Մորթային Լէիշմանախտ – Լէիշմանիա Մորթավէրք

Մորթային Լէիշմանախտ – Լէիշմանիա Մորթավէրքը (Cutaneous Leishmaniasis) մորթի բորբոքումային հիւանդութիւն մըն է:

Հիւանդութեան Յարուցիչը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անոր յարուցիչը «Լէիշմանիա» միաբջիջ մակաբոյծն է (parasite): Անիկա կը փոխանցուի մարդոց Ֆլեպոթոմըս (Phlebotomus) կոչուած էգ աւազաճանճի (sandfly) խայթուածքով:

Անոնք ընդհանրապէս կը խայթեն գիշերուան ժամերուն: Այս աւազաճանճը պզտիկ, 2 միլիմեթր մեծութեամբ ճանճ մըն է, որ կրնայ պարզ ցանցերու ծակտիկներէն անցնիլ: Այս ճանճերը կ'ապրին նախընտրաբար կղկղանքին, կենդանական աղբին, կղկղախառն աղտոտ ջուրերուն վրայ, անտառներու եւ տիղմերու մէջ:

Հիւանդութեան Յայտնաբերում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բժիշկներ` Լէիշման եւ Տոնովան անջատաբար առաջին անգամ գտած են այս մակաբոյծը եւ նկարագրած են հիւանդութիւնը գիտականօրէն` 1903-ին: Ուստի հիւանդութիւնը անուանուած է Լէիշմանի անունով:

Մորթային լէիշմանախտը կը պատահի մարդոց, շուներուն եւ մուկերուն: Ուստի շուները եւ մուկերը նկատուած են լէիշմանիա մակաբոյծի առաջնահերթ շտեմարանը:

Տարածում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս հիւանդութիւնը տեղաճարակային (endemic) է Ափրիկէի, Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Ամերիկայի երկիրներուն մէջ: Հազուադէպօրէն ան տեսնուած է նաեւ Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներուն մէջ: Այս հիւանդութիւնը անգլերէնով կոչուած է նաեւ tropical sore, oriental sore (այրեցեալ գօտիի վէրք, Արեւելքի վէրք):

Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ առաջին անգամ լէիշմանիա մորթավէրքը տեսնուած է 1745-ին եւ այդ թուականէն սկսեալ ան ճանչցուած է նաեւ որպէս Aleppo boil (Հալէպի վէրք):

Այսօր աշխարհի 88 երկիրներու մէջ լէիշմանիա մորթավէրքը գոյութիւն ունի տեղաճարակային ձեւով: Ամբողջ աշխարհի մէջ ամէն տարի 1,5-2 միլիոն պարագաներ կը յայտնուին: Ան յաճախ համաճարակի (epidemic) ձեւով կը յայտնուի կարգ մը երկիրներու մէջ, ուր առողջապահական պայմանները եւ կոյուղիներու ցանցը կը վատթարանան ու կը դառնան վտանգաւոր, աւազաճանճերը կը տիրապետեն կացութեան, ժողովուրդը կ'ապրի անբնական պայմաններու մէջ` աղքատութիւն, սնունդի եւ ջուրի պակաս, վրաններու եւ գաղթակայաններու մէջ կեցութիւն:

Լէիշմանիա մորթավէրքը կը յայտնուի զանազան երկիրներու մէջ` տեղաճարակային վայրերու մէջ գործող եւ ապրող մարդոց ճամբորդութեան պատճառով: Անոնք խայթուած կ'ըլլան նախքան իրենց ճամբորդութիւնը եւ հիւանդութիւնը կը յայտնուի ճամբորդութենէն ետք:

Յ. Հիսայեան «Հայ բուժ»-ի Յունուար 1939-ի թիւ 52-ի ամսուան թիւին մէջ Հալէպի վէրքը անուանած է «Աւուր»: Ան գրած է, որ աւուրը միջագետքի հիւանդութիւն մըն է եւ շատ տեսնուած է Ուրֆայի, Սեւերեկի եւ Մարտինի մէջ, ու շատեր զայն կոչած են Հալէպի վէրք: Յ Հիսայեան նկարագրած է այս մորթային հիւանդութիւնը եւ նշած է, որ վէրքը դարմանուելէն ետք մինչեւ մահ կը մնայ վարակուողին դէմքին վրայ` իբրեւ կնիք:

Վարակում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աւազաճանճը նախ կը խայթէ լէիշմանիա մակաբոյծով վարակուած անձ մը կամ անասուն մը եւ կ'իւրացնէ այդ մակաբոյծները իր մէջ: Ապա ան կը խայթէ առողջ անձ մը եւ իր խայթոցին միջոցով կը վարակէ առողջ մարդ մը կամ անասուն մը: Խայթոցը կը պատահի ընդհանրապէս դէմքին վրայ եւ մարմինի որեւէ մէկ մասին վրայ, որ չէ ծածկուած, այսինքն` սրունքներուն, ոտքին, թեւերուն եւ ձեռքերուն վրայ: Հազուադէպօրէն ան կրնայ պատահիլ շրթունքներուն արտաքին եւ ներքին բաժիններուն վրայ, ինչպէս նաեւ` բերնին մէջ եւ լեզուին ու քիմքին վրայ:

Այս մակաբոյծին թխսաւորումը (incubation period) կը տեւէ 2-8 շաբաթ, այսինքն ախտանշան-վէրքը կը յայտնուի խայթուելէ 2-8 շաբաթ ետք: Խայթոցին տեղը կը սկսի կարմրիլ, պզտիկ կարմիր բշտիկ մը կը յայտնուի, որ կը մեծնայ ժամանակի ընթացքին եւ կը վերածուի բարձր եզրով, կլորաձեւ եւ կամ տարբեր ձեւերով վէրքի մը: Չդարմանուելու պարագային, վէրքը կը թարախոտի եւ կը վերածուի խոցի (ulcer): Ամիսներ ետք խոցը կեղեւ մը կը կազմէ եւ ժամանակ մը վերջ բոլորովին կը սպիանայ` ձգելով ներքաշուած հետք մը մորթին վրայ: Վէրքը թարախոտ վիճակի մէջ կը մնայ ամիսներ եւ սպիացումը 1-2 տարի կը տեւէ:

Ընդհանրապէս մէկ խայթոցէ մէկ վէրք կը յառաջանայ, սակայն երբեմն մէկէ աւելի վէրքեր կը տեսնուին նոյն խայթուածքին վայրը: Ասոնք կրնան միաձուլուիլ եւ կազմել մէկ խոշոր վէրք մը: Կրնայ պատահիլ, որ վէրքը ինքնաբերաբար շուտով սպիանայ եւ ապաքինում տեղի ունենայ: Տկար ախտամերժութիւն (immunity) ունեցողներու եւ մարդկային ախտամերժողականութեան ժահրով տառապողներու մօտ վէրքը շատ ուշ կը սպիանայ:

Հալէպի վէրքին ախտաճանաչումը կը կատարուի մասնագէտ մորթաբուժներու կողմէ: Երկու ձեւերով կը կատարուի ախտաճանաչումը. առաջին` վէրքէն պզտիկ քերթուածք մը կը վերցուի եւ մանրադիտակով կը քննուի տեսնելու համար լէիշմանիա մակաբոյծ. երկրորդ` վէրքի հեղուկէն օրինակ մը կ'առնուի եւ յատուկ քննութեամբ ախտաճանաչումը կը կատարուի:

Դարմանում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մորթային լէիշմանախտին դարմանումը շատ դժուար էր ժամանակին: Ներկայիս գոյութիւն ունի անոր դարմանը ծարիրային (antimonial) դեղերու միջոցով: Դարմանումը կը տեւէ 20 օր: Բարելաւումը կը սկսի դարմանումէն մօտաւորապէս երկու ամիս ետք, եւ սպիացումը տեղի կ'ունենայ 12 ամիս ետք:

Սակայն այս նոր դեղերը կրնան յառաջացնել լուրջ բարդութիւններ, օրինակ`

  • շարոյրի եւ լեարդի բորբոքում,
  • արիւնակուտային երակաբորբ (thrombophlebitis),
  • մարմնական ընդհանուր ցաւ,
  • յօդացաւ,
  • յոգնածութիւն,
  • ստամոքսա-աղիքային խանգարում,
  • լեարդի աշխատանքի դանդաղում
  • լեարդի ներխմորներու (enzymes) բարձրացում,
  • արեան տկարութիւն,
  • արեան ճերմակ գնդիկներու նուազում,
  • սրտի անբնական գործունէութիւն եւ նոյնիսկ մահ:

Այս դեղերը կը գործածուին ուղղակի վէրքին վրայ` իբրեւ օծան, կամ` կլլելով եւ երակային ճամբով: Դեղերու գործածութեամբ հիւանդներուն 85-90 տոկոսը ապաքինում կ'ունենայ, սակայն նաեւ` սպիացած վէրք մը:

Հակառակ որ այս դեղերը ունին իրենց կողմնակի վնասները եւ բարդութիւնները, սակայն անոնց գործածութիւնը պարտաւորիչ կը դառնայ հետեւեալ պարագաներուն.

  • վէրքի երկարատեւ բորբոքում,
  • յօդերու վրայ վէրքի գոյութիւն,
  • մէկէ աւելի վէրքերու գոյութիւն,
  • աւշագեղձերու յայտնութիւն եւ ծաւալում,
  • տկար ախտամերժութիւն եւ մարդկային ախտամերժողականութեան ժահրի գոյութիւն:

Քիմիադարմանումը (chemotherapy) այլ ընտրանք մըն է դարմանումի համար:

Տեսնուած է, որ հիւանդներէն շատերը դարմանումէն ամիսներ ետք ախտադարձութիւն (relapse) կ'ունենան, այսինքն՝ հիւանդութիւնը կը վերանորոգուի:

1939-ին, հայկական շրջանակներու մէջ որոշ ժողովրդային դեղամիջոցներ գործածուած են, որոնցմէ է՝ «Խառնուրդ մը կազմել երեք-չորս տեսակ խոտերէ, մասնաւորապէս` մարիամ խոտէ, ատա թէյէ եւ մանանեխէ: Այս բոլորը ծեծել քիչ քանակութեամբ իւղի հետ եւ վէրքը ծածկել-օծանել այս իւղոտ խառնուրդով: Վէրքը նախ կը վառի, ապա կը թարախոտի: 1-2 օր ետք վէրքը մաքրել եւ դարձեալ օծանել զայն նոր պատրաստուած իւղոտ խառնուրդով»:

Մինչեւ օրս անոր դէմ բժիշկ-գիտնականներ պատուաստ մը չեն գտած, սակայն հսկայական աշխատանք եւ ուսումնասիրութիւններ կը կատարուին գտնելու համար այդ պատուաստը:

Երրորդ աշխարհի կարգ մը երկիրներու մէջ ժողովրդային դարմանամիջոց մը կը կիրարկուի, որ կը կոչուի ինքնապատուաստում (autoimmunization): Անիկա կը կատարուի հետեւեալ ձեւով. լէշմանիա մորթավէրքի հեղուկէն եւ կամ հիւսկէնէն պզտիկ բաժին մը կը վերցուի եւ կը զետեղուի ոտքին եւ կամ թեւին վրայ, որպէսզի ինքնավարակում կատարուի:

Այս հիւանդութիւնը 2016-ին Միջին Արեւելքի մէջ համաճարակի վիճակ ստացած է, մանաւանդ` Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Թուրքիոյ մէջ: Այս երեւոյթը հետեւանքն է կարգ մը իսլամական երկիրներէ միլիոնաւոր բնակիչներու արտագաղթին եւ այլ երկիրներու մէջ գաղթակայաններու ստեղծման, գաղթակայաններու վատառողջ վիճակին, առողջապահական պայմաններու չգոյութեան, ջուրի եւ սնունդի պակասին:

Կանխարգիլում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մակաբուծային այս հիւանդութիւնը կանխազգուշական միջոցներով կարելի է նուազեցնել հետեւեալ ձեւերով.

  • նուազեցնել աւազաճանճերու թիւը,
  • բարելաւել միջավայրին առողջապահական պայմանները,
  • բարելաւել գաղթակայաններու կոյուղիները,
  • քնանալ ապահով զովացուցիչ սարքերով օժտուած սենեակներու մէջ,
  • հեռու մնալ աւազաճանճերէ,
  • գործածել ճանճացանցեր-ճանճարգելներ (nets), ճանճասպան դեղեր, ճանճավան (repellent) դեղեր,
  • երկար թեւով շապիկ հագնիլ,
  • տեղաճարակային վայրերու մէջ մուկերու դէմ պայքարիլ:

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • EID journal, CDC (Center for disease control and prevention), September 2017
  • Iamat, Travel health journal, 2017
  • Leishmaniasis in the Syrian conflict, London school of hygiene and tropical medicine, 2017
  • Revisiting leishmaniasis in the time of war in the Syrian conflict and the Lebanese outbreak, International journal of infectious diseases, December 2014
  • War and infectious diseases, Chalenges of the Syrian civil war, PLoS Pathog., November 2014
  • Twenty years of cutaneous leishmaniasis in Aleppo, Syria, transactions of the royal society of tropical medicine and hygiene, November 1997
  • Hidden casualities of war, Cutaneous leishmaniasis, Duke student global health review, March 2017
  • Աւուր, Յ. Հիսայեան, Հայ բոյժ, յունուար, 1939