Միզապարկ

Միզապարկը (լատիներէն՝ vesica urinaria) միզային համակարգի մաս, որ գոյութիւն ունի որոշ անողնաշար անասուններու, ողնաշարաւորներու մեծամասնութեան եւ մարդուն մօտ։
Անիկա մեզը կը կուտակէ եւ մերթ ընդ մերթ կը պարպէ։
Մարդուն միզապարկին միջին տարողութիւնը մօտաւորապէս 500 սմ³ է։
Միզապարկը կը գտնուի փոքր կոնքի խոռոչին մէջ՝ միջին գիծին վրայ[1]։
Տղամարդոց մօտ անիկա տեղադրուած է շագանակագեղձէն վեր՝ սերմնաբշտիկներուն, սերմնածորաններուն եւ ուղիղ աղիքին առջեւ։ Կանանց մօտ՝ կը գտնուի միզասեռական ստոծանիին վրայ՝ արգանդէն եւ հեշտոցէն առաջ։
Միզապարկը ձուաձեւ է եւ ունի առաջնային, ետին, ինչպէս նաեւ աջ ու ձախ երեսներ։ Անոր մասերն են՝ գագաթը, մարմինը, յատակը եւ վիզիկը, որ աստիճանաբար նեղնալով կը շարունակուի իբրեւ միզուկ[2]։
Միզապարկին պատերը կազմուած են երեք շերտերէ․
- արտաքին՝ շարակցահիւսուածքային,
- միջին՝ մկանային,
- ներքին՝ լորձաթաղանթային։
Միզապարկին հետ կապուած հիւանդութիւններուն մէջ ամէնէն շատ տարածուած են՝
- լորձաթաղանթի բորբոքումը (ցիստիտ),
- միզապարկի քարերը,
- պոլիպները։