Յովհաննէս Հիւնքեարպէյէնտեան
| Յովհաննէս Հիւնքեարպէյէնտեան | |
|---|---|
| Ծնած է | 25 Նոյեմբեր 1818 |
| Մահացած է | 28 Դեկտեմբեր 1895 (77 տարեկանին) |
| Մասնագիտութիւն | բառարանագիր |
Յովհաննէս Քհն. Հիւնքեարպէյէնտեան (աւազանի անունով՝ Թադէոս, 25 Նոյեմբեր 1818 - 28 Դեկտեմբեր 1895), հայ բառարանագիր։
Կեանք եւ գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Պոլիս։ Իր հայրը, քահանայ ու գրագէտ եղած է իրեն նման, նոյնպէս կոչուած է Տ. Յովհաննէս Հիւնքեարպէյէնտեան[1]։ Կրթութիւնը ստացած է Մայր Եկեղեցւոյ կից դպրոցին մէջ, ուր անոր հայերէնի ուսուցիչը եղած է ժամանակի նշանաւոր մանկավարժներէն ու մտաւորականներէն մէկը՝ Գրիգոր Փէշտիմալճեանը։
Ուսուցչութիւն ըրած է Կէտիկփաշայի, Խասգիւղի եւ Բերայի թաղերու հայկական դպրոցներու մէջ։
Ամուսնացած է 1849-ին եւ քահանայ ձեռնադրուած՝ Յակոբոս Սերոբեան Պատրիարքի (1839-1840, 1848-1856) կողմէ, 1852-ին։
Յովհաննէս Քահանայ սորված է յունարէն եւ ապա՝ պարսկերէն ու լատիներէն։ Սկսած է ուսումասիրել հայերէն բառերու ծագումը։
1864-ին օսմանեան կառավարութեան կողմէ ղրկուած է Փարիզ իբրեւ վերակացու՝ կառավարութեան կողմէ ղրկուած կամ անկէ կրթաթոշակ ստացած ուսանողներու։
1876-ին վերադառնալով Պոլիս, շարունակած է իր բառագիտական ուսումնասիրութիւնները։
Նկատուած է քաջ յունագէտ եւ երկու տարի իրեն վստահուած է հայերէն Աստուածաշունչի բաղդատականը կատարել յունարէն բնագրին հետ։
Ստուգաբանական բառարան մը կազմած է, որուն հրատարակութիւնը ուշացած է հիւանդութեան պատճառով։ Վերջապէս լոյս տեսած է 1894-ին, սակայն Յովհաննէս Քհն. Հիւնքեարպէյէնտեան մահացած է նոյն տարին՝ 28 Դեկտեմբերին։
Սակայն, հակառակ հեղինակի հայերէնի, ինչպէս եւ վերոյիշեալ լեզուներու իմացութեան, բառարանը խիստ քննադատութեան արժանացած է իր թերիներուն պատճառով, յատկապէս գիտական մեթոտի պակասը եւ լեզուագիտական օրէնքներու բացակայութիւնը։ Ան ջանացած է բառերու ծագումը բացատրել հնչական կամ իմաստային ենթադրեալ նմանութիւններով, առանց փորձելու կանոններ գտնել, որոնք իր վարկածներուն տրամաբանական հիմք ընծայէին։ Այսօր, Յովհաննէս Քհն. Հիւնքեարպէյէնտեանի բառարանը միայն պատմական հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ[2]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Յօդուածներ (1878-1914 թթ.) - ՏԷՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ Ա[ՒԱԳ] ՔԱՀԱՆԱՅ ՀԻՒՆՔԵԱՐՊԷՅԷՆՏԵԱՆ ՍՏՈՒԳԱԲԱՆԱԿԱՆ ԲԱՌԱՐԱՆԻՆ ՀԵՂԻՆԱԿԸ»։ digilib.aua.am։ արտագրուած է՝ 2025-09-01
- ↑ «ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՔՀՆ. ՀԻՒՆՔԵԱՐՊԷՅԷՆՏԵԱՆ (մահ՝ 28 Դեկտեմբեր, 1894)»։ Armenian Prelacy (en-US)։ արտագրուած է՝ 2025-09-01