Jump to content

Մոմ

Մոմը լուսաւորութեան համար օգտագործուող նիւթ մըն է, որ պատրաստուած է մոմեղէնէ կամ ուրիշ այրող նիւթերէ, որոնք վառելով լոյս կը սփռեն։ Անիկա կրնայ նաեւ ջերմութիւն տալ կամ ժամանակ չափելու համար օգտագործուիլ։

Մոմերու պատմութիւնը շատ հին է։ Մարդիկ մոմ օգտագործած են հազարաւոր տարիներ առաջ՝ ամբողջ աշխարհին մէջ։ Շատ երկար ժամանակ մոմերը եղած են տան մէջ լուսաւորութեան գլխաւոր միջոցը։

Թէեւ այսօր կան ելեկտրական լոյսեր, սակայն մոմերը տակաւին կը գործածուին տարբեր նպատակներով՝ օրինակ՝ կրօնական արարողութիւններու, յուշերու, զարդարանքի կամ բոյր տարածելու համար։

Առաջին մոմերը պատրաստուած էին մեղրամոմէն։ Այս մոմերը շատ սուղ էին, եւ զանոնք կ'օգտագործէին միայն եկեղեցիները եւ հարուստ մարդիկ։ Փոխարէնը, հասարակ ժողովուրդը կ'օգտագործէր մոմեր, որոնք աւելի աժան էին, բայց բոյրն ու տեսքը՝ աւելի տհաճ։

Ժամանակի ընթացքին մարդիկ կը սկսին նոր նիւթերով մոմեր պատրաստել։ Ամէնէն տարածուածը կ'ըլլայ փարաֆինի մոմը։ Այս մոմը աւելի մատչելի կը դառնայ՝ շնորհիւ արդի արտադրական միջոցներուն։

Մոմերը կարելի է դնել մոմակալներու, ճաճանչակալներու (candelabras), լամբերու կամ պատի վրայ ամրացուած սիւներու (sconces) մէջ[1]։

Ինչպէ՞ս կը վառի մոմը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երբ մոմին թելը վառի, ջերմութիւնը կը հալեցնէ մոմը[2]։

Անցեալին, մոմերուն թելերը պէտք էր միշտ կարճ (կտրել), որպէսզի մոմը ուղիղ այրէր եւ չծխար։ Իսկ ժամանակակից մոմերու թելերը պատրաստուած են, որ իրենք իրենց այրին եւ կը կարճնան[3]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]