Jump to content

Մովսէս Արծկեցի

Մովսէս Արծկեցի
Ծնած է անյայտ
Մահացած է անյայտ
Ազգութիւն Հայ[1]
Մասնագիտութիւն գրիչ և մատենագիր

Մովսէս Արծկեցի, հայ ժամանակագիր, Արծկէի վանքին մէջ հիմնուած գրչութեան կեդրոնի վարդապետ։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ան որդին էր Դանիէլ քահանայի եւ Հայխաթունի։ ԾՆած է շուրջ 1440-ին։ Իբրեւ դպիր յիշուած է 1460-ին։ Հայրը յայտնի գրիչ մը եղած է, ինքն ալ հետեւած է հօր արուեստին եւ դարձած է «քաջ քարտուղար»։ Ունեցած է երկու որդիներ՝ Միքայէլ եւ Անանիա:

Գրչադրական իր աշխատանքներէն կարելի է յիշել հետեւեալները․

  • Գանձարան, օրինակած եւ ծաղկած է 1472–ին, Արծկէ քաղաքին մէջ, ի վայելումն որդւոյն՝ Միայելի,
  • Յայսմաւուրքի մը Երկրորդ Հատորը, օրինակած է 1481–ին, Արծկէի մէջ, Մկրտիչ կրօնաւորի խնդրանքով,
  • Շարական, օրինակած է 1482–ին, Թումայ կրօնաւորի համար,
  • Ժողովածոյ Տաղարան, օրինակած է 1485–ին, Ամիթի մէջ, ի վայելումն Համշիրաք եղբօր տէր Յովանիսին»,
  • Ճառընտիր, օրինակած է 1491–ին, Արծկէի մէջ, գործակցութեամբ Յակոբ գիրչի, տանուտէր Խալիֆի խնդրանքով, Ձեռ. Երեւանի Մատենադարան, թիւ 4822,
  • Մեկնութիւն Կաթողիկեայց Թղթը՝ Սարգսի Շնորհալւոյ, որենակած է 1493–ին, Արծկէի մէջ. ելաթայ Վարդան Եպիսկոպոսին համար —

Մովսէս Արծկեցի գրած է նաեւ տաղաչափեալ «Տարեգրութիւն» երկը, որուն հեղինակային ձեռագիր-բնագիրը ժամանակին գտնուած է Բաղէշի (Պիթլիս) Ամրtոլու վանքի ձեռագիրի մը գանձարանին մէջ։

Արծկեցի մեծ գրչական գործուէութիւն ծաւալել 1480-90-ական թուականներուն։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Հայկական սովետական հանրագիտարան, հատոր 8 — հատոր 8. — է. 39–40.
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։