Միկինեսի ամրութիւններ
| Հնաբանական վայր | |
|---|---|
| Միկինեսի ամրութիւններ | |
|
Միկինեսի ամրութիւններ եւ Առիւծի դարպասը | |
| Երկիր | Յունաստան |
| Երկրամաս | [[Արեւելեան Պելոպոնես]] |
| Տարածութիւն | 30 000 քառակուսի մետր |
Միկինեսի ամրութիւնները կը պաշտպանեն Միկինես հին քաղաքը, որ Ք․Ա․2-րդ հազարամեակին մայրցամաքային Յունաստանի կեդրոնն էր։ Հսկայ քարակոյտերով իւրայատուկ կաառուցումը կը կոչուի «կիկլոպեան պատ» եւ Միկինեան քաղաքակրթութեան լաւագոյն պահպանուած վայրերէն են։
Ճարտարապետները գահաւանդի վրայ կառուցած են միջնաբերդը եւ յաջողած են պաշտպանութիւն ստեղծել ոչ միայն պարիսպներէն ներս ապրող գերադաս դասակարգին, այլ նաեւ շրջակայ գիւղացիներուն, որոնք հոն ապաստան կը գտնէին պատերազմի ժամանակ։ Միջին դարաշրջանէն մինչեւ Ուշ Պղձնադարաշրջան, մրցակցութեան պատճառով միջնաբերդի պարիսպը զգալիօրէն կ՛ընդարձակուի, ներառելով թաղմանական շրջապատ A եւ Առիւծի դարպասը (գլխաւոր մուտքը)։
Միջնաբերդի պարիսպներ (ներառեալ թաղմանական շրջապատ A)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Պարիսպի կառուցում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Միկինեսին պարիսպը կառուցուած է շաղախով հիւսուած անկանոն քարերէ։ Պատերը ընդարձակուած են Ուշ Հելլենական III ժամանակաշրջանին (LH III), հաւանաբար տարածաշրջանային մրցակցութեան պատճառով։ Ուշ Հելլենական IIIB ժամանակաշրջանին (LH IIIB), մրցակցութիւններուն հետեւանքը կ՛առաջացնէ քաղաքներու «ընդարձակումը»։
Առիւծի դարպաս
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գլխաւոր մուտքի շինութիւնը կ՛ընծայէր ռազմական յարձակումի առաւելութիւն։ Ներխուժող թշնամիին բանակը, որպէսզի միջնաբերդ մտնէ, պէտք էր շրջի դարպասի աջ կողմէն ցցուող բարձր մարտկոցին շուրջը։ Այդ ատենի զինուորները, վահանները կը բռնէին ձախ ձեռքին եւ զէնքերը՝ աջ ձեռքին, այդ ժամանակի կտորներով ցուցադրուած, ներառեալ մարտական տեսարանով ոսկեայ մատանի մը։ Երբ զինուորներուն աջ կողմը մարտկոցին ուղղուած էր, միկինացիները հնարաւորութիւնը կ՛ունենային կրակել զինուորներուն անպաշտման կողմը։

Դարպասը ունէր ուրիշ իւրայատկութիւն մըն ալ։ Անոր վրայ կային կատուանման երկու հսկայ կերպարաններ։ Այս պատճառով մուտքը անուանուած է «Առիւծի դարպաս»։ Պղինձէ դարաշրջանին, Յունաստանի տարածքին առիւծներ կ՛ապրէին, որոնք սակայն Դասական դարաշրջանին դէպի հիւսիս՝ Թրակիա վտարուեցան։
Կիկլոպեան որմնադրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Միկինես շրջապատող միջնաբերդին պարիսպին որմնադրութիւնը կրաքարէ կառուցուած է։ Հնաբաները կը հաւատան թէ անոնց կառուցումը օրինակուած է Հաթիներու (Խեթական պետութիւն) մայրաքաղաքին՝ Խաթուսային ամրութիւններէն։ Հետագային, երբ յոյները կը յայտնաբերեն այդ ամրութիւնները, քարերուն չափին եւ ծանրութեան պատճառով հաւատացին թէ կիկլոպներու գործ է։ Հետեւաբար, քարաշէն պատերու ծրագիրը կոչուեցաւ Կիկլոպեան որմնադրութիւն։ Առաջին «կիկլոպեան» պարիսպը կառուցուած է Ուշ Հելլենական IIIA ժամանակաշրջանին (LH IIIA) ժամանակաշրջանին եւ յետոյ՝ Ուշ Հելլենական IIIB ժամանակաշրջանին (LH IIIB) ընդարձակուած է եւ ներառած է թաղմանական շրջապատ A։
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]-
Գործ՝ Théodose du Moncel, 1845
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Greek Art and Archaeology․ Կիկլոպեան որմնադրութիւն(անգլերէն)
- ↑ Ring w/ Battle Scene․ Մատանի մարտական պատկերով(անգլերէն)
- ↑ Միկինես․ Կիկլոպեան պարիսպ եւ Առիւծի դարպաս, Harry Thurston Peck, Harpers Dictionary of Classical Antiquities (1898)(անգլերէն)
- ↑ Յունաստանի Կրթական նախարարութիւն․ Միկինեսի հնաբանական վայր(յունարէն)
- ↑ Տեսերիզ․ Միկինեսի հնաբանական վայրը(յունարէն)