Մինչ մազերս կ՚երկննային (մանկապատանեկան վիպակ)
| Հեղինակ | Մինեոս Մարթինս Իզապէլ |
|---|---|
| Թարգմանիչ | Վահան Քերովբեան |
| Լեզու | Փորդուկալերէն (բնագիր) |
| Ոճ | Մանկապատանեկան վիպակ |
Հրատարակչական թուական | Հոկտեմբեր 2010 |
Հրատարակուած Հայերէնով | 2019 Ապրիլ (Հրատարակչութիւն) Լոս Անճըլես, Զարդիս (հայերէն) |
Մինչ մազերս կ՚երկննային. մանկապատանեկան վիպակ: Հեղինակն է Մինեոս Մարթինս Իզապէլ։ Վէպը «Enquanto o Meu Cabelo Crescia» առաջին անգամ կը հրատարակուի 2010-ին։ Հայերէնի թարգմանուած է Վահան Քերովբեանին կողմէն Յունիս 2019-ին, Զարդիս Մատենաշար (օժանդակուած Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ)։
Նիւթը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Մինչ մազերս կ՚երկննային» վիպակը մազ կտրելու, յարդարելու, հիւսելու Եւ այլ փոքրիկ հրաշքներու մասին վիպակ մըն է։ Պատմութիւնը տեղի կ՛ունենայ վարսայարդարի մը խանութին մէջ, ուր ընթերցողը պիտի ծանօթանայ զանազան տիպարներու ու պիտի յայտնաբերէ նոր զգացումներ։
Մազ ըսուածը դիւրին բան չէ՛, շիտակ մազ ունեցողը՝ գանգուր մազ կը նախընտրէ. թուխ մազ ունեցողը՝ ոսկեգոյնը աւելի աղուոր կը գտնէ. կարճ մազ ունեցողը՝ կը յուսայ որ մազերը արագ երկարին…։ Օր մը, վարսայարդարին մօտ փոքրիկ ողբերգութիւն մը պատահեցաւ…։
Ստեղծարար գրագիտութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գիրքը կը գործածուի հայկական դպրոցներուն մէջ նաեւ իբրեւ դասագիրք։ Պատրաստուած են յատուկ ստեղծարար գրագիտութեան նիւթեր (7 բաժիններով եւ 29 վարժութիւններով) եւ ուսուցիչի ուղեցոյց մը, որոնց կարելի է հասնիլ օգտագործելով զնտուկ դաստիարակչական կայքէջին ընծայած հնարաւորութիւնները (Սանդուխ, Զարդիս, Մինչ մազերս կ՚երկննային, «վարժութիւններ» յղումին հետեւելով)։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Զնտուկ, Զարդիս մատենաշար․ Մինչ մազերս կ՚երկննային
- ↑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ - Մազ Կտրելու, Յարդարելու, Հիւսելու Եւ Այլ Փոքրիկ Հրաշքներու Մասին Վիպակ Մը, Իզապէլ Մինեոս Մարթինս (լաթակազմ)
- ↑ Ապրիլ (Հրատարակչութիւն) Մինչ մազերս կ՚երկննային
- ↑ Մինչ մազերս կ՚երկննային․ «Enquanto o Meu Cabelo Crescia» փորթուկալերէն բնագիրը
- ↑ planeta tangerina․ Մինչ մազերս կ՚երկննային
- ↑ peiropolis․ Մինչ մազերս կ՚երկննային