Յովհաննէս Գայաեան
| Յովհաննէս Գայաեան | |
|---|---|
| Ծնած է | 1864 |
| Ծննդավայր | Հաճի Քէօյ, Տիարպեքիր, Տիարպեքիրի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն |
| Մահացած է | 11 Յունիս 1934[1] |
| Մահուան վայր | Գահիրէ, Եգիպտոս |
| Ուսումնավայր | Էտինպըրկի Համալսարան |
| Մասնագիտութիւն | բառարանագիր |
Յովհաննէս Գայաեան (1864, Հաճի Քէօյ, Տիարպեքիր, Տիարպեքիրի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 11 Յունիս 1934[1], Գահիրէ, Եգիպտոս), հայ բառարանագիր եւ մանկավարժ։
Կենսագրական գիծեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Մարզուանի Հաճի Քէօյ աւանը: Իր անունը սերտօրէն կապուած է Մարզուանի Անաթոլիա գոլէճին: Եղած այն յեղափոխականներէն, որոնք մահուան դատապարտուած են Էնկիւրիի ծանօթ դատավարութեան հետեւանքով, սակայն անգլիական դեսպանատան միջամտութեամբ, կրցած է ազատ արձակուիլ եւ հեռանալ արտասահման:
Գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գայաեան եղած է արդիւնաւոր ուսուցիչ եւ հեղինակ դասագրքերու: Հանրային կեանքի մէջ ալ համարում վայելէած է, իբրեւ պարկեշտ մարդ:
Բողոքական էր, սակայն իր կեանքին մեծ մասը անցուցած է ազգային շրջանակներու մէջ: Եւրոպայի մէջ նախ հետեւեած է Էտինպըրկի անգլիական համալսարանին:
Իրն է հայ լեզուի դասագրքերու շարքը, որ լոյս տեսած է Պոլսոյ մէջ «Մխիթար Պոնտացի» ծածկանունով:
Իր կեանքին վերջին քսան տարիները անցուցած է Եգիպտոս:
Աշխատութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գայաեան 1889ին լոյս ընծայած է «Առաջին Մրմունջք» բանաստեղծական հատորը: Հոն աչքի կը զարնեն Եղիա Տէմիրճիպաշեանի ձօնուած «Ի Դալկահարն», տիկին Տ. 3. Պէրպէրեանի նուիրուած «Ի վաղամեռիկ Գեղանոյշ Աննիկ» ոտանաւորները, ինչպէս նաեւ «Տասնաբանեայ»ն:
1912-ին կը հրատարակէ «Մի մոռնար զիս» քառեակներու սիրուն հատորը, տարուան ամէն մէկ օրուան մէկ քառեակ ձօնուած:
1918-ին Գահիրէի մէջ, ուսուցչապետ-բանաստեղծ Յովհաննէս Սէթեանի հետ պատրաստած է հայերէն լեզուի եւ քերականութեան դասագիրք մը: Հայերէնի թարգմանած է Հէրի Էմըրսըն Ֆոստիքի Աղօթքի նշանակութիւնը (306 էջ), Պոլիս տպուած:
Առաւել կարեւոր է «ԱՌԱՐԱՆ ԳԱՆՁԱՐԱՆ ՀԱՅԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒԻ» հոմանիշներու բառարանը (հրտ. 1938), որուն վրայ աշխատած է 18 տարի, ինչպէս նաեւ «Ի խաչ հան զնա» գրքոյկը, աշխատակցութեամբ Միհրան Գալփաքճեանի։