Jump to content

Միտթաուն Մենհեթըն

Միտթաուն Մենհեթըն

Միտթաուն Մենհեթըն, Նիւ Եորք քաղաքի Մենհեթըն թաղամասի կեդրոնական մասը, որ կը ծառայէ իբրեւ քաղաքին գլխաւոր կեդրոնական գործարար շրջանը։

Միտթաունը կը ներառէ քաղաքին ամէնէն նշանաւոր շէնքերէն ոմանք, որոնց շարքին են «Էմփայր Սթէյթ Պիւլտինկ»ը (Empire State Building), «Քրայսլըր Պիւլտինկ»ը (Chrysler Building), Հատսըն Եարտսի վերակառուցման ծրագիրը, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կեդրոնակայանը, «Կրէնտ Սենթրըլ Թըրմինըլ»ը (Grand Central Terminal) եւ «Ռոքֆելլըր Սենթըր»ը (Rockefeller Center)։

Տարածքին մէջ կը գտնուին նաեւ զբօսաշրջային բազմաթիւ նշանաւոր վայրեր, որոնց շարքին՝ Պրոտուէյը, «Թայմզ Սքուէր» (Times Square) եւ «Մենհեթընի Քորէաթաուն»ը։

Միտթաուն Մենհեթընի «Փէն Սթէյշըն»ը Արեւմտեան կիսագունդի ամէնէն բանուկ փոխադրական կեդրոնն է[1][2]։

Միտթաուն Մենհեթընը աշխարհի ամէնէն մեծ կեդրոնական գործարար շրջանն է եւ անշարժ գոյքի առումով աշխարհի ամէնէն սուղ վայրերուն շարքին կը դասուի։

Միտթաուն Մենհեթընի Հինգերորդ պողոտան աշխարհի ամէնէն բարձր վաճառքի վարձակալական գիներէն մէկը ունեցած է եւ մինչեւ 2024 թուական աշխարհի ամէնէն սուղ առեւտրական փողոցը կը նկատուէր։

Միտթաուն Մենհեթընը երկիրին ամէնէն մեծ առեւտրական, ժամանցի եւ լրատուական կեդրոնն է։ Անիկա նաեւ հետզհետէ աճող ելեւմտական կեդրոն մըն է։

Նիւ Եորքի բազմաթիւ երկնաքերեր, ներառեալ քաղաքին ամէնէն բարձր հիւրանոցներն եւ բնակարանային աշտարակները, կը գտնուին Միտթաուն Մենհեթընի մէջ։

Թաղամասը կը հիւրընկալէ իր գրասենեակներուն, հիւրանոցներուն եւ առեւտրական հաստատութիւններուն մէջ աշխատող պաշտօնեաներ եւ բնակիչներ, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջիկներ եւ ուսանողներ[3]։

Լուսաւորուած Թայմզ Սքուէրը, որ Պրոտուէյի թատրոնական շրջանին կեդրոնն է, աշխարհի ժամանցի առեւտրական կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկն է։ Վեցերորդ պողոտային վրայ կը գտնուին նաեւ ամերիկեան չորս գլխաւոր հեռատեսիլի ցանցերէն երեքին կեդրոնակայանները։

Միտթաունը մաս կը կազմէ Մենհեթընի Համայնքային 5-րդ շրջանին։

Տարածքը կը հսկուի Նիւ Եորքի Ոստիկանութեան Բաժանմունքի 14-րդ եւ 18-րդ ոստիկանատուներուն կողմէ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]