Մկրտիչ վրդ ջլղատեան
Մկրտիչ Վրդ. Ջլղատեան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կեանքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Դատվան (Բաղէշ) 1871-ին: Աւազանի անունով Յովնան: Արմաշի Դպրեվանքին երկրորդ դասարանի 16 աշակերտներէն մէկը եղած է (1890- Հոկտեմբերէն 1891Սեպտեմբեր), Օրմանեան Սրբազանին տեսչութեան եւ Եղիշէ Ծ. Վրդ. Դուրեանին Փոխ- տեսչութեան օրով:
1898-ին Քահանայ կը ձեռնադրուի ձեռամբ Օրմանեան Սրբազանին: կը ծառայէ Տրապիզոնի թեմէն ներս, ապա կը փոխադրուի Սելանիկ եւ կը դառնայ հոգեւոր հովիւ: Կինն ու աղջիկը կը մահանան: Այդ դէպքէն ետք, Օրմանեան Սրբազանը զինք կը ղրկէ Եթովպիոյ թեմը: Ապա Արմաշու Դպրեվանքը կը վերադառնայ եւ 1890-ին կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի եւ վարդապետական վեղարը կը ստանայ ձեռամբ Օհանեան Սրբազանին: Շրջան մը Պոլսոյ թօփ-գափուի քարոզիչ կը նշանակուի, ապա Առաջնորդական տեղապահ կ'ընտրուի Պայազիտի թեմին եւ բաւական արդիւնաւէտ գործունէութիւն մը կ'ունենայ: Կը վարէ նաեւ Կարնոյ յարակից այլ թեմերը, ինչպէս Խնուսը, որ իր աշխարհագրական դիրքով «Հայաստանի Սիրտ»ը կը նկատուի եւ հաւասար հեռաւորութեան վրայ կ'իյնայ Էզրումի, Վանի, եւ Պիթլիսի նահանգներուն:
Խնուս, որ Կարնոյ իշխանութեան ենթակայ էր , ազգային- Եկեղեցական իշխանութեամբ,երկար ժամանակաշրջանով մը, մինչեւ 1880, կը գտնուէր Մշոյ Ս. Կարապետ վանքին հովանիին տակ: Սակայն Մաղաքիա Ծ. վրդ. Օրմանեան, երբ Կարնոյ Առաջնորդ էր, կ'անջատէ զայն Մշոյ Ս. Կարապետ վանքէն եւ կը կապէ Կարնոյ առաջնորդութեան, եւ տեղապահ մը կը նշանակէ: 1908-ին Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումով, Խնուս կը դառնայ անկախ առաջնորդութիւն, կ'ունենայ իր Առաջնորդարանը եւ նորընտիր Առաջնորդը՝ Մկրտիչ Վրդ. Չլղատեանը: 27 Մայիս 1915- ին կը ձերբակալուի Օսմանեան զինուորներու կողմէ:
Նահատակութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մկրտիչ Վրդ. Չլղատեան ողջ- ողջ կը նահատակուի:
Ձերբակալութենէն ետք, Հայր Սուրբը կը բանտարկուի զնտանի մմը մէջ եւ քառասուն օր կ'ենթարկուի հարցաքննութեանց եւ զանազան տանջանքներու: Տարաբախտ Հայր Սուրբին Նահատակութիւնը տեղի կ'ունենայ «Պալըզ – Փազար» կոչուած շուկային: Նոյն օրը Նահատակը ժողովուրդին կը ցուցադրեն եւ կ'ըսեն, որ մեռած գտած են:
Գրական Գործը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Գրական իբրեւ գործ իրմէ շատ բան չէ հասած: Ան ունի «Խորհրդածութիւն» մը գրուած Արմաշու Դպրեվանքին 25-ամեայ յոբելեանին առիթով
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բաբգէն Ծ. Վրդ. Չարեան Հայ Հոգեւորականութեան Կորուստը Մեծ Եղեռնին, Անթիլիաս, Լիբանան 2005