Jump to content

Յաղթանակի կամուրջ (Երեւան)

Յաղթանակի կամուրջ

Յաղթանակի կամուրջ, կամուրջ Երեւանի մէջ: Հրազդան գետի վրայ եօթկամարանի կամուրջ։

Հայրենական մեծ պատերազմէն ետք Երեւանի մէջ մնացած գերմանացի ռազմագերիները Հրազդան գետին վրայ կառուցեցին կամուրջ մը, որ կոչուեցաւ Յաղթանակի[1]։

Կամուրջի ճարտարագետն է Սիմոն Հովնանեանը, ճարտարապետներ՝ Արտաշէս Մամիջանեան, Ա. Ասատրեան։ Կամուրջը կը միացնէ Մաշտոցի եւ Իսակովի պողոտաները։ Երկարութիւնը 200 մեթր է, լայնութիւնը՝ 25, բարձրութիւնը՝ 34։ Կամուրջի ծայրերուն երկու փոքր հրապարակ գոյութիւն ունի։ Կամուրջի աջ ափին Երեւանի քոնեակի գործարանն է, ձախ ափին՝ Երեւանի գինիի գործարանը։ Երթեւեկութիւնը երկկողմանի է, կան նաեւ անցուղիներ հետիոտներու համար[2]:

Կամուրջին հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցած է 25 Նոյեմբեր 1945-ին։ Ընդգրկուած է Կեդրոն վարչական շրջանի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]