Միջկրօնական Յարաբերութիւններու Ներդաշնակութեան Համաշխարհային Շաբաթ
| Միջկրօնական Յարաբերութիւններու Ներդաշնակութեան Համաշխարհային Շաբաթ | |
|---|---|
|
| |
| Տեսակ | international week? |
| Ենթադաս | United Nations observance? և international week? |
| սկսած | 2011[1] |
| Հաստատուած | 20 Հոկտեմբեր 2010[2] |
| Ի յիշատակ | religious toleration?[3] |
| Կայք | un.org/es/observa…(սպան․), un.org/en/observa…(անգլերէն) և un.org/ar/observa…(արաբ.) |
Միջկրօնական յարաբերութիւններու ներդաշնակութեան համաշխարհային շաբաթ, ամէնամեայ տօն, որ կը նշուի իւրաքանչիւր տարուայ փետրուարի առաջին շաբաթուայ ընթացքին եւ բոլոր հաւատացեալներուն կոչ կ՚ընէ հաստատել ներդաշնակ յարաբերութիւններ։ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ասամբլեան կոչ ըրած է բոլոր պետութիւններուն կամաւոր հիմունքներով աջակցիլ այդ շաբաթուայ ընթացքին միջկրօնական ներդաշնակութեան եւ բարի կամքի գաղափարներու տարածման ամբողջ աշխարհի եկեղեցիներուն, մզկիթներուն, սինագոգներուն, տաճարներուն եւ այլ աղօթատուներուն մէջ` հիմնուած Բարձրեալի եւ մերձաւորի հանդէպ սիրոյ եւ բարութեան վրայ՝ կախուած սեփական կրօնական աւանդոյթներէ կամ համոզմունքներէ[4]։
Ընդհանուր տեղեկութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]23 Սեպտեմբեր 2010-ին՝ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ասամբլեայի 65-րդ նստաշրջանի ընթացքին, Յորդանանի թագաւոր Ապտալլահ Բ-ն առաջարկած է փետրուարի առաջին շաբաթը հռչակել Ներդաշնակ միջկրօնական յարաբերութիւներու շաբաթ[5]։ Իր ելոյթի ժամանակ ան ըսած է․
| Անհրաժեշտ է նաեւ հակազդել պառակտման ուժերուն, որոնք կը ձգտին թիւրիմացութիւն եւ անվստահութիւն սերմանել, յատկապէս տարբեր կրօններ դաւանող ժողովուրդներու միջեւ։ Իրականութեան մէջ մարդիկ ամբողջ աշխարհի մէջ սերտօրէն կապուած են իրարու հետ, ընդ որուն՝ ոչ միայն փոխադարձ շահերու, այլ նաեւ Աստուծոյ եւ մերձաւորի հանդէպ սիրոյ եւ բարութեան շնորհիւ։ Այդ շաբաթ մեր պատուիրակութիւնը բոլոր մայրցամաքներուն մէջ մեր աջակիցներու օգնութեամբ կը ներկայացնէ Ներդաշնակ միջկրօնական յարաբերութիւններու ամէնամեայ համաշխարհային շաբաթ նախագիծի անցկացման բանաձեւը։ Մենք կ՚առաջարկենք, որ մէկ շաբաթուայ ընթացքին ողջ աշխարհի մարդիկ, հաւաքուելով իրենց կրօնական պաշտամունքի վայրերուն մէջ, պատմեն իրենց կրօնական ուսմունքներու մէջ ամրագրուած հանդուրժողականութեան, յարգանքի եւ խաղաղութեան պատուիրաններու մասին։ Ես յոյս ունիմ, որ Վեհաժողովը կաջակցի բանաձեւի այս նախագծին[6]։ |
20 Հոկտեմբեր 2010-ին, Յորդանանի արքայազն Գազի բին Մուհամմադը՝ Ապտալլահ Բ. թագաւորի յատուկ խորհրդականը եւ անձնական բանագնացը, ինչպէս նաեւ բանաձեւի հեղինակը, Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ասամբլեային ներկայացուցած է Ներդաշնակ միջկրօնական համաշխարհային շաբաթուայ անցկացման առաջարկը։ Բանաձեւն ընդունուել է միաձայն։
Բանաձեւը կը շարունակ է «Ընդհանուր խօսք» նախաձեռնութիւնը, որ ստեղծուած է 2007 թուականին արքայազն Գազի բին Մուհամմատի կողմէ։ Այս նախաձեռնութիւնը, ինչպէս նաեւ բանաձեւը, հիմնուած է Բարձրեալի եւ մերձաւորի հանդէպ սիրոյ գաղափարը տարածելու վրայ։
Բանաձեւի տեքստ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]ՄԱԿ-ի 65/5 բանաձեւին մէջ կ՚ըսուի[7]․
- Գլխաւոր ասամբլեան,
- կրկին կը հաստատէ, որ փոխըմբռնումը եւ միջկրօնական երկխօսութիւնը կը համարուին աշխարհի մշակոյթներու կարեւոր մասը,
- իւրաքանչիւր տարուայ փետրուարի առաջին շաբաթը կը յայտարարէ Միջկրօնական յարաբերութիւններու ներդաշնակութեան համաշխարհային շաբաթ բոլոր կրօններու եւ դաւանանքներու շրջանակներուն մէջ,
- կը հրաւիրէ բոլոր կառավարութիւններուն այդ շաբաթուայ ընթացքին կամաւորական հիմունքներով օժանդակել միջկրօնական ներդաշնակութեան եւ բարի կամքի գաղափարներու տարածման ամբողջ աշխարհի եկեղեցիներուն, մզկիթներուն, սինագոգներուն, տաճարներուն եւ այլ աղոթավայրերուն մէջ՝ հիմնուած Բարձրեալի եւ մերձաւորի հանդէպ սիրոյ եւ բարութեան վրայ՝ կախուած սեփական կրօնական աւանդոյթներէ եւ համոզմունքներէ,
- կը խնդրէ Գլխաւոր քարտուղարին շարունակել տեղեկացնել Գլխաւոր ասամբլեային իրական հռչակագրի իրականացման մասին։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ https://es.wikipedia.org/wiki/Usuario:Alfnix/Taller/CVC/7#cite_note-:56-4
- ↑ http://undocs.org/es/A/RES/65/5
- ↑ https://www.un.org/es/observances/interfaith-harmony-week
- ↑ Официальный сайт ООН, Всемирная неделя гармоничных межконфессиональных отношений, 1-7 февраля
- ↑ РИА Новости, Всемирная неделя гармоничных межконфессиональных отношений.
- ↑ H.M. King Abdullah proposes World Interfaith Harmony Week at the UN
- ↑ Резолюция, принятая Генеральной Ассамблеей 20 октября 2010 года, 65/5. Всемирная неделя гармоничных межконфессиональных отношений.