Միացեալ Նահանգներու Տիեզերական Ուժեր

Միացեալ Նահանգներու Տիեզերական Ուժը (United States Space Force-USSF) Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերու տիեզերական ծառայութեան ճիւղն է, որ պաշտօնապէս հիմնադրուած է 20 Դեկտեմբեր 2019-ին։
Անիկա կը գործէ Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան Նախարարութեան հովանիին տակ եւ կը հանդիսանայ երկիրի զինուած ուժերու վեց ճիւղերէն մէկը, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու ութ համազգեստաւոր ծառայութիւններէն մէկը։
Անիկա աշխարհի երկրորդ անկախ տիեզերական զինուած ուժն է՝ Ռուսիոյ Տիեզերական Ուժերէն ետք։
Ներկայիս Միացեալ Նահանգներն ու Չինաստանը այն երկու երկիրներն են, որոնք տակաւին կը պահպանեն անկախ տիեզերական զինուժ[1]։
Միացեալ Նահանգներու Տիեզերական Ուժին ակունքները կը հասնին «Պաղ Պատերազմ»ի առաջին տարիներուն, երբ Օդուժը, Բանակը եւ Ռազմածովային Ուժերը կը սկսին զարգացնել իրենց ռազմական տիեզերական ծրագիրները։ Ամերիկեան ռազմական տիեզերական ստորաբաժանումները առաջին անգամ մարտական գործողութիւններու կը մասնակցին Վիեթնամի պատերազմի ընթացքին, ապա կը ներգրաւուին Միացեալ Նահանգներու գրեթէ բոլոր յաջորդ ռազմական գործողութիւններուն մէջ։ Յատկապէս Ծոցի պատերազմը բազմիցս բնորոշուած է իբրեւ «առաջին տիեզերական պատերազմ», որովհետեւ այդ պատերազմին ընթացքին տիեզերական համակարգերը վճռական դեր կը խաղան հետախուզութեան, հաղորդակցութեան, առաջնորդման եւ տեղորոշման մէջ։

1980-ական թուականներուն նախագահ Ռոնալտ Ռիկընի նախաձեռնած Ռազմավարական Պաշտպանական Նախաձեռնութիւնը (Strategic Defense Initiative) եւ Օդուժի Տիեզերական Հրամանատարութեան (Air Force Space Command) ստեղծումը նոր զարթօնք կը բերեն Միացեալ Նահանգներու ռազմական տիեզերական գործունէութեան։
Անկախ ամերիկեան Տիեզերական Ուժ ստեղծելու առաջարկները առաջին անգամ լրջօրէն կը քննարկուին Ռիկընի վարչակազմի տարիներուն (1981-1989)՝ Ռազմավարական Պաշտպանական Նախաձեռնութեան ծիրէն ներս։
1990-ականներու վերջաւորութեան եւ 2000-ականներու սկիզբը Քոնկրէսը կ'ուսումնասիրէ Տիեզերական Ուժ հիմնելու կարելիութիւնը։ Այս գաղափարը կը վերակենդանանայ 2010-ականներու վերջաւորութեան՝ ի պատասխան Ռուսիոյ եւ Չինաստանի ռազմական տիեզերական կարողութիւններու արագ զարգացման, ինչ որ ի վերջոյ կ'առաջնորդէ Տիեզերական Ուժի պաշտօնական հիմնադրման՝ 20 Դեկտեմբեր 2019-ին, նախագահ Տանըլտ Թրամփի առաջին վարչակազմի օրով։
Տիեզերական Ուժը կազմակերպականօրէն կը պատկանի Օդուժի Վարչութեան (Department of the Air Force), ուր ան կը գործէ Միացեալ Նահանգներու Օդուժին զուգահեռ՝ իբրեւ հաւասար կարգավիճակ ունեցող ծառայութիւն։ Օդուժի Վարչութիւնը կը ղեկավարէ քաղաքացիական Օդուժի քարտուղարը, մինչդեռ Տիեզերական Ուժին ռազմական ղեկավարն է Տիեզերական Գործողութիւններու Պետը (Chief of Space Operations)։
Տիեզերական Ուժին ներկայ կարգավիճակը՝ իբրեւ Օդուժի Վարչութեան մաս, կը նկատուի անցումային հանգրուան մը։ Երկարաժամկէտ նպատակը առանձին Տիեզերական Ուժի Վարչութեան (Department of the Space Force) ստեղծումն է, որ պիտի ղեկավարէ քաղաքացիական Տիեզերական Ուժի քարտուղարը։[2]