Յառաջ (օրաթերթ)
| Այս յօդուածը տուեալ պահուն կը խմբագրէ Վահան մասնակիցը։ Խնդրանք. որեւէ փոփոխութիւն մի՛ կատարէք, մինչեւ այս հաղորդագրութիւնը չհանուի, այլապէս խմբագրման ընդհարումներ կրնան յառաջանալ։ Հաղորդագրութիւնը տեղադրուած է 19 Յունուարին՝ (Երկուշաբթի) ժամը՝ 06:13, եւ զայն չի կրնար պահել աւելի քան 2 օր։ |
Յառաջ օրաթերթ (1925-2009) ֆրանսահայ թերթ, եւրոպայի առաջին հայկական թերթը։
Թերթը կարեւոր դեր խաղաց եւրոպական հայկական սփիւռքի մամուլի պատմութեան մէջ՝ ծառայելով որպէս գլխաւոր տեղեկատուական աղբիւր եւ մշակութային հարթակ։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հիմնադրութիւն (Թիֆլիսէն Երեւան)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յառաջ թերթը հիմնադրուած է Թիֆլիսի մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէն։ Յետագային՝ ցարական Ռուսիոյ հայ յեղափոխականներու հետապնդումներու պատճառով, 1908-ին թերթը կը տեղափոխուի Կարին (Էրզրում), ապա նորէն Թիֆլիս, Պաքու եւ վերջապէս՝ Հայաստանի Անկախութեան շրջանին կը հաստատուի Երեւանի մէջ։ Այս շրջանին թերթը կը պատկանէր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։
Փարիզեան շրջան (1925-2009)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1925 թուականին Շաւարշ Միսաքեանը նորէն հիմնադրեց Յառաջ թերթը Փարիզի մէջ։ Միսաքեան թերթին նոր ուղղութիւն մը տուաւ՝ փոխելով անոր առաքելութիւնը, որպէսզի թերթը դառնայ համայն ֆրանսահայութեան եւ սփիւռքահայութեան թերթը եւ ոչ թէ կուսակցութեան։ Այս փոփոխութիւնը թերթը դարձուց անկախ մամուլական օրգան՝ ծառայելու ամբողջ եւրոպական հայ համայնքին։
Շաւարշ Միսաքեանը մահացաւ 1957 թուականին, եւ անոր մահը յայտարարուեցաւ Յառաջի երեքշաբթի՝ 29 յունուար 1957-ի, 7794 թիւին մէջ։
Արփիկ Միսաքեանի շրջան (1957-2009)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Շաւարշ Միսաքեանի մահէն ետք, անոր յաջորդեց Արփիկ Միսաքեանը, որը տնօրէնութիւնը ստանձնեց 1957 յունուար 30-էն սկսեալ։ Անիկա շուրջ յիսուն եւ երկու տարի խմբագրեց թերթը՝ մինչեւ 2009 թուականին։
Յառաջ օրաթերթի վերջին թիւը հրատարակուեցաւ 2009 մայիս 30-ին։ Թերթը ընդհանուրապէս բաղկացաւ 22,214 թիւէ։
«Միտք եւ Արուեստ» յաւելուածը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յառաջ օրաթերթի հետ մէկտեղ հրատարակուեցաւ «Միտք եւ Արուեստ» անունով շաբաթական մշակութային յաւելուածը, որ դարձաւ եւրոպական հայալեզու գրական կեանքի կարեւոր սատարողներէն մէկը։ Այս յաւելուածը հարթակ ծառայեց գրողներու, բանաստեղծներու եւ մտաւորականներու համար՝ խթանելով հայերէն գրականութեան զարգացումը Եւրոպայի մէջ։