Jump to content

Յիշատակարան

Նարեկի յիշատակարան, ուր նշուած է տպագրութեան հեղինակին եւ տարեթիւին մասին:
Յիշատակարան (տպագրուած 1471 թուականին)

Յիշատակարան, ձեռագիր բնագիրներու վերջաւորութեան եւ ազատ տեղերու մէջ եղած արձանագրութիւն։

Յիշատակարանին մէջ ներկայացուած են տուեալ ձեռագիրի ստեղծման հանգամանքները, յաճախ նաեւ՝ տուեալ ժամանակաշրջանի անցուդարձերը, կենսագրական տեղեկութիւններ ձեռագիրը արտագրողի, կազմողի, ծաղկողի, պատուիրողի եւ ուրիշներու մասին։ Յիշատակարան ձգած են ձեռագրեր ընդօրինակող գրիչները, մանրանկարիչները, կազմողները, ստացողները եւ բոլոր անոնք, որոնք այս կամ այն կերպ առնչուած են տուեալ ձեռագիրին։ Յիշատակարանները ստեղծուած են վիմագիր արձանագրութիւններու օրինակով ու հետնութեամբ եւ տարածուած են յատկապէս հնագոյն քրիստոնեայ ժողովուրդներու՝ յոյներու, հայերու, ասորիներու շրջանին։ Յիշատակարանները ամէնէն աւելի զարգացած եւ ծաւալուած են հայ իրականութեան մէջ՝ ձեռք բերելով իւրայատուկ պատմագրական տեսակի արժէք։

Հայ ձեռագրական յիշատակարանը, սկիզբ առնելով V դարու եւ մեծ վերելք ապրելով XIII—XV դարերուն, յարատեւած է մինչեւ XVIII դար։ Պատմական հաւաստի վաւերագրեր ըլլալով հանդերձ՝ հայկական ձեռագրերու յիշատակարանները արտայայտած են նաեւ ժամանակի գեղարուեստական ճաշակն ու մտածողութիւնը, նոյնիսկ՝ հարստացուցած են միջնադարու հայ քերթուածն ու արձակը։ Յիշատակարանները իրենց բովանդակութեամբ հանդիսացած են սկզբնաղբիւրներ՝ ուսումնասիրութիւն կատարողներուն համար:

Նմոյշներ հայ գրիչներու յիշատակարաններէն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գրիչ Յովհաննէս Մանկասարենցի (1419-1505) աշակերտը՝ Զաքարիան, որ շարունակած է ընդօրինակել անոր կիսատ ձգած վերջին ձեռագիրը, իր ուսուցիչին մասին ձգած է հետեւեալ յիշատակարանը. «ՀԲ(72) տարի՝ ամառն եւ ձմեռն, գիշերն ու ցերեկ ի գրել եկաց: Որ գրեալ եղեւ ձեռամբ նորա Խ(40) Այսմաւուրք եւ Տարեգիրք, իսկ փոքր գիրք՝ Տետր եւ Աղօթամատոյց, Շարակնոց եւ Սաղմոսարան, Մաշտոց եւ Գանձատետր՝ Ծ-Կ(50-60), եւ այլ աւելի, եւ Աւետարանս՝ ԼԲ(32): Եւ զայս գլուխս [գրեաց] ի ծերութեան ժամանակիս, որ աչք չէր հայիլ եւ ձեռքն կու դողայր, բազում չարչարանօք հազիւ կարաց աւարտել, եւ այլ չկարաց գրիչ բռնել մինչ ի վախճանս, որ հանգեաւ ի Քրիստոս ՁԶ(86) ամաց»:

«Լաւ եւ խնամքով պահեցէք [գիրքը], որովհետեւ գիրքը մարդու հոգի է եւ կեանք»:

«Կ'աղաչեմ բոլորին չմեղադրել գիրիս խոշորութեան համար: Այս երկու տարի է, որ աչքս վատացած է, աչք (ակնոց) կը դնեմ ու կը գրեմ»: