Յակոբ Մանճիկեան
Յակոբ Մանճիկեան | |
---|---|
Ծնած է | 1924 |
Ծննդավայր | Քեսապ, Լաթաքիոյ Գաւառ, Լաթաքիոյ մարզ, Սուրիա |
Մահացած է | 19 Հոկտեմբեր 2019 |
Մահուան վայր | Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Յակոբ Մանճիկեան կամ Յակոբ Կարապետ Մանճիկեան (անգլերէն՝ Hagop Manjikian, 1924, Քեսապ, Լաթաքիոյ Գաւառ, Լաթաքիոյ մարզ, Սուրիա - 19 Հոկտեմբեր 2019, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), հայ ազգային-հասարակական գործիչ, հրապարակախօս եւ հեղինակ։ Ան նշանակալի դերակատարութիւն ունեցած է Արեւմտեան Ամերիկայի հայ համայնքի կազմակերպական կառոյցներու հիմնադրման եւ զարգացման մէջ, մասնաւորաբար Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ։[1][2][3]
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մանկութիւն եւ կրթութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յակոբ Մանճիկեան ծնած է 1924-ին Սուրիոյ Քեսապ շրջանի Գարատուրան գիւղը։ Ան անդրանիկ զաւակն էր Հայոց Մեծ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած Կարապետ եւ Վիքթորիա Մանճիկեաններուն, եղբայրը՝ Վահան Մանճիկեան։ Կարապետ Մանճիկեան՝ Յակոբի հայրը, Այնթապի քոլէճէն շրջանաւարտ եւ Գարատուրանի ու Քեսապի վարժարաններուն ուսուցիչ էր։[1][2][3]
Յակոբ մեծցած է ազգային-գաղափարական հարուստ մթնոլորտի մէջ։ Իր նախնական կրթութիւնը ստացած է գիւղի ծխական վարժարանին մէջ, ապա յաճախած է Քեսապի Ուսումնասիրաց Երկրորդական վարժարանը։ Այնուհետեւ, աւարտած է Լաթաքիոյ Պուքա Ֆրանսական արհեստագիտական ուսումնարանը։
Մանուկ տարիքէն, Մանճիկեան հայրենասիրական սնունդ ստացած էր Քեսապի մէջ։ Ան, իր երիտասարդ տարիքին, իրազեկ դառնալով քուրտերու Արարատի յեղափոխութեան մասին, առանց ծնողներուն իմացնելու, կ՚ուղղուի դէպ ի հիւսիսային Իրաք, արեւմտեան Հայաստան մեկնելու մտադրութեամբ։ Սակայն այնտեղ կը յանդիպի հայդուկապետ Լեւոն Փաշա Շաղոյեանին, որ զինք կը համոզէ, որ պիտի չկարենայ հայաստան հասնիլ։[1][2][3]
Գործունէութիւն եւ գաղթ Ամերիկա
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աշխատանքի որոնումներով, Յակոբ ճամբորդած է Արեւելեան Ասիոյ (գաղութատիրական անուանումով՝ Միջին Արեւելք) զանազան քաղաքներ՝ ներառեալ Եաֆա (Պաղեստին), Պէյրութ եւ Ամման, ուր աշխատած է տեղւոյն արհեստանոցներուն մէջ։[1][2][3]
Կեանքի դժուարութիւններու պատճառով, ան 1950-ին լքած է իր ընտանեկան բոյնը եւ մեկնած է Ամերիկա, նախ հաստատուելով Նիւ Եորք, ապա՝ Լոս Անճելըս։ Հոն հիմնած է իր սեփական արհեստանոցը՝ «Արմօ Մըշին Քամփընի» ընկերութիւնը, որ գործած է մօտ կէս դար։ Ընկերութիւնը մասնագիտացած էր բարձրորակ արհեստագիտական մետաղաշինական գործերու մէջ եւ ապսպրանքներ կը ստանար անջրպետանաւերու, օդանաւաշինութեան, նաւաշինութեան, քարիւղարդիւնաբերութեան ընկերութիւններէն, նոյնիսկ Ամերիկեան բանակէն։
Աշխատանքային օրուան աւարտէն ետք, Յակոբ կը նուիրուէր իր իսկական գործին՝ Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ հայկական կազմակերպչական ենթակառոյցներու հիմնադրման եւ զարգացման։ Անոր նպատակն էր պահել հայերը միասնական, որպէսզի հայ Սփիւռքը կենդանի մնայ եւ հայ քաղաքական կազմակերպութիւնները հետամուտ ըլլան Հայ Դատի լուծման։[1][2][3]
Ընտանեկան կեանք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1957-ին Սուրիա այցելութեան ընթացքին, ան հանդիպած է Քնար-Ռիթա Աւետեանին, որուն հետ ամուսնացած է 1958-ին եւ վերադարձած Ամերիկա։
Քնար-Ռիթա Աւետեան-Մանճիկեանը հանդիսացած է Յակոբի ազգային-կուսակցական գործունէութեան, ինչպէս նաեւ բանասիրական եւ ուսումնասիրական աշխատանքներուն մշտական աջակիցը։ Անոնք ունեցած են երեք դուստրեր՝ Թամար, Սալբի եւ Վիքթորիա։ Դուստրերը մկրտուած են Գարատուրանի եկեղեցւոյ մէջ, ուր Յակոբ անոնց տարած է իրենց մօր՝ Քնարի հետ, պահելու համար կապը իր արմատներուն հետ։[1][2][3]
Ազգային-հասարակական գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յակոբ Մանճիկեան իր ամբողջ կեանքը նուիրած է հայ ազգին։ Ան կանուխէն անդամակցած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (Հ.Յ.Դ.) եւ երկար տարիներ վարած է[1][2][3]՝
- Լոս Անճելըսի «Հայ Կեդրոնի» ատենապետութիւնը
- «Հայաստանի Անկախութեան Ամերիկեան Յանձնախումբի» (այժմ՝ Հայ Դատի Յանձնախումբ) գործավարութիւնը (1953-էն սկսեալ)
- Հ.Յ.Դ.-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի հերթապահութիւնը (տասնեակ տարիներ)
1957-ին, ան հանդիսացած է «Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութեան» Լոս Անճըլըսի մասնաճիւղի հիմնադիրներէն մէկը եւ մշակած է անոր կանոնագրութիւնը։
Ազգային հերոս Սողմոն Թեհլիրեանի հետ սերտ գործակցութեամբ, ան կազմակերպած է Հ.Յ.Դ.-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն։ Թեհլիրեանի մահէն ետք, Մանճիկեան ղեկավարած է Սողմոն Թեհլիրեանի յուշարձանի կառուցման նախագիծը Ֆրեզնոյի մէջ, որ եղած է Միացեալ Նահանգներու մէջ առաջին հայկական նահատակներու յուշարձանը։
1965-ին, իր ղեկավարած յանձնախումբի ատենապետութեամբ կառուցուած է Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած Քալիֆորնիոյ Մոնթեպելլոյի յուշարձանը։ 1968-ին այս յուշարձանի բացումին, 15,000 հայեր ու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա. ներկայ եղած են։
1969-ին Մանճիկեան եղած է Հայ Ազգային Կոմիտէի (ՀԱԿ) Արեւմտեան շրջանի հիմնադիր նախագահը։
Մանճիկեան հանդիսացած է հիմնադիրներէն մէկը Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ՝
- «Համազգային» մշակութային միութեան
- Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (ՀՄԸՄ)
- Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Երկրորդական Վարժարանի[1][2][3]
Հրապարակախօսական եւ հրատարակչական գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յակոբ Մանճիկեան հիմնադիրն ու ղեկավարը հանդիսացած է Հայ Ազգային Ռատիոժամին, որուն համար 1978-ին, իր կողակիցին օժանդակութեամբ, մէկ ու կէս տարի շարունակ պատրաստած է շաբաթական յայտագիրներ, որոնք կը պարունակէին լուրեր, հայկական դասական երաժշտութիւն եւ մշակութային բովանդակութիւն։[1][2][3]
50 տարի անդադար աշխատակցած է «Ասպարէզ» օրաթերթին՝ որպէս յօդուածագիր։
1990-ին, Հ.Յ.Դ.-ի 100-ամեակին առիթով նախաձեռնած եւ իրագործած է խմբագրութիւնն ու հրատարակութիւնը «Յուշամատեան-Ալպոմ Ատլաս» հատորներուն՝
- Առաջին հատորը՝ 1992-ին
- Երկրորդը՝ 2001-ին
- Առաջինին անգլերէն հրատարակութիւնը՝ 2006-ին
Այս հատորները պատրաստելու համար, Մանճիկեանը եւ իր կինը՝ Քնարը, ճամբորդած են Փարիզ եւ Պոսթըն՝ պրպտելու համար հազարաւոր լուսանկարներու արխիւներ եւ հաւաքելու համար 650 կարեւոր հայ ազատամարտիկներու կենսագրութիւնները։ Այս բոլոր հրատարակութիւնները իրականացած են իր կողակիցին՝ Քնար Ռիթա Աւետեան-Մանճիկեանի անմիջական խմբագրական օժանդակութեամբ։
2018-ին, իր կեանքի վերջալոյսին, Մանճիկեան կազմեց եւ հրատարակեց իր վերջին հատորը՝ Քեսապի Ուսումնասիրաց Վարժարանի առաջին 30 տարիներու պատմութիւնը, որ հիմնուած էր 1909-ին։ Այս դպրոցէն շրջանաւարտ եղած էին Գարեգին Ա. Կաթողիկոսը եւ բազմաթիւ տնօրէններ ու ուսուցիչներ, որոնք գործած էին Միջին Արեւելքի մէջ։ Գիրքը հրատարակուեցաւ Դեկտեմբեր 2018-ին Անթիլիասի մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ։[1][2][3]
Թարգմանական գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]80 տարեկանին, Մանճիկեան նախաձեռնած է թարգմանութիւնը եւ հրատարակութիւնը «Ցեղասպանութեան Յուշերու Մատենաշարին» (6 հատորներ), իր կողակիցին հետ միասնաբար։ 2005-ին, անոնք ստեղծեցին «Հայոց Ցեղասպանութեան Գրադարան Հաւաքածոն» եւ հրատարակեցին վեց գիրքեր գրուած վերապրողներու եւ ականատեսներու կողմէ՝ 1915-ի ջարդերուն եւ տեղահանութիւններուն։
Մատենաշարը կը պարունակէ հետեւեալ հատորները՝
- Արմէն Անոյշի՝ «Դժոխքէն Անցքը» (Passage Through Hell)
- Միքայէլ Շանդանճեանի՝ «Մահացու Գիշերը» (The Fatal Night)
- Շահէն Տէրտէրեանի՝ «Մահուան Տողանցքը» (Death March)
- Սեպուհ Ակունիի՝ «Միլիոն մը հայերս» Ջարդի Պատմութիւնը (The Crime of the Ages)
- Արամ եւ Տիրուհի Աւետեաններու՝ (Տիկ. Քնար Ռիթա Աւետեան-Մանճիկեանի ծնողքը)՝ «Ճակատագրի Դիմադրել» (Defying Fate)
- Մ. Սալբիի՝ «Մեր Խաչը» (Our Cross)[1][2][3]
Պարգեւատրումներ ու Գնահատականներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յակոբ Մանճիկեան արժանացած է հետեւեալ պատուոյ տիտղոսներուն եւ մեծարանքներուն՝
- 2001-ին՝ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի շնորհած «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին, իր տարած ազգանուէր գործերուն համար
- 2005-ին՝ ԱՄՆ-ի քոնկրէսական Հաուըրտ Պըրմանի մեծարանքի գրութեան, «Դժոխքէն Անցքը» գիրքի հրատարակութեան համար
- 2014-ին՝ ԱՄՆ-ի քոնկրէսական Ատամ Շիֆի մեծարանքի գրութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հինգ յուշագրութիւններու հրատարակութեան համար
- 2014-ին՝ Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանի պատուոյ հանդիսութեան, Ամերիկահայ համայնքին նուիրական ծառայութեան համար եւ յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով ջանքերուն համար[1][2][3]
2019-ի սկիզբը, Յակոբ Մանճիկեանի առողջական վիճակը կը վատթարանայ։ Պահելով մտքի պայծառութիւնը, ան օր ըստ օրէ կը հիւծուի եւ 94 տարեկանին, կեանքը կ՚աւանդէ 19 Հոկտեմբեր 2019-ին, Լոս Անճըլըսի իր բնակարանին մէջ, շրջապատուած իր ընտանիքի անդամներով։[1][2][3]
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն պաշտօնապէս գուժեց անոր մահը։ Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ 2 Նոյեմբեր 2019-ին, Ֆորեսթ Լօն գերեզմանատան մէջ։ Քառասունքի պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 24 Նոյեմբեր 2019-ին, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցւոյ մէջ։[1][2][3]
Տե՛ս նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 1,10 1,11 1,12 1,13 «ՅԱԿՈԲ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ ԻՐ ՄԱՀԿԱՆԱՑՈՒՆ ԿՆՔԵՑ – Գանձասար» (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2025-04-06
- ↑ 2,00 2,01 2,02 2,03 2,04 2,05 2,06 2,07 2,08 2,09 2,10 2,11 2,12 2,13 admin (2019-10-22)։ «Մեր Կորուստները. Հասարակական – Կուսակցական Գործիչ Յակոբ Մանճիկեան Իր Մահկանացուն Կնքեց»։ Նորություններ Արցախից aparaj.am (hy-AM)։ արտագրուած է՝ 2025-04-06
- ↑ 3,00 3,01 3,02 3,03 3,04 3,05 3,06 3,07 3,08 3,09 3,10 3,11 3,12 3,13 Staff Asbarez (2019-11-27)։ «Remembering Hagop J. Manjikian»։ Asbarez.com (en-US)։ արտագրուած է՝ 2025-04-06