Jump to content

Մորֆու

Մորֆու(յուն․՝ Μόρφου), Մորֆուն հին եւ պատմական քաղաք մըն է, որ կը գտնուի Կիպրոսի հիւսիս-արեւմուտքը։ Յայտնի է իր գեղեցկութեամբ, համով նարինջի դաշտերով, ջինչ ծովերով։[1]

Քաղաքը ունի հին եկեղեցիներ, քարէ շէնքեր ու փոքրիկ միջնաբերդեր, որոնք կը պատմեն քաղաքի ապրած բազմաթիւ ժողովուրդներու մասին։

Աղիօ Մաման Մորֆուի ամէնէն յայտնի հին ու գեղեցիկ եկեղեցիներէն է։ Կը գտնուի քաղաքին կեդրոնը եւ շատ սիրուած է ժողովուրդին կողմէ։ Եկեղեցին ոչ միայն աղօթատեղի է, այլեւ՝ փոքրիկ հանդիպումներու ու համայնքային ժողովներու վայր։ Ան կը պահէ քաղաքի հին ժամանակներուն պատմութիւնը։[2]

1974-էն առաջ Մորֆուն, խաղաղ եւ աշխոյժ շրջան մըն էր, ուր մարդիկ կը մշակէին հողը, կը զուարճանային միասին եւ ունէին ջերմ համայնք մը։ 1974-ի իրադարձութիւններէն ետք տեղացիներէն շատեր ստիպուեցան հեռանալ, բայց չմոռցան իրենց տուները։ Այսօր Մորֆուն կը գտնուի Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած Կիպրոսի հիւսիսային շրջանին մէջ, բայց կը մնայ յոյսի եւ վերադարձի նշան այն մարդոց համար, որոնք այդ շրջանէն են։[3]

Ծանօթագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «History» (en-US)։ արտագրուած է՝ 2025-12-10
  2. «Agios Mamas Church | Visit Solea»։ www.visitsolea.com։ արտագրուած է՝ 2025-12-10
  3. «Η Μόρφου χθες και σήμερα» (el-GR)։ արտագրուած է՝ 2025-12-10