Մոխրիկը (ֆիլմ)

(Վերայղուած է Մոխրիկը (տեսաժապաւէն, 1950)-էն)
Cinderella
Պատկեր:Cindyposter.jpg
Գրագէտ Շառլ Փերրօ
Արտադրող
ընկերութիւններ
Walt Disney Productions
Թողարկման
թուական
15 Փետրուար 1950
Տեւողութիւն
75
Երկիր ԱՄՆ
Լեզու անգլերէն
Պիւտճէ 2.5 միլիոն
Շահոյթ 263.6 միլիոն

«Մոխրիկը» (անգլերէն՝ Cinderella), ամերիկեան, երաժշտական տեսաժապաւէն, ստեղծուած՝ Ուոլթ Տիզնի ընկերութեան կողմէն, 1950- ին՝ Շառլ Փերոյի Մոխրիկը համանուն հեքիաթին հիման վրայ։ Տիզնի աշխատանոցը ժապաւէնին վրայ կը ծախսէ 2.5 միլիոն տոլար եւ 6 տարի՝ ժամանակ (1944-1950)։ Ժապաւէնին համար կը գրուին 6 երգ, որոնք կապուած են նիւթին հետ եւ կ'ընդգծեն առաւել կարեւոր տեսարանները։

Նիւթ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժապաւէնին գլխաւոր կերպարը Մոխրիկ անունով աղջիկ մըն է, որ կ'ապրի իր իրական հօր, խորթ մօր եւ երկու խորթ քոյրերուն հետ։ Հօր մահէն յետոյ խորթ մայրը ցոյց կու տայ իր ողջ ատելութիւնը Մոխրիկին հանդէպ եւ զայն կը դարձնէ իրենց տան սպասուհին։ Օրէ օր Մոխրիկը աւելի կը գեղեցկանար եւ բացի անկէ՝ ան ունէր չափազանց բարի սիրտ եւ հոգի։ Ան ունէր շատ ընկերներ, որոնք անասուններ էին։ Օր մը թագաւորը հրաման կը տարածէ, որ թագաւորութեան բոլոր երիտասարդ աղջիկները պէտք է գան պալատ, որպէսզի իշխանը ընտրէ իր ապագայ կինը։ Մոխրիկը եւս կը ստանայ հրաւէր, բայց խորթ մայրը կ'ըսէ, որ ան կարող է մասանկցիլ պարահանդէսին միայն այն ժամանակ, երբ մաքրէ ամբողջ տունը եւ գտնէ իրեն համապատասխան զգեստ։ Զգեստի հարցը կը լուծեն մկնիկները՝ կարելով իրեն համար գեղեցիկ զգեստ մը։ Բայց քոյրերը տեսնելով այդ գեղեցիկ զգեստը կը պատռեն զայն եւ կը մեկնին պարահանդէսի իրենց մօր հետ։ Այդ ժամանակ կը յայտնուի Փերին եւ կու տայ մոխրիկին այն ամէնը, ինչ որ պէտք է պարահանդէսին համար։ Վերջացնելէն ետք Փերին կը զգուշացնէ, որ կէս գիշերէն յետոյ կախարդանքը կ'անհետանայ։ Պարահանդէսի ժամանակ, երբ իշխանը կը տեսնէ Մոխրիկը, անմիջապէս կը բռնէ իր ձեռքը եւ այլեւս բաց չի ձգեր։ Բայց շուտով կը մթննայ եւ կը դառնայ կէս գիշեր։ Մոխրիկը զարկերը լսելով կը փախչի աստիճաններուն վրայ ձգելով իր կօշիկը։ Արքան կը հրամայէ ամբողջ թագաւորութիւնով փնտռել անյայտ գեղեցկուհին կօշիկին միջոցով։ Յաջորդ առաւօտեան թագաւորութեան մէջ լուր կը տարածուի, թէ որու ոտքին կը յարմարի կօշիկը, ան կը դառնայ իշխանին հարսնցուն։ Խորթ մայրը կը հասկնայ, որ այդ գեղեցկուհին Մոխրիկն է եւ կը բանտարկէ զայն սենեակին մէջ։ Մինչ երկու աղջիկները կը փորձեն իրենց մեծ ոտքերուն յարմարցնել փոքրիկ կօշիկը, մկնիկները խորթ մօր գրպանէն կը հանեն սենեակին բանալին եւ կ'ազատեն Մոխրիկը։ Մոխրիկը կը մտնէ հիւրասենեակ, որպէսզի փորձէ կօշիկը, բայց խորթ մայրը կը կոտրէ զայն։ Բայց կը պարզուի, որ միւս ոտքի կօշիկը դեռ Մոխրիկի մօտ էր։ Ժապաւէնը կ'աւարտի հարսանիքի տեսարանով։

Դերերը հնչիւանւորեցին[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հետաքրքիր փաստեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Մոխրիկի մասին պատմող հեքիաթներ կան բոլոր մշակոյթներուն մէջ։ Ամէնահին հեքիաթը չինականն է։ Տիզնիյի այս տեսաժապաւէնը ստեղծուած է ֆրանսական հեքիաթի հիման վրայ։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]