Jump to content

Յարութիւն Արմէնեան

Յարութիւն Արմէնեան
Ծնած է 18 Յունիս 1942(1942-06-18)[1]
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Մահացած է 15 Յուլիս 2025(2025-07-15)[2] (83 տարեկանին)
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
Ուսումնավայր Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան և Ճոնս Հոփքինսի Համալսարան
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Յարութիւն Արմէնեան կամ Յարութիւն Գրիգորի Արմէնեան (անգլերէն՝ Haroutune Armenian,18 Յունիս 1942(1942-06-18)[1], Պէյրութ, Լիբանան - 15 Յուլիս 2025(2025-07-15)[2][3]), հայ բժիշկ, հանրային առողջապահութեան տոքթոր (PHD, 1974), ուսուցչապետ (անգլերէն՝ Professor)։ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի նախագահ (1997-2009)։ Պէյրութի, Պալթիմորի Ճընս Հափքինսի համալսարանի համաճարակաբանութեան լսարանի դասախօս, 1994 թուականէն՝ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի առողջապահական գիտութիւններու հետազօտութեան ու զարգացման կեդրոնի տնօրէն[4]։

1989 թուականին Արմէնեանի նախաձեռնութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իրագործուեցաւ հետերկրաշարժային ժամանակաշրջանի համաճարակաբանական հետազօտութիւններ, ուսումնասիրուեցաւ մանկական մահացութիւնը։ Մեղրիկեաններուն նուիրատուութեամբ 1999 թուականին Երեւանի մէջ հիմնադրեց Գ. Մեղրիգեանի անունով կանխարգելիչ ակնաբուժութեան կաճառը (անգլերէն՝ Institute)։ Զբաղեցաւ նաեւ պարբերական հիւանդութեան հարցերով։

1988-2002 թուականներուն եղաւ «Յօդուածներ համաճարակաբանութեան ոլորտում» պարբերականի գլխաւոր խմբագիրը, 1981-1986 թուականներուն՝ համազգային կրթական միութեան կեդրոնական գործադիր վարչութեան, 1980-1982 թուականներին՝ Հայ բժիշկներու լիբանանեան միութեան գործադիր անդամ։ 1996-2002 թուականներուն եղաւ համաշխարհային համաճարակաբանութեան ընկերակցութեան ընդհանուր քարտուղարը։ 1995 թուականէն Հայաստանի հասարակական առողջապահութեան միութեան պատուաւոր նախագահն էր[5][6]։

Յարութիւն Արմէնեանը ծնած է 1942 թուականին Պէյրութի մէջ։ Աւարտած է Պէյրութի Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանը։ Ապա ուսանած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն ներս՝ 1964 թուականին ստանալով պսալաւորի, 1968 թուականին՝ բժշկագիտութեան վարդապետութեան (PHD) աստիճան։ Անկէ ետք ուսումը շարունակած է Պալթիմորի Ճընս Հապքինսի համալսարանէն ներս, որկէ 1971 թուականին ստացախ է հանրային առողջապահութեան մագիստրոսի աստիճան։ 1974 թուականին նոյն համալսարանէն ներս պաշտպանած է վարդապետական աստիճանի ատենախօսութիւն հանրային առողջապահութեան բնագաւառէն ներս։

Յարութիւն Արմէնեանը 1974 թուականէն դասախօսած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանում որպէս համաճարակաբանութեան ասիստենտ-պրոֆեսօր, 1979-1984 թուականներին՝ որպէս կրտսեր պրոֆեսօր, 1984 թուականէ՝ պրոֆեսօր։ 1981-1983 թուականներին եղաւ այդ համալսարանի առողջապահական գիտութիւններու բաժնի դեկանի պաշտօնակատար, 1983-1988 թուականներին՝ դեկանը։ Դեռ ութսունական թուականներէ սկսաւ աշխատակցիլ Պալթիմորի Ճընս Հապքինս համալսարանին՝ 1980-1986 թուականներին եղաւ այդ համալսարանի համաճարակաբանութեան բաժնի աւագ գիտաշխատող, 1986-1987 թուականներին՝ համաճարակաբանութեան հրաւիրեալ պրոֆեսօր, 1988 թուականէ՝ պրոֆեսօր։ Զբաղեցուց նաեւ կարեւոր պաշտօններ այդ համալսարանում՝ 1988-1993 թուականներին եղաւ համաճարակաբանութեան բաժնի ղեկաւարի տեղակալ, 1993-1994 թուականներին՝ պաշտօնակատար։ 1989-1996 թուականներին ղեկաւարեց Ճընս Հապքինս համալսարանի հանրային առողջապահութեան մագիստրոսի կոչում շնորհող ծրագիրը։

Յարութիւն Արմէնեանը 1976-1981 թուականներուն աշխատեցաւ Պահրէյնի առողջապահութեան նախարարութեան մէջ, եղաւ անոր մասնագիտական չափանիշներու եւ համակարգային վերլուծութիւններու բաժնի համադրող։ Արմէնեանն աշխոյժ հանրային ծառայութիւններ մատուցեց մասնագիտական ոլորտէն ներս, բազմաթիւ մասնագիտական կազմակերպութիւններու եւ գիտական ընկերակցութիւններու անդամ է։ 1981 թուականէն Կանխարգելիչ բժշկութեան ամերիկեան քոլէճի, Համաճարակաբանական միջազգային ընկերակցութեան անդամ է, 1996 թուականէն՝ նաեւ վերջինիս գործադիր խորհուրդի քարտուղարը։ 1986 թուականէն ընտրուեցաւ Ճընս Հապքինս համալսարանի գիտնականներու ընկերակցութեան անդամ։ 1989 թուականէն անդամակցեցաւ Համաճարակաբանութեան եւ Համաճարակաբանական հետազօտութիւններու ամերիկեան ընկերակցութիւններուն։

«Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրուած ժամանակ

Իր պտղաբեր գիտահետազօտական գործունէութեան համար Յարութիւն Արմէնեանն արժանացաւ շարք մը ակադեմիական պարգեւներու, որոնց ընդարձակ ցանկը կ՚ընդգրկէ Հիկիենայի եւ հանրային առողջապահութեան միութեան մրցանակը՝ խորհրդատուական եւ դասախօսական աշխատանքի համար, Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան պատուոգիրը, Էրնեստ Լիման Սթէպինսի մետալը կրթութեան գերազանցութեան համար՝ շնորհուած Հիկիենայի եւ հանրային առողջապահութեան դպրոցին կողմէն, Բժիշկներու ընկերակցութեան Ալֆա-Օմեկա-Ալֆա պատուաւոր մրցանակը, եւ այլն․․․ Վերջերս ան արժանացաւ Պրիթանական արքայական բժշկական քոլէճի գործակիցի կոչումին։

Յարութիւն Արմէնեանը հեղինակ է հրատարակուած բազմաթիւ գիտական աշխատութիւններու (տասնհինգ գիրք, եօթանասունչորս հօդուած), համահեղինակ է նաեւ տասնութ գիտական գրքերու, որոնք նուիրուած են համաճարակաբանութեան, հանրային առողջապահութեան, կանխարգելիչ եւ գործնական բժշկութեան խնդիրներուն։ 1989 թուականէն կը հանդիսանայ «Յօդուածներ համաճարակաբանութեան ոլորտում» պարբերականի գլխաւոր խմբագիրը, 1992 թուականէն՝ Համաճարակաբանութեան ամերիկեան ամսագրի խմբագիրներէն է։

Յարութիւն Արմէնեանը 1978 թուականէն ղեկաւարեց շարք մը ծրագիրներ տարբեր երկիրներու մէջ, եղաւ Պահրէյնի, ԱՄԷ-ի, Կատարի, Իրաքի, Լիբանանի, Օմանի, Սաուդական Արապիայի, Գերմանիայի, Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութիւններու, ինչպէս նաեւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան, ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամի, Կարմիր խաչի, «Փրկեցէք երեխաները» կազմակերպութիւններու խորհրդատու։ Ան հայանպաստ գործունէութիւն վարեց բազմաթիւ գիտակրթական, մշակութային կազմակերպութիւններու մէջ։ 1981-1986 թուականներին եղաւ Համազգային կրթական միութեան կեդրոնական գործադիր վարչութեան անդամ։ 1978-1987 թուականներին հանդիսացաւ Պէյրութի Կարակիոզեան հիմնադրամի խորհուրդի անդամ, 1980-1982 թուականներին՝ Հայ բժիշկներու լիբանանեան միութեան գործադիր խորհուրդի անդամ։ 1980-ական թուականներուն երեք տարի շարունակ հանդիսացաւ Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանի ղեկաւար ժողովի անդամ։

Հիմնուելով հայ եկեղեցու երեք հարիւր տարիներու արխիւային նիւթերու վրայ, համաճարակաբանական ուսումնասիրութիւններ իրագործեց 16 երկիրներու վերաբերեալ։ 1988-1993 թուականներուն հայկական հիւանդութեան եւ երկրաշարժի ազդեցութեան հետեւանքներուն նուիրուած հետազօտութիւնը ընդգրկեց շուրջ 39.000 անձեր։ 1993 թուականէն Հայաստանի ազգային առողջապահական կաճառներու գիտական խորհուրդի անդամ է, 1995 թուականէն՝ Հայաստանի հանրային առողջապահութեան միութեան պատուաւոր նախագահը։ 1994 թուականէն եղաւ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի առողջապահական գիտութիւններու բաժնի վարիչ, Առողջապահական ծառայութիւններու հետազօտութեան եւ զարգացման կեդրոնի տնօրէն, 1997-2009 թուականներուն՝ նախագահը։

Գեղանկարչութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յարութիւն Արմէնեանը նկարել սկսաւ Պէյրութում 1976 թուականին՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն[7]։ Ցուցահանդէսներ ունեցաւ Պէյրութի, Լոս Անճելի եւ Երեւանի մէջ։ 2014 թուականին Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի «Ակէեան» ցուցասրահը ներկայացուց Յարութիւն Արմէնեանի «Երանգներ՝ Հայաստան եւ անդին» նկարներու ցուցահանդէսը[8][9]։

  • Է. Լ. Սթէպինսի մետալ, 1995 թ.
  • Մովսէս Խորենացու մետալ, 2001 թ. (Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի 10-ամեակի հոպելեանի կապակցութեամբ եւ գիտակրթական ոլորտին մէջ ձեռք բերուած նուաճումներու համար)
  • Ոսկի խնձոր մրցանակ, 2002 թ.
  • «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» շքանշան, 2007 թ.

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 (unspecified title)
  2. 2,0 2,1 2,2 https://hraparak.am/post/2b0af2891b978a27fdc62d8393bd7a7d
  3. «Մեր Կորուստները. Մահացաւ Հեղինակաւոր Բժիշկ Փրոֆ. Յարութիւն Արմէնեան»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2025-07-19։ արտագրուած է՝ 2025-09-14 
  4. AUA President Dr. Haroutune Armenian Announces Retirement
  5. Ով ով է. Հայեր. Կենսագրական հանրագիտարան, հատոր առաջին, Երևան, 2005 
  6. «Haroutune Armenian, MD»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015 թ․ դեկտեմբերի 7-ին։ արտագրուած է՝ 2015 թ․ հունիսի 25 
  7. Հարություն Արմենյանի ջրաներկի գույները, պաշտոնական կայք
  8. ««Երանգներ` Հայաստան և անդին». գունազարդ աշխարհը Հարություն Արմենյանի վրձնով»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015 թ․ մարտի 15-ին։ արտագրուած է՝ 2016 թ․ փետրվարի 26 
  9. ««Գեղանկարներս Իմ Կենսագրութիւնս Կը Պատկերեն» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Յարութիւն Արմէնեան - Aztag Daily»։ archive.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2025-09-14