Միջին Ականջի Հիւանդութիւններ

Միջին ականջի հիւանդութիւններ, միջին ականջին կամ թմբկախոռոչին վերաբերող հիւանդութիւններու շարք, որոնք կ՛արտայայտուին շարք մը հիւանդագին երեւոյթներով։

Միջին ականջի հիւանդութիւններու տեսակներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միջին ականջի բորբոքումներ

Միջին ականջի կամ թմբկախոռոչի բորբոքումը կը պատահի որեւէ տարիքի, բայց եւ այնպէս ան շատ աւելի տարածուած է երեխաներու մօտ։ Հիւանդութեան ախտապատճառը լսափողի, քիթի եւ քթաըմբանի վատառողջ վիճակն է, ինչպէս նաեւ մանկական ժահրային տարբեր հիւանդութիւնները։ Քիթի, քթաըմբանի եւ լսափողի մանրէական բորբոքումները տարածուելով միջին ականջ՝ կը յառաջացնեն թմփկախոռոչի բորբոքում։ Մանկական ժահրային հիւանդութիւններուն մեծամասնութիւնը կը հարուածեն մանուկներուն միջին ականջը եւ կը յառաջացնեն միջին ականջի ժահրային բորբոքում։

Որեւէ հիւանդագին կացութիւն եւ կամ երեւոյթ, որ կը տեսնուի քիթի եւ քթաըմբանի մէջ, կ՛ունենայ իր վատ անդրադարձը լսափողին վրայ. ան կը խցուի եւ եւ միջին ականջի օդաճնշաչափը կը բարձրանայ ու կարճ ժամանակաշրջանէ մը ետք, կը յառաջանայ միջին ականջի բորբոքում։ Քիթի եւ քթաըմբանի խցումը տեղի կ՛ունենայ գերզգայնութեամբ, զանազան տեսակի բորբոքումներով, քաղցկեղով, պարզ ուռերով, գեղձուռոյցքով (adenoids) եւ խորշապատի (nasal septum) ծուռութեամբ։ Յաճախ նշիկներու եւ գեղձուռոյցներու բորբոքումը կը հարուածէ լսափողն ու միջին ականջը, եւ տեղի կ՛ունենայ լսափողաբորբ եւ միջին ականջի բորբոքում։ Լսափողի երկարատեւ բորբոքումը պատճառ կը դառնայ անոր խցումին։ Մանուկներու մօտ լսափողի բորբոքումը յաճախակի է, որովհետեւ անոնց լսափողը փոխանակ շեղակի ըլլալու, կը գտնուի հորիզոնական դիրքի վրայ, եւ այս իսկ պատճառով, մանուկին քթաըմբանէն սննդանիւթերու կտորիկներ դիւրաւ կը մտնեն լսափող եւ կը յառաջացնեն լսափողաբորբ, ինչպէս նաեւ միջին ականջի բորբոքում։ Սրուակով սնանող մանուկներ աւելի հակամէտ են միջին ականջի բորբոքումներու։

Միջին ականջի բորբոքումները կրնան ըլլալ՝

  1. Թարախային եւ կամ ոչ թարախային.
  2. Սուր եւ կամ մնայուն-երկարատեւ.
  3. Մանրէական, սնկային եւ ժահրային.

Միջին ականջի պարզ բորբոքումը կրնայ զարգանալ եւ վերածուիլ հեղուկային բորբոքումի, որ կրնայ ըլլալ թարախային եւ կամ ոչ թարախային։ Հեղուկային բորբոքումի զարգացումով թմբկախոռոչը կը կուտակուի շիճուկային եւ կամ թարախային հեղուկով եւ օդի պղպջակներով. ականջաթաղանթը կը կորսնցնէ իր բնական երեւոյթը. ան կը կարմրի եւ կը ցցուի դէպի դուրս. հիւանդը կը տառապի ցաւէ, լսողական կորուստէ, ականաջաբզզիւնէ, գլխապտոյտէ, ջերմութենէ, դողէ, փսխուքէ եւ ծամելու դժուարութենէ։ Յաճախ միջին ականջին մէջ կուտակուած հեղուկին ճնշումով թմփկաթաղանթը կը ծակի եւ տեղի կ՛ունենայ շիճուկային, արիւնաշիճուկային եւ կամ թարախային ականջածորանք-հոսք։

Սուր բորբոքումի պարագային, դարմանումը կ՛ըլլայ դեղերով՝ թմբկաթաղանթի ծակումով (myringotomy), միջին ականջի շիճուկային եւ կամ թարախային հեղուկի վերացումով եւ ստեղծուած թմփկաթաղանթի ծակին մէջ արուեստական պզտիկ խողովակի մը զետեղումով։ Ստեղծուած թմբկաթաղանթի ծակը ընդհանրապէս կը սպիանայ եւ որոշ ժամանակ ետք ինքնաբերաբար կը գոցուի։

Միջին ականջի բորբոքումի եւ անոր ախտապատճառներու հիմնական դարմանումի ձախողութեամբ կը յառաջանայ մնայուն-երկարատեւ ականջաբորբ, որուն ախտանշաններն են թմբկաթաղանթի մնայուն բացուածք-ծակ, յարատեւ թարախահոսք, միջին ականջի ոսկրիկներու անշարժացում եւ կամ փտտում ու լսողական մնայուն կորուստ, նաեւ ականջաբզզիւն եւ գլխապտոյտ։ Մնայուն ականջաբորբի դարմանումը կը կարօտի երկարաշունչ եւ հետեւողական միջոցառումի՝ հակամանրէական դեղերու եւ վիրաբուժական գործողութեան։ Թմբկաթաղանթի մնայուն ծակը կը վերակազմուի վիրաբուժական գործողութեամբ՝ կատարելով մաշկային պատուաստում (myringoplasty)։

Մնայուն ականջաբորբը կրնայ տարածուիլ ներքին ականջ եւ հարուածել լսողական եւ հաւասարակշռութեան օրկանները, որոնք կը յառաջացնեն խլութիւն, գլխապտոյտ եւ ականջաբզզիւն։ Քիչ պարագաներու, բորբոքումը կը տարածուի պտկաձեւ ելուստ (mastoid) եւ կը յառաջանայ պտկաձեւ ելուստի բորբոքում ու փտտում, որ կը դարմանուի միայն վիրաբուժական գործողութեամբ։ Շատ քիչ պարագաներու նաեւ բորբոքումը կը տարածուի ականջի սահմաններէն դուրս եւ կը հասնի ուղեղ, ուր կրնայ տեղի ունենալ խելապատատապ (meningitis) եւ ուղեղատապ։

Երկարատեւ ականջաբորբի հետեւանքով, միջին ականջի երեք ոսկրիկները կը փտտին, կ՛անջատուին իրարմէ եւ կամ կ՛անշարժանան. այս բոլորին իբրեւ հետեւանք, հիւանդը կ՛ունենայ զանազան աստիճանի եւ զօրութեամբ լսողական փոխանցման կորուստ։

Միջին ականջի բորբոքումը կրնայ յառաջանալ նաեւ մեր շրջապատի օդաճնշումի անակնկալ փոփոխութեամբ, որ կը պատահի սուզուելու, ընկղմելու, լեռ մագլցելու եւ օդանաւով ճամբորդելու ընթացքին։ Բոլոր պարագաներուն ալ, լսափողը կը խցուի եւ կը յառաջանայ միջին ականջի անակնկալ սուր բորբոքում։

Միջին ականջի սուր բորբոքումը եւ երկարատեւ ականջաբորբը վերջնականապէս կը վերանան միայն ու միայն հիմնականօրէն դարմանելով լսափողի, քիթի եւ քթաըմբանի հիւանդագին երեւոյթները ու գերզգայնութիւնը։

2-Միջին ականջի երեք ոսկրիկներու հարուածային վնասով տեղի ունեցած ձայնային ալիքներու հաղորդակցութեան խանգարում եւ լսողական կորուստ։

Այս կացութիւնը կարելի է դարմանել վիրաբուժական գործողութեամբ։

3-Միջին ականջի ոսկրիկներու ոսկրապնդացում (otosclerosis)

Միջին ականջի երեք ոսկրիկները կրնան վնասուիլ ոսկրապնդացումով, սակայն առաւելաբար երրորդ ոսկրիկն է, որ կ՛անշարժանայ ձուաձեւ պատուհանին վրայ։ Այդ պատճառ կը դառնայ, որ ձայնային ալիքներու փոխանցում տեղի չունենայ դէպի ներքին ականջ ու կը յառաջանայ լսողական փոխանցման կորուստ։ Ոսկրապնդացումը կը հարուածէ բնակչութեան 1%ին մէկ կամ երկու ականջները։ Ան առաւելաբար կը տեսնուի միջին տարիքի մարդոց քով եւ հաւասարապէս երկու սեռերուն մէջ։ Լսողական կորուստը կը վերականգնի վիրաբուժական գործողութեամբ, որուն ընթացքին անշարժացած ոսկրիկը կը փոխարինուի կերպընկալ արհեստական ոսկրիկով։

4- Ոսկրիկներու ընդոծին անբնական արատներ, որոնցմէ կարելի է յիշել ոսկրիկներէն մէկ կամ մէկէ աւելի ոսկրիկի չգոյութիւնը, ինչպէս նաեւ ոսկրիկներու անբնական եւ այլանդակ զարգացումը։ Այս բոլորին իբրեւ հետեւանք, կը յառաջանայ լսողական փոխանցման կորուստ։ Վիրաբուժական գործողութեամբ կարելի կ՛ըլլայ վերակազմել ոսկրիկներու բնական շարուածքը։

5- Լաւորակ ուռեր, պոլոպներ, որոնք կը զարգանան միջին ականջի բորբոքումներով եւ գերզգայնութեամբ։ Այս ուռերը արգելք կը հանդիսանան ոսկրիկներու ազատ շարժումներուն եւ ձայնային ալիքներու դէպի ներքին ականջ փոխանցման, որոնք պատճառ կը դառնան լսողական փոխանցման կորուստի։

6- Չարաղէտ ուռեր-քաղցկեղ, որոնք կը գործեն լաւորակ ուռերու նման։

Վերոնշեալ բոլոր ուռերու վիրահատումով կարելի կ՛ըլլայ վերահաստատել լսողութիւնը եւ չէզոքացնել ականջաբզզիւնը։

7- Զարկերակային պզտիկ ուռեր, որոնք կը տեսնուին թմբկաթաղանթին ետին՝ իբրեւ փափախուն ուռեր. անոնք կը յառաջացնեն ականջաբզզիւն եւ քիչ պարագաներու՝ լսողական կորուստ։ Այս զարկերակային ուռերուն վիրահատումով կ՛անհետանայ ականջաբզզիւնը եւ լսողութիւնը կը վերադառնայ բնականին։

8- Մթնոլորտի ճնշումի փոփոխութիւններուն հետեւանքով ստեղծուած խխունջի վնաս-հարուած, որ կը պատահի սուզուելու եւ կամ լեռ մագլցելու, ինչպէս նաեւ օդանաւային ճամբորդութեան ընթացքին։ Ծովեզերեայ օդի ճնշումը կը կրկնապատկուի, երբ ծովու մակերեսէն 10 մեթր վար իջնենք, իսկ երբ ծովու մակերեսէն 600 մեթր վեր բարձրանանք, օդի ճնշումը կը նուազի կէսով։ Այս փոփոխութիւններուն հետեւանքով կրնայ յառաջանալ միջին ականջի սուր բորբոքում, ականջացաւ, լսողական փոխանցման եւ ընկալական կորուստ, գլխապտոյտ եւ ականջաբզզիւն։

Օդանաւային ճամբորդութեան ընթացքին տեղի կ՛ունենան երկու տարբեր կացութիւններ՝

  1. Ելքի ընթացքին՝ միջին ականջի ճնշումը կամաց-կամաց կը բարձրանայ, թմբկաթաղանթը կը ցցուի դէպի դուրս եւ միջին ականջի օդը եւստաքեան խողովակէն կ՛ուղղուի դէպի քթաըմբան։
  2. Էջքի ընթացքին՝ միջին ականջի ճնշումը կամաց-կամաց կը նուազի, թմբկաթաղանթը կը քաշուի դէպի ներս եւ օդը դժուարութեամբ կ՛անցնի եւստաքեան խողովակէն։

Երկու պարագաներուն ալ ենթական կրնայ ունենալ ականջացաւ, միջին ականջի սուր բորբոքում, թմբկաթաղանթի պատռուածք եւ շիճուկային եւ կամ արիւնաշիճուկային ականջահոսք։ Այս բոլորը աւելի զգալիօրէն կը տեսնուին էջքի ընթացքին։ Օդանաւային ճամբորդութեան առնչութեամբ յանձնարարելի է ճամբորդութեան ընթացքին շարունակ կլլելու փորձ ընել եւ կամ ձիւթ ծամել. իսկ հարբուխ եւ զանազան պատճառներով քիթի խցում ունեցողները օդանաւով պէտք չէ ճամբորդեն։

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Բժիշկին Բ. Գիրքը, Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, ԱԱնթիլիաս, 2011, էջ 61-65