Մութն էր երկինքը, ոչ ոք չտեսաւ
«Մութն էր երկինքը, ոչ ոք չտեսաւ...», Յովհաննէս Թումանեանի բանաստեղծութիւններէն՝ գրուած 1892 թուականին[1]։
Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Յովհաննէս Թումանեան այս բանաստեղծութիւնը գրած է 22 Յունուար 1892-ին[1]։
Բնագիրը չէ պահպանուած։
Առաջին անգամ տպագրուած է 1892 թուականին «Մուրճ» ամսագիրի 2-րդ թիւին մէջ (էջ 263), նոյնութեամբ՝ Մոսկուայի՝ 1892 թուականին լոյս տեսած Յովհաննէս Թումանեանի բանաստեղծութիւններու երկրորդ հատորին մէջ (էջ 106)։
Մասնակի փոփոխութիւններով եւ առանց վերնագիրի տպագրուած է Պաքու՝ 1908 թուականին լոյս տեսած Յովհաննէս Թումանեանի բանաստեղծութիւններուն (էջ 30), ապա՝ Երեւան՝ 1940-1959 թուականներուն լոյս տեսած Յովհաննէս Թումանեանի երկերու ժողովածուի գիտական հրատարակութեան առաջին հատորին մէջ (էջ 87)[1]։
Արտատպուած է Պաքու՝ 1908 թուականին լոյս տեսած ՅովհաննԷս Թումանեանի բանաստեղծութիւններուն երկերու ժողովածուին մէջ[1]։