտօնեաներ, տեղւոյն եւ արտասահմանեան տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, արտերկրէն ժամանած ՀՕՄ-ի անդամներ[2]։
Յուշարձանը տեղադրուած է տէր եւ տիկին Ճորճ եւ Շաքէ Պասմաճեաններու հովանաւորութեամբ։