Jump to content

Մոտի (ժապաւէն)

Մոտի
Մոտի ժապաւէնին դերակատարները
Maudie
Բեմադրիչ Այսլինկ Ուոլշ
Արտադրիչ Պոպ Քուբըր
Մերի Եանկ Լեքի
Մերի Սեքսթոն
Սուզան Միւլեն
Երաժշտութիւն Մայքլ Թիմինզ
Արտադրող
ընկերութիւններ
Rink Rat Productions
Screen Door
Parallel Films
Թողարկման
թուական

2 Սեպտեմբեր 2016 (Telluride) 14 Ապրիլ 2017 (Գանատա)

Յուլիս 2017 (Իրլանտա)
Տեւողութիւն
116 վայրկեան
Երկիր Իրլանտա
Գանատա
Լեզու Անգլերէն
Պիւտճէ $9․7միլիոն

Maudie. շարժարուեստի կենսագրական ժապաւէն։ 2016-ի Իրլանտայի եւ Գանատայի միասնական արտադրութիւն։ Բեմադրիչն է Էյսլինկ Ուալշ (Aisling Walsh), իսկ դերակատարներն են Սալի Հոքինզ (Sally Hawkins) եւ Իթան Հոք (Ethan Hawke

Ֆիլմը առաջին անգամ կը ցուցադրուի Թելուրիտ ֆիլմի փառատօնին (Telluride Film Festival) 2016-ին։ Ընտրուած էր Թորոնթոյի Ֆիլմի միջազգային փառատօնին շնորհանդէսի բաժնին, իսկ ուրիշ փառատօներու ընթացքին շահած է պատգառելի թիւով մրցանակներ։

Ժապաւէնը կ՛անդրադառնայ ժողովրդային գեղանկարիչ Մոտիին կեանքին մասին։ 1930-ական թուականներուն Մոտի կ՛ապրէր իր եղբօր՝ Չարլսին եւ քեռկին Իտային հետ։ Ան, երիտասարդ տարիքէն յօդախտութենէ կը տառապէր, իսկ իր ընտանեկան պարագաները կասկածի տակ առած էին իր կարողութիւնները։ Մոտի, կը սարտչի երբ կ՛իմանայ թէ եղբայրը ծախած է իրենց ընտանեկան տունը։ Անտուն, որպէս տնային տնտեսուհի կը տեղախոխուի ձկնավաճառ Էվըրեթ Լիուիսին (Everett Lewis) բնակարանը, երբ տեղական թերթին մէջ կը կարդայ ձկնավաճառին կողմէն դրուած «տունի սպասուհի մը կ՛ուզուի» ծանուցումը։ Հակառակ թէ երկուքն ալ տարբեր նկարագրի եւ բնաւորութեան տէր անձեր են, կ՛ամուսնանան։

Փոքրիկ տան մէջ, Մոտի կը սկսի պզտիկ գեղանկարչութիւններ ընել։ Զայն կը քաջալերէ ամուսինին յաճախորդներէն՝ Նիու Եորքի բնակիչ Սանտրան։ Կամաց կամաց, Մոտիին գեղանկարչութիւնները լայն ժողովրդականութեան կ՛արժանանան։ Նոյնիսկ, այդ օրերուն Ա․Մ․Ն․ փոխ-նախագահ Ռիչըրտ Նիքսըն կը գնէ իր մէկ գեղանկարչութիւնը։ Մոտի եւ ամուսինը հանդէս կու գան հեռատեսիլի կայանէն։

Քեռկինը՝ Իտա, Մոտիին կը խոստավանի թէ իր ծնունդ տուած աղջիկ զաւակը չէ մեռած եւ կ՛ապրի (Մոտի վաղ երիտասարդութեան ժամանակ յղի մնացած էր)։ Հաւատալով թէ ան, ի տեղի չէ զաւակ մեծցնել, աղջնակը որդեգրութեան տւոած են բարեկեցիկ ընտանիքի մը։ Էվըրեթ, զայն ինքնաշարժով կը տանի զաւակը որդեգրած ընտանիքին բանակարանը ու Մոտի հեռուէին առաջին անգամ կը տեսնէ մեծցած աղջիկը, որ երջանիկ կեանք ապրողի երեւոյթ ունի։

Սակայն, Մոտիին յօդախտութիւնը կը վատթարանայ եւ Մոտի իր աչքերը կը բակէ հիւանդանոցին մէջ։ Իր վերջին խօսքերը ուղղուած են Էվըրեթին, որուն կ՛ըսէ թէ ինք, իրմէ սիրուած կը զգայ։

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]