Jump to content

Մշոյ դաշտ

Մշոյ դաշտ

Մշոյ դաշտ, Մուշի դաշտ, Տարօնի դաշտ կը գտնուի Հայկական լեռնաշխարհին մէջ՝ Արեւելեան Եփրատի միջին հոսանքին մօտ, կը զբաղեցնէ Մեծ Հայքի Տարօն նահանգի մէկ մասը։

Մշոյ դաշտը կը տարածուի Պուլանըխ եւ Հայկական Տաւրոս լեռնաշղթաներուն միջեւ, Մեղրագետի աւազանին մէջ: Մշոյ դաշտը ալիքաւոր մակերեւոյթով աստիճանաձեւ իջուանք է Հայկական Տաւրոսի համակարգին մէջ։ Երկարութիւնը մօտ 65 քմ.է։ Կը գտնուի 1200-1500 մ. բարձրութեան վրայ։ Մշոյ դաշտին մէջէն կը հոսիԱրածանին՝ ընդունելով Մեղրագետը։ Կլիման ցամաքային է, Յունուարին շուրջ 0-էն մինչև 4 °C աստիճան է, Յուլիսին 24-26 °C։ Կը յատկանշուի տափաստանային բուսածածկոյթով։ Գետահովիտներուն եւ նախալեռնային ձորակներուն մէջ կը հանդիպին նօսր անտառներ եւ թփուտներ։ Մշոյ դաշտին մէջ բնակող հայերը կը զբաղին հողագործութեամբ եւ անասնապահութեամբ։ Մշոյ դաշտը Արեւմտեան Հայաստանի խիտ բնակութիւն ունեցող եւ արգաւանդ շրջաններէն էր[1]։

Ըստ աւանդութեան, Աստղիկ դիցուհին ամէն գիշեր կը լոգնար Մշոյ դաշտէն հոսող Արածանի գետին մէջ։ Սիրահարուած երիտասարդները կը հաւաքուէին մօտակայ բարձունքին վրայ, որպէսզի տեսնէին աստուածուհին։ Սակայն Աստղիկը աննկատ մնալու համար դաշտը կը պատէր մշուշով, որուն պատճառով ալ երկիրը կոչուած է Մուշ, դաշտը՝ Մշոյ դաշտ[2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]