Յովիկ Հայրապետեանի անուան ձիամարզութեան կեդրոն
| Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |

Յովիկ Հայրապետեանի անուան ձիամարզութեան կեդրոն (ՅՀՁԿ) ձիամարզութեան կեդրոն Երեւանի Շէնգաւիթ վարչական շրջանը։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ձիամարզութեան կեդրոնը ստեղծուած է 2002 թուականին, 2003 թուականին վերանուանուծ է Յովիկ Հայրապետեանի անունով։ Յովիկ Հայրապետեանի անուան ձիամարզութեան կեդրոն ակումբը (ՅՀՁԿ) կը հանդիսանայ Հայաստանի Ձիամարզութեան դաշնութեան լիիրաւ անդամ, որուն մարզական հիմնահարթակին վրայ ալ կազմաւորուած եւ հիմնադրուած է Հայաստանի Ձիամարզութեան դաշնութիւնը (FEA), որուն գրասենեակը կը գտնուի ձիամարզութեան կեդրոնէն ներս (ՀՀ, ք. Երեւան, Չարբախ, Շիրակի 39)։
Ձիամարզութեան դաշնութեան մրցաշարերը եւ բոլոր տեսակի միջոցառումները կ'իրականացուին ՅՀՁԿ-ի մարզահարթակներուն վրայ, ուր կան բոլոր յարմարութիւնները եւ մարզական ասպարէսները՝ բարձր որակի մրցոյթներ իրականացնելու համար։ Կեդրոնը ունի գոց ասպարէս (32×72 մ), կ'ապահովէ շուրջամեայ մարզումներ եւ միջոցառումներ իրականացնելու կարելիութիւններ։ Ունի 40 հեքթար տարածք, 1800 մեթր երկարութեամբ վազքուղի, 6 մարզադաշտ՝ 3 աւազէ (80×120 քմ), 2 կանաչ (60×105 քմ) եւ մէկ գոց (30×72 քմ) դաշտ։ Կեդրոնը ունի անգլիական, անգլո-կաբարդինեան, անգլո-բուդիոնովեան, գերմանական, հանովէր-ուքրանական, անգլո-արաբական եւ արաբական ցեղախումբերու ձիեր։ Տարածքէն ներս կը գործէ Jockey ճաշարանը։