Մինաս Պետրոսեան

Մինաս Պետրոսեան

Մինաս Պետրոսեան, ծնած է Եօզղատ: Ուսումը Կեսարիա ստանալէ վերջ կը նուիրուի կրթութեան եւ հեղինակութեան ասպարէզներուն, մտնելով Հնչակաւոր դրօշին տակ: Այն միջոցին երբ Թորոս Ծառուկեանի (Չէլլօ) հրոսախումբը մէկ կողմէն եւ Ժիրայր միւս կողմէն սկսած էին սարսել բռնակալութեան հիմերը, անոնց թեւ-թիկունքը կ'ըլլայ Պետրոսեան: 93-ին կը կախուի իր աներորդին՝ Կիւլպէնկ Ամալեան եւ 94-ի սկիզբը երբ Ժիրայրի խումբը կը հալածուէր՝ Պետրոսեան ձերբակալուելով կը բանտարկուի երկար ատեն: Սահմանադրութենէն ետքն ալ կը շարունակէ ուսուցչութեան եւ յեղափոխութեան իր գործունէութիւնը Կեսարիա:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Յուշարձան Ապրիլ Տասնըմէկի, Կ.Պոլիս 1919, էջ 68, յօդուած 289