Jump to content

Միրես

Միրես
Ծնողներ հայր՝ Քրոնոս, մայր՝ Անակի

Միրես (յուն․՝ Μοίρες-յոգնակի-բառացի թարգմ․՝ ճակատագրեր)․ ըստ յունական դիցաբանութեան, Միրես կը կանխագուշակէին մարդոց ծնունդն ու կեանքի ընթացքը։

Իսիոդոսին Թէողոնիա վէպը (Յունական դիցաբանութեան կարեւորագոյն աղբիւրներէն է եւ կը բաղկանայ 1․022 յանգատողերէ) կը նշէ թէ Միրես աստուածուհիները երեք էին՝

  • Գլոթօ, որ կը ներկայանար իբրեւ մանող եւ կը համարուէր թէ կը մանէր կեանքի բախտը․
  • Լահեսիս, որ կը պատկերացուէր թելը քաշելով եւ կը համարուէր թէ կը վճռէր կեանքի դէպքերը․
  • Աթրոբոս, որ կը պատկերացուէր թէ կը կտրէր կեանքին թելը ու կը համարուէր թէ մահը կ'որոշէր:

Միրես այն ուժերն են, որոնք պատասխանատու են իւրաքանչիւր մահկանացուի կեանքին բարիքներուն եւ չարիքներուն համար, ծնունդէն մինչեւ իր մահը: Անոնք իրենց զօրութիւնը կ'առնեն Զեւսէն, որուն համար ալ կը կոչուի «Ճակատագրակալ»:

Ըստ Իսիոդոսին (տող 217), ինչպէս նաեւ Էսխիլիոսի (Էւմենիդես), Միրես Նիքսին (գիշերուան) դուստրերն են։ Սակայն նոյն ինքը՝ Իսիոդոս ուրիշ տեղ մը (տող 904) զանոնք կը ներկայացնէ իբրեւ Զեւսի եւ Թեմիսի դուստրերը։

Օմիրոսի դիւցազներգութիւններուն մէջ կը յայտնուին իբրեւ մէկ եւ միայն՝ «Էսա կամ Միրա» Αίσα ή Μοίρα, որ Զեւսի գահակիցն է եւ իւրաքանչիւր մահկանացուի կու տայ իր բաժինը ուրախութենէ եւ տխրութենէ, սահմանելով անոր ճակատագիրը։ Բինդարոս երեք Միրեսներուն կ'աւելցնէ Թիհին (բախտը), որուն համար նոյնիսկ կը կարծէ թէ ան աւելի մեծ հեղինակութիւն ունի։

Առաջին եռեակը կը հանդիպինք նաեւ Պղատոնին մօտ․ ան Միրես կը ներկայացնէ որպէս Անակի Անάγκη աստուածուհիին դուստրեր՝ իր «Բոլիթիա» գործին մէջ, նստած գահերու վրայ, սպիտակ զգեստներով, պսակ մը գլուխնին եւ իրենց ձայնով կը նուագակցեն երկնային ոլորտներուն մէջ տիրող ներդաշնակութեան։

[1] [2] [3] [4] [5]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]