Միջին հայերէն
Արտաքին տեսք
Միջին հայերէն (անգլերէն՝ Middle Armenian) հայոց լեզուի պատմութեան միջանկեալ փուլն է, որ գոյութիւն ունեցած է ԺԲ․-ԺԶ. (12-16) դարերուն՝ կամրջելով գրաբարն ու աշխարհաբարը: Ան հայոց գրաւոր լեզուի երեք փուլերէն՝ գրաբար, միջին հայերէն եւ աշխարհաբար (արեւելահայ եւ արեւմտահայ տարբերակներով) երկրորդն է, որ օգտագործուած է ԺԲ․-ԺԶ (12-16) դարերու իբրեւ պետական, գիտական-գրական, ինչպէս նաեւ ժողովրդախօսակցական լեզու։[1]
Կարծիք կայ, թէ արդի արեւմտահայերէնը բարձրացած է միջին հայերէնին վրայ, իսկ արեւելահայերէնը ուղղակիօրէն՝ գրաբարի (միջին հայերէնէն որոշ յատկութիւններ որդեգրելով)։