Jump to content

Յովասափ

Յովասափ
Մասնագիտութիւն մանրանկարիչ

Յովասափ (), հայ գրիչ եւ մանրանկարիչ՝ 1273-1292 թուականներու։ Կիլիկիոյ մանրանկարչութեան դպրոցի ներկայացուցիչ։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յովասափ եղած է Մոմիկի ուսուցիչը։ Իր քսանամեայ գրչական եւ մանրանկարչական գործունէութենէն ծանօթ են սակաւ երկեր։

1273 թուականին Սկեւռայի մէջ Յովասափի ծաղկած Աւետարանի (Պոլսոյ Թոփգաբու Սարայ թանգարան, ձեռ. № 122) խորաններու, 4 աւետարանիչներու դիմանկարներու, անուանաթերթերու, տէրունական պատկերներու («Ծնունդ», «Մկրտութիւն») եւ լուսանցազարդերու մերձաւորութիւնը «Սմբատ Սպարապետի Աւետարանի» որոշ ձեւաւորումներու հետ կ'ենթադրուի, որ Յովասափինն են նաեւ այդ ձեռագիրի Մատթէոս եւ Մարկոս աւետարանիչներու դիմանկարները։

Հաւանօրէն Յովասափն է հեղինակը նաեւ 1270 թուականին Գռների մէջ ընդօրինակուած Աստուածաշունչի (Մատենադարան, ձեռ. № 345) Մատթէոսի դիմանկարի։

1273 թուականի Աւետարանի համանուն պատկերներու հետ կը նոյնանան Կոպիտառի մէջ ընդօրինակուած ստոյգ թուական չունեցող Աւետարանի (Նոր Ջուղայի մատենադարան, ձեռ. № 57/161) «ԾՆունդ» եւ «Մկրտութիւն» մանրանկարները։

Յովասափի մանրանկարներու զարդաձեւերը կիրարկած են 13-րդ դարու 2-րդ կէսի կիլիկեան մանրանկարիչները։