Jump to content

Յովհաննէս Պալայեան

Յովհաննէս Պալայեան
Ծնած է 1929-ին
Մահուան վայր Լոս Անճելըս
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Աշխատավայր հրատարակիչ, = «Քաջ Նազար» երգիծաթերթի խմբագիր, նոյնանուն հեռուստաժամի հաղորդավար

Յովհաննէս Պալայեան (Տ. Մեսրոպեան) (ծնած է Պարսկաստանի Ղազուին շրջան 1929-ին . Մահացած 29 Դեկտեմբեր 2019-ին, Լոս Անճելըս): «Քաջ Նազար» երգիծաթերթի խմբագիր եւ հրատարակիչ, նոյնանուն հեռուստաժամի հաղորդավար: Հայաստանի Որբ եւ Ծնողազուրկ Երախաներու Օժանդակութեան Մարմնի հիմնադիր եւ նախագահ:


Իր ամբողջ կեանքը նուիրած է հայ մշակոյթին, հայ մամուլին, մեր հաստատութիւններուն եւ Հայաստանին: Ազգային-հասարակական գործիչ: Կուսակցական մը չըլլալով հանդերձ, Պալայեան հաւատացողն է Հնչակեան կուսակցութեան ու «Մասիս» շաբաթաթերթի առաքելութեան:

Ազգային-հասարակական կեանքէն ներս Յովհաննէս Պալայեանի ճամբորդութիւնը սկսած էր Պարսկաստանի Ղազուինի շրջանէն, ուր հայրը կը ծառայէր որպէս քահանայ: Ապա ան անցած է Թեհրան եւ վերջապէս Լոս Անճելըս, ուր ան ունեցաւ մամուլի, մշակոյթի եւ բարեգործական երկարատեւ բեղուն գործունէութիւն, որ եկաւ հարստացնելու այս համայնքէն ներս մեր ազգային կեանքը, նպաստեց Լոս Անճելըսահայութեան զարթօնքին ու վերելքին ու սատարեց հայապահպան սրբազան գործին:

Հակառակ իր յառաջացած տարիքին Պալայեան շարունակեց իր գործունէութիւնը նոյն թափով, հաւատքով ու նուիրումով: Անցնող տարին եղաւ վճռական իր համար: Երկար ժամանակ ան գամուած մնաց հիւանդանոցի անկողինին: Շատեր արդէն իսկ հաշտուած էին անխուսափելիին հետ: Սակայն, ան տակաւին ունէր անաւարտ ծրագիրներ: Բժիշկներու կանխատեսումներուն հակառակ, Պալայեան դարձեալ ոտքի ելաւ ու կարողացաւ կազմակերպել ու յաջողութեամբ պսակել Հայաստանի ծնողազուրկ եւ հաշմանդամ երեխաներու ֆոնտի տարեկան թելեթոն-հանգանակութիւնը: Վերադարձաւ հեռատեսիլի իր հաղորդումներուն ու հասցուց ներկայ գտնուելու Սեպտեմբերին Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Լոս Անճելըս կատարած այցելութեան միջոցառումներուն ու ոգեւորուեցաւ այդ բոլորով:

Կարճ ժամանակ ետք Յովհաննէս Պալայեանի դիւաբեկ մարմինը ստիպեց զինք վերադառնալ հիւանդանոց, ուր ան իր աչքերը փակեց 29 Դեկտեմբեր-ին:

Այսպիսով, Լոս Անճելըսի Հայութիւնը կորսնցուց նուիրեալ ու անխոնջ ազգային, հասարակական ու մշակութային վաստակաւոր գործիչ մը, որ իր մեկնումով ետին կը ձգէ մեծ բաց մը: Լոս Անճելըսի Հայութիւնը ընդհանրապէս եւ Իրանահայերը մասնաւորապէս կորսնցուցին այս համայնքէն ներս վերջին հինգ տասնամեակներուն կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած անձնաւորութիւն մը:


«Քաջ Նազար» երգիծաթերթ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քառասուն տարիներ Յովհաննէս Պալայեան իր անհատական ջանքերով հրատարակեց «Քաջ Նազար» երգիծաթերթը, ապա վարեց նոյնանուն հեռատեսիլի հաղորդումը: Ասոնց կողքին, ան կը ստանձնէր Հայրենիքէն գեղարուեստական խումբեր ու արուեստագէտներ հրաւիրելու եւ համերգներ կազմակերպելու ծանր աշխատանքը:

«Քաջ Նազար»-ի էջերուն վրայ Յովհաննէս Պալայեան կը հրատարակէր ոչ միայն երգիծական ու ազգային յոռի փառքերը խարազանող գրութիւններ ու ծաղրանկարներ, այլ նաեւ Պարսկաստանի եւ Լոս Անճելըսի հայկական կեանքի մասին կարեւոր տեղեկութիւններ ու յօդուածներ:

Յովհաննէս Պալայեանի Յիշատակին

Կը Գուժենք Մահը Յովհաննէս Պալայեանի