Յարութիւն Մուրատեան

Յարութիւն Մուրատաեան
Ծնած է 1870
Ծննդավայր Մարաշ
Ազգութիւն հայ
Մասնագիտութիւն երաժշտութիւն
Աշխատավայր Համալսարանի Դասախօս,
Թարգմանիչ եւ Գրաքննիչ
Ամուսին Մարիամ Գումրուեան
Ծնողներ Հօր անունը Վարդիվար,
մօրը՝ Մարիամ(ծնեալ Չօրպաճեան)
Երեխաներ Տօքթ. Ճէյմս Մուրատեան
եւ Կրէյս Մուրատեան

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յարութիւն Մուրատաեան , Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի 1910-13 շրջանի հայ դասախօսներէն ծնած է Մարաշ 1870-ին, Հօր անունը Վարդիվար, մօրը՝ Մարիամ(ծնեալ Չօրպաճեան): Հայրը քարոզիչ էր, որմէ կը ստանայ իր նախնական ուսումը զոր կը զարգացնէ Սեբաստիաիոյ Ամերիկեան վարժարանին մէջ։ 1889էն սկսեալ կը յաճախէ Այնթապի Գոլէճը, զոր կ՝ աւարտէ 1893-ին։

Իր մասին մանրամասն կերպով կը կարդանք Պրն. Գր. Գալուստեանի «Մարաշ» հատորին 931րդ էջին վրայ որմէ կ՝ ընենք հետեւեալ մէջբերումը.-

«Կ՝ուղարկուի Օպրլին ԳոլէճԵրաժշտանոցի դասընթացքին հետեւելու եւ յետոյ Այնթապի Գոլէճին մէջ երաժշտութիւն ուսուցանելու համար: 1895-ին կը վերադառնայ Այնթապ: 1899-ին կ՝ամուսնանայ Օր. Մարիամ Գումրուեանի հետ: Այնթապի Գոլէճին մէջ 11 տարի կ՝ուսուցանէ երաժշտութիւն, անգլերէն, պատմութիւն եւ ուսողութիւն: Երկրորդ անգամ կ՝էրթայ Ամերիկա եւ Օպրլինի Գոլէճին Արեւտրական Գիտութեանց Ճիւղէն ընթացաւարտ կ՝ըլլայ: 1908-1910՝ ուսուցիչ Կիպրոսի Ամերիկեան վարժարանին, եւ 1910-13՝Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ։ Ընդհ. Պատերազմին, Ա. կարգի թարգման Եգիպտոսի անգլ. բանակին մէջ, եւ Զինադադարին՝ Պոլսոյ մէջ։ 1916 Նոյեմբերէն մինչեւ 1917 Յունիս, բանակէն մասնաւոր արտօնութեամբ կ՝ընկերանայ Եգիպտոսի Առաջնորդ Թորգոմ Եպիս.ին իբր քարտուղար թարգման կարօտեալներու Հնդկաստան նպաստ հանգանակելու համար: 1920-ին կը վերադառնայ Ամերիկա իւ կ՝ուսուցանէ ամերիկեան վարժարաններու մէջ»:

1937-42 պարապեցաւ անգլերէնէ հայերէն թարգմանութիւններ ընելով։ 1942-ին անգլերէն եւ թրգերէն լեզուներու գրաքննութեան պետ կը նշանակուի նիւ եորքի կից, նամակատան մէջ, պաշտօն մը զոր կը կատարէ մինչեւ պատերազմին վերջաւորութիւնը։ Պտերազմէն յետոյ հանգստեան կը կոչուի եւ կը պարապի Հ.Բ.Ը.Մ.ի մասին մերթ ընդ մերթ գրելով։

Փրոֆ. Մուրատեանի ընտանիքէն ողջ են այժմ կինը՝ Տիկ. Մարիամ Մուրատեան, զաւակները՝ Տօքթ. Ճէյմս Մուրատեան, որ կը գործէ Վայթ Բլէյնզ Պուրուքլին, Նիւ Եորք, եւ աղջիկը՝ Կրէյս, կողակիցը Նիւ Եորքաբնակ Պրն. Ճօրճ Քիլարճեանի, ունի նաեւ հինգ թոռներ, ողջ է նաեւ իր եղբայրը՝ Տօքթ. Սամուէլ Վ. Մուրատեան, ատամնաբուժ, Նիկոսիա, Կիպրոս[1]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. հատոր, Պէյրութ, էջ 478։