Jump to content

Յոպնակ

Յոպնակ, ձեռնասայլակ կամ սայլակ՝ ձեռքի տակառնակ, ընդհանրապէս մէկ անիւի վրայ, որ աշխատաւորը կը մղէ առջեւ իր քովէն, պարզ սարք, որ կը գործածէ բեռներու, շինարարական խառնուրդ կամ բետոն տեղափոխութեան համար, որ կը գործածէ հեղիւի սկզբունքը՝ կիրառուած ուժը նուազեցնելու համար[1]:

ձեռքով պատրաստուած միակոլեան յոպնակ:
Աւազանի յոպնակ:
Եւրոպայի մէջ պահպանուած ամէնահին յոպնակը, Ինգոլշտադտ, մօտ 1537 թուական:

Ընդհանրապէս Յոպնակը կը բաղկանայ բեռնային կարասէ, մէկ կամ քանի մը անիւներէ եւ ձեռնակներէ, երբեմն Յոպնակը պատրաստուած է պողպատէ շրջանակէ անիւ(-ներ)ով, որուն վրայ ամրացուած է կարաս:

Կարելի է ենթադրել, որ յոպնակը յայտնագործուած ըլլայ Հին Յունաստանի մէջ: Մ.թ.ա. 408-407 եւ 407-406 թուականներու երկու ցուցակներուն մէջ նշուած է «1 տուփ միակոլեան տրանսպորտային միջոցի համար (hyperteria monokyklou)»: Եթէ 'dikyklos' եւ 'tetrakyklos' հին Յունաստաի մէջ կը նշանակեն երկու եւ չորս կոլեան տրանսպորտային միջոց, եւ միակոլեան տրանսպորտային միջոցի տուփը ցուցակին մէջ կը յայտնուի չորս կոլեան տրանսպորտային միջոցի տուփի եւ անոր չորս կոլեաններու միջեւ, ապա ամենայն հաւանականութեամբ միակոլեան տրանսպորտային միջոցը յոպնակ է եղած[2]:

Բազմաթիւ աւանդութիւններ կը վերագրեն յոպնակի յայտնագործումը Չինաստանի զօրավար եւ պետական գործիչ Չժուգէ Լյանին: Չինական յոպնակի մօտ անիւը շատ աւելի մեծ է, քան եւրոպական յոպնակինըեւ յաճախ կը գտնուի ոչ թէ առջեւի մասին մէջ, այլ ամբողջ կառուցուածքի կեդրոնը:

Միջնադարեան Եւրոպայի մէջ յոպնակը կը յայտնուի 1170 եւ 1250 թուականներու միջեւ: Չինական յոպնակներու համեմատ, ուր անիւը կեդրոնական էր պղինձի տակ, եւրոպական յոպնակներու անիւն ամրացուած էր առջեւի մասին մէջ[3][4]: Հին պատկերները կը հաստատեն այն տեսութիւնը, որ եւրոպական յոպնակը կը զարգանայ նոսիլկի մէջէն, ուր առջեւի նոսիլկը փոխարինուեցաւ անիւով:

Ներկայիս յոպնակները կը պատրաստեն ինչպէս միակոլեան, այնպէս էլ երկկոլեան: Դասական ժամանակակից յոպնակներու կառուցուածքը կը ներկայացնէ պողպատէ խողովակներու հաւաքածու, որոնք միմեանց հետ կը կապուին: Կառուցուածքը ունի երկու կամարաձեւ յենարաններ անիւներու ետեւը: Կառուցուածքը ետեւը կը վերջանայ երկու բռնակներով, որոնց ծայրերուն կրնան ըլլալ կամ ռետինէ բռնակներ, կամ կամար, որ կը կազմուի ծուռ խողովակէ, որ հակուած է բռնակներու վրայ: Անիւները, որպէս կանոն, յագեցուած են օդային շինակներով, որոնք կը բաղկանան շրջանակէ, օդային խցիկէ եւ ծածկոյթէ: Անիւները յակուած են առանցքներու վրայ եւ ամրացուած են կամ շպլինտներով, կամ կանգնակներով, կամ ալ գայկներով: Կառուցուածքի վրայ պղինձի կորպուսը ամրացուած է պտուտակներով: Յոպնակները կը թոյլատրեն փոխադրել քանի մը տասնեակ եւ երբեմն նաեւ քանի մը հարիւր քիլոկրամ բեռ: Գլխաւորաբար կը փոխադրեն ծանր բեռներ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Ландсберг Г.С. Элементарный учебник физики. Том 1. - М., Наука, 1964. - с. 158
  2. M. J. T. Lewis, S.470ff.
  3. «Medieval Technology Pages - Wheelbarrow»։ web.archive.org։ 2006-01-10։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2006-01-10-ին։ արտագրուած է՝ 2025-01-16
  4. M. J. T. Lewis, էջ 453-475