Յակոբ Նալպանտեան
| Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
| Յակոբ Նալպանտեան | |
|---|---|
| Ծնած է | 1901 |
| Ծննդավայր | Այնթէպ, Հալէպի գաւառ, Հալէպի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն |
| Մասնագիտութիւն | երաժիշտ |
Յակոբ Նալպանտեան, Այնթապէն սերած երաժիշտ:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Այնթէպ, 1901֊ին։ Իր նախնական ուսումը ստացած է Վարդանեան Կրթարանի ու Քիլիսի նախակրթարաններուն մէջ։ Դեռահասակ Յակոբ` երաժշտութեան տաղանդ ցոյց կու տայ փոքր տարիքին, եւ իր աւագ եղբայրը, Գէորգ Նալպանտեան, երաժշտագէտ եւ Եթոպիոյ կայսերական նուագախումբին վարիչը, կը քաջալերէ ու կը մարզէ իր կրտսեր Եղբայրը։ Իր արուեստը կատարելագործելով` Յակոբ յայտնի ջութակահար մը կը դառնայ եւ Հալէպի մէջ նուագահանդէսներ կը սարքէ ու իր նուագախումբով կը քաջալերէ դպրոցական ու ազգային հանդիսութիւնները։
Աղբիւր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Պատմութիւն Այնթէպի Հայոց, Բ. հատոր