Մուհամմատ

Մուհամմատ (570 – 8 Յունիս 632) Արաբ կրօնական, ռազմական եւ քաղաքական առաջնորդ էր եւ Իսլամին հիմնադիրը։ Իսլամի համաձայն, ինք մարգարէ մըն էր, որ աստուածային ոգեշնչումով կը քարոզէր եւ կը հաստատէր Ատամի, Նոյի, Աբրահամի, Մովսէսի, Յիսուսի եւ ուրիշ մարգարէներու միաստուածային ուսուցումները։ Մահմետականներու համար ինք Մարգարէներու Կնիքն է, եւ Քուրանի հետ միասին, իր ուսուցումներն ու նորմատիւ օրինակները Իսլամական կրօնական հաւատքին հիմքը կը կազմեն։
Աւանդական պատումին համաձայն[1], Մուհամմատ ծնած է Մեքքայի մէջ, Ղուրէյշի ցեղատոհմին ազնուական Պանու Հաշիմ տոհմէն։ Ինք Աբտուլլահ իպն Աբտ ալ-Մութալիպի եւ Ամինա բինթ Վահպի որդին էր։ Իր հայրը՝ Ապտուլլահ, ցեղատոհմի առաջնորդ Ապտ ալ-Մութալիպ իպն Հաշիմի որդին, մեռաւ Մուհամմատի ծննդեան շուրջ։ Իր մայրը՝ Ամինան, մեռաւ երբ ինք վեց տարեկան էր, Մուհամմատը որբ թողելով։ Ինք մեծցաւ իր մեծհօր՝ Ապտ ալ-Մութալիպի, եւ հօրեղբօրը՝ Ապու Թալիպի խնամքին տակ։ Յետագայ տարիներուն, ինք պարբերաբար կը մեկուսացնէր ինքզինք Հիրա անունով լեռնային քարայրի մը մէջ՝ մի քանի գիշեր աղօթքի համար։ Երբ ինք 40 տարեկան էր, 610ի շուրջ, Մուհամմատ պատմեց որ Գաբրիէլ այցելեց իրեն քարայրին մէջ եւ Աստուծմէ իր առաջին յայտնութիւնը ստացաւ։ 613ին,[2] Մուհամմատ սկսաւ հրապարակաւ քարոզել այս յայտնութիւնները[3] հռչակելով որ «Աստուած Մէկ է», որ Աստուծոյ (Ալլահ) լիակատար «ենթարկութիւնը» (Իսլամ) կեանքի ճիշդ ճամբան է (տին)[4] եւ որ ինք Աստուծոյ մարգարէն ու պատգամաւորն էր, Իսլամի ուրիշ մարգարէներուն նման։
Մուհամմատի հետեւորդները սկիզբը քիչ թիւով էին եւ 13 տարի Մեքքացի բազմաստուածականներու հալածանքին ենթարկուեցան։ Շարունակական հալածանքէն խուսափելու համար, ինք 615ին իր հետեւորդներէն ոմանք ղրկեց Աբեսինիա, նախքան ինք եւ իր հետեւորդները Մեքքայէն Մետինա (այն ատեն Եաթրիպ անունով ճանչցուած) 622ին գաղթեցին։ Այս իրադարձութիւնը՝ Հիճրա, Իսլամական օրացոյցին սկիզբը կը նշէ, որ նաեւ Հիճրի թուական կը կոչուի։ Մետինայի մէջ, Մուհամմատ ցեղատոհմերը միացուց Մետինայի Սահմանադրութեան տակ։ 1629ի Դեկտեմբերին, ութ տարի Մեքքացի ցեղատոհմերու հետ ընդմիջող կռիւներէ ետք, Մուհամմատ 10,000 Մուսուլման դարձածներու բանակ մը հաւաքեց եւ Մեքքա քաղաքին վրայ երթեւեկեց։ Նուաճումը մեծամասնութեամբ անվիճարկելի անցաւ, եւ Մուհամմատ քաղաքը գրաւեց նուազագոյն կորուստներով։ 632ին, Հրաժեշտի Ուխտագնացութենէ վերադառնալէ մէկ քանի ամիս ետք, ինք հիւանդացաւ եւ մահացաւ։ Իր մահուան ատենը, Արաբական Թերակղզիին մեծ մասը Իսլամ դարձած էր։
Յայտնութիւնները (ուահի) որոնք Մուհամմատ կը պատմէր որ կը ստանար մինչեւ իր մահը, Քուրանի համարները (այահ) կը կազմեն, որուն վրայ Իսլամը հիմնուած է, եւ Մուսուլմաններուն կողմէ Աստուծոյ բառացի խօսքը եւ իր վերջին յայտնութիւնը կը նկատուին։ Քուրանէն զատ, Մուհամմատի ուսուցումներն ու գործելաոճերը, որոնք կը գտնուին փոխանցուած հաղորդումներու մէջ՝ հատիթ անունով ճանչցուած, եւ իր կենսագրութեան (սիրա) մէջ, նաեւ կը պաշտպանուին եւ Իսլամական օրէնքի աղբիւրներ կը գործածուին։ Իսլամէն զատ, Մուհամմատ գովասանք ստացած է Սիխիզմի մէջ իբրեւ ոգեշնչիչ դէմք, Տրուզական հաւատքին մէջ իբրեւ եօթը գլխաւոր մարգարէներէն մէկը, եւ Պահայի Հաւատքին մէջ իբրեւ Աստուծոյ Յայտնութիւն մը։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Lewis Bernard (1995)։ «Part III: The Dawn and Noon of Islam – Origins»։ The Middle East: A Brief History of the Last 2,000 Years։ New York: Scribner։ էջեր 51–58։ ISBN 978-0-684-83280-7
- ↑ Howarth, Stephen. Knights Templar. 1985. 978-0-8264-8034-7 p. 199.
- ↑ Muhammad_Mustafa_Al-A'zami (2003), The History of The Qur'anic Text: From Revelation to Compilation: A Comparative Study with the Old and New Testaments, pp. 26–27. UK Islamic Academy. 978-1-872531-65-6.
- ↑ Ahmad, 2009