Jump to content

Յարութիւն Թէրզեան

Յարութիւն Թէրզեան
Ծնած է 1888
Ծննդավայր Տիգրանակերտ
Մահացած է 1941 թուականի Սեպտեմբեր 1-ին:

Յարութիւն Թէրզեան(1888-1941), ծնած է Տիգրանակերտ 1888-ին, Պէյրութ եկած 1902-ին, 1907-ին շրջանաւարտ Ամերիկեան համալսարանէն Պ.Ա. տիտղոսով մաթեմաթիկայի մասնաւոր յիշատակութեամբ։ Երեք տարի մաթեմաթիքյի ուսուցիչ եղած է Ամերիկեան համալսարանին մէջ։ Այս ընթաքին առած է նաեւ Մէսթեր աֆ Արթս ին Ֆիզիքս էնտ մեթէմէթիքս:

1910-ին Ամերիկա զարգացած եւ Սիւրաքիւս Համալսարանի Մեքենիքէլ Էնճինիրինկի չորս տարուան դասընթացքը երեք տարիէն աւարտած է, դասարանին առաջինը հանդիսանալով։ Հրաւիրուած է Ֆիլատէլֆիոյ Եունայթ կեզ Իմբրումենթ ընկերութեան կողմէ աշխատելու որպէս կազի արտադրութեանց մասնագէտ։ Գտած է ինքնուրոյն ձեւ մը կազի երկրորդական տարրերը օգտագործելու, որ կը կոչուի Թերզեան Ֆեքթըր եւ որ դպրոցական բնագիտական դասագիրքերու մէջ անցած է որպէս դասական ձեւ։

1941 թուականի սկիզբը ղրկուած է Գանատա ամերիկեան կառավարութեան կողմէ ուսումնասիրելու համար պատերազմական կազերու պատրաստութիւնը եւ գործածութունը։

Մահացած է 1941 թուականի Սեպտեմբեր 1-ին։ Ունեցած է ամերիկահայ գաղութին մէջ ազգային ժրաջան գործունէութիւն։ Իր եղբօր պէս եղած է կուսակցական եւ Ազատ Որմնադիր[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Ա, Պէյրութ, էջ 325։