Յովհաննէս Աճէմեան

Յովհաննէս Աճէմեան, դերասան եւ քանդակագործ ծնած 1840ական թուականին, 1855-1861 կ'աշակերտի Վենետկոյ Մ. Ռափայէլեան վարաժարանին, Պոլիս դառնալով՝ իբր դերասան կը մասնակցի իր ընկերներուն թէ' Պոլիս եւ թէ' Իզմիր: Թատրոնի հանգստեան շրջանին քանդակագործութեան արուեստը առաջ կը տանի եւ անով կ՝ապրի: 1866-ին Բերայի մէջ կազմուած դերասանական նոր խումբին գլխաւոր անդամներն են Յովհաննէս Աճէմեան եւ Արուսեակ: Այս խումբին առաջին ներկայացումը կը տրուի Նաումի թատրոնին մէջ, թատերախաղն էր Ռիսթորիի՝ Յուդիթը զոր թարգմանած էր Թ. Թէրզեան:

1869 Յունուար 11-ին Նաումի թատրոնին մէջ Հայ Դերասանաց Ընկերութիւնը կը ներկայանացնէ Ռոմանոս Սէտէֆճեանի մէկ ողբերգութիւնը. այդ խաղին մէջ աւագ դերակատարը նոյնինկն Յովհաննէս Աճէմեան կ՝ըլլար:

Ամիս մը վերջը՝ Փետրուար 24-ին կը ներկայացուի Սափփով քերթողուհի ողբերգութիւնը, այս թատերախաղին մէջ առաջին դերակատարն էր Յովհաննէս Աճէմեան, իր ընկերներն էին Ադամեան, Վարդովեան, Արուսեակ եւ Երանուհի Գարագաշեան: 1870-ին Կամաւոր ընկերութեան անունով թատերախումբին մէջ կը մտնէ Աճէմեան, ներկայացումները կը կատարուին Քրիսթալ թատրոնին մէջ: 1861-1862 թատերաշրջանի ներկայացումներու շարքին մէջ կը տեսնենք նաեւ Աճէմեանի գրած Կոմիտասին Ցուցակը անունով թատերախաղը: Ունի նաեւ Տիւմա (որգի) Աղեքսանդրի Գամելիագարդ Տիկինի թարգմանութիւնը: Ուրիշ թարգմանութեանց շարքին մէջ կը յիշեմ Աւազակները, Պէլ Էլէն, Բարիզու հնավաճառը, Կճագործը, Պարոն Բուրսոնիաց: Իբրեւ հեղինակութիւն նաեւ Անճարակ Պսակը:

Ժամանակակից հեղինակներ եւ արեւստագէտ անձեր կը վկային թէ Աճէմեան՝ նման Էքշեանի՝ զարգացած դերասան մըն էր: Մուրատեան վարժարանէն վերադարձին՝ պարտպած է քանդակագործութեան: Գերասանական ասպարէզը կը սկսի Սրապիոն Հէքիմեանի խումբին մէջ մտնելով. յետոյ կը մասնակցի Արեւելեան թատերախումբին. Ականատես հանդիսականները հիացուցած է իր թատերական արուեստի վարպետութեամբը. կ'ըսեն թէ «Ժողովուրդէն շատ գնահատուած արուէստագէտ մըն էր անիկա. Խանդավար ծափերու արժանացած»: Իր գրած է Կոմիտասին ցուցակը կատակերգութեան ներկայացումին ինքը միայն երեք դեր կը կատարէ՝ հետզհետէ դէմք, ձայն եւ հագուստ փոխելով, այս մասին տարօրինակ ճարտարութիւն եւ յաջողութիւն ցոյց տուած է:

Աղբյուրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիջ Վարդ. Պատուրեան, Էջ 115-116: