Յովսէփ Ենիգոմշեան
Յովսէփ Ենիգոմշեան | |
---|---|
Ծնած է | 1895 |
Ծննդավայր | Քիլիս, Թուրքիա |
Մահացած է | 1978 |
Մահուան վայր | Պէյրութ, Լիբանան |
Մասնագիտութիւն | բժիշկ |
Յովսէփ Ենիգոմշեան (1895, Քիլիս, Թուրքիա - 1978, Պէյրութ, Լիբանան), զաւակն է Քիլիսի ծանօթ ընտանիքներէն Մահտէսի Աղէկ աղա Ենիգոմշեանի որ իր մահկանացուն կնքեց Պէյրութ 1978-ին:
Տոքթ. Ենիգոմշեան ծնած է Քիլիս (Թուրքիա) 1895-ին: Շրջանաւարտ՝ Այնթապի Կեդրոնական Թուրքիոյ Գոլէճէն, Պ.Ա. տիտղոսով, 1914-ին: Նոյն տարին Հոկտեմբերին կու գայ Պէյրութ իբրեւ բժշկական ուսանող՝ Ամերիկեան Համալսարան եւ 1918-ին շրջանաւարտ կ'ըլլայ բժշկի տիտղոսով։ Ամբողջ 4 տարուայ ընթացքին իր դասարանին առաջինը հանդիսացած է, որու համար շրջանաւարտութեան իրեն կը տրուի Special Certificate Of Merit վկայականը։
1918էն ի վեր Տոքթ. Ենիգոմշեան կը ծառայէ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Բժշկական Դպրոցի Ներքին Հիւանդութեանց բաժնին մէջ։
1919-ին կարճ ժամանակուայ մը համար կ'երթայ իր ծննդավայրը։
1921-ին, համալսարանին կողմէ կը ղրկուի Եւրոպա մասնաւոր ուսումնասիրութեանց համար եւ վերադարձին կը նշանակուի Adjunct Prof. of Internal Medicineի։
1929-ին Լոնտոնի համալսարանի բժշկ. ճիւղին մէջ Tropical Medicine դասընթացքին կը հետեւի եւ վերադարձին կը նշանակուի Associate Professor:
1933-34-ին մասնաւոր ուսումնասիրութիւններ կ'ընէ դարձեալ ներքին հիւանդութեանց ճիւղին մէջ Միացեալ Նահանգներ։
1930էն ի վեր Ամերիկեան Համալսարանի բժշկական ճիւղին Ներքին Հիւանդութեանց փրոֆէսոր է։
1948-49-ին դարձեալ տարի մը Հիւս. Ամերիկա կ'անցընէ իբրեւ այցելու Փրոֆ. Medical School Tulane University New Orleansի մէջ։
B.A. եւ M.D.էն զատ ունի նաեւ D.T.M.& H. England եւ, M.R.C.P. London տիտղոսները։
Ըրած է ուրոյն հետազօտութիւններ իր մասնագիտութեան մէջ եւ հրատարակած բազմաթիւ յօդուածներ գիտական պարբերաթերթերու մէջ։ Բազմաթիւ տարիներ իբր ուսուցիչ եւ բժիշկ գործունէութեան բերումով կրցած է կազմել բարեկամներու լայն շրջանակ մը հայերէ, տեղացիներէ եւ օտարներէ, զոր ի սպաս դրած է յօգուտ իր ազգին։ Մասնաւոր կերպով օգտակար եղած հայ-արաբ իրարահասկացողութեան կարեւոր գործին։
1936-ի վրթովիչ դէպքերու ժամանակ, Տոքթ. Ենիգոմշեանի տեղացիներէն կարեւոր անձնաւորութիւններու հետ ունեցած բարեկամութիւնը փրկարար դեր կատարած է։
Տոքթ. Ենիգոմշեան օգտակար եղած է լիբանանահայ գաղութին մասնաւորապէս հետեւեալ չորս մարզերուն մէջ․
- Ազգին առողջապահական վիճակը բարելաւելու ձեռնարկներուն լայնօրէն մասնակցած է.
- 1.Եղած է Հայ Ազգային Բուժարանի Հիմնադիրներէն մին եւ 1920էն ի վեր ատենապետն է Բուժարանի Խնամակալ Վարչութեան։
- Պէյրութի եւ Այնճարի Գարակէօզեան Մանկանց Դարմանատուներու հիմնուելուն մէջ կարեւոր բաժին բերած է։ 1941էն ի վեր այս հիմնարկութեանց Պէյրութի Կեդր. Յանձնախումբին ատենապետն է։
- Հալէպի Թիւֆէնքճեան քլինիքին հիմնուելուն մէջ նաեւ կարեւոր դեր ունեցած է։
- Սանճագի գաղթականներուն Պէյրութ, Այնճար, եւ Սուր տեղաւորման շրջանին կարեւոր ծառայութիւններ մատուցած է։
- Հ.Բ.Ը. Միութեան Նպաստից Յանձնախումբի նախ իբրեւ անդամ եւ ապա իբր Ատենապետ դարձեալ մեծ ծառայութիւն մատուցած է։ Հ.Բ.Ը.Մ.ի այս մարմինը պատերազմի ընթացքին շատ օգտակար եղած է։
- Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի Ա. Կեդր. Վարչութեան իբր Ատենապետ՝ դարձեալ օգտակար հանդիսացած է։ Տոքթ. Յ. Ենիգոմշեան հանրածանօթ բժիշկ մըն է եւ չէ զլացած որեւէ ծառայութիւն բոլորին, առանց ազգի, կրօնքի եւ դաւանանքի խտրութեան։ Ամուսնացած է Օր. Հէլէն Գրաճեանի հետ։ Հայր է հինգ զաւակներու։
Սիրուած է բոլորէն, մեր գաղութին իրապէս օգտակար հանդիսացած անձնաւորութիւն մըն է Տոքթ. Յ. Ա. Ենիգոմշեան[1]:
Բժիշկ Յովսէփ Ենիգոմշեան մահացած է 1978ին, Պէյրութի մէջ:
1987ին, Գարեգին Բ. կաթողիկոս զինք յետմահու պարգեւատրած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Իշխան»ի շքանշանով, Նիւ եորքի մէջ, ձեռամբ Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Աշճեանի:[2]
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. հատոր, Պէյրութ, էջ 422։
- ↑ Staff Asbarez (2023-06-09)։ «Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Յովսէփ Ենիգոմշեան»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ արտագրուած է՝ 2025-05-19