Մէջքի Ցաւ

Ցաւ, որ կը զգացուի մէջքի շրջանին։
Ցաւը կախեալ է վնասուած հատուածէն: Կայ վիզի ցաւ, մէջքի միջին ցաւ (կրծքային հատուած), մէջքի ստորին ցաւ (գօտկային հատուած) եւ պոչուկային ցաւ (պոչուկոսկոր կամ սրբանային հատուած)[1]։
Գօտկային շրջանը ցաւի յառաջացման ամէնէն յաճախակի հատուածն է, քանի որ անիկա իր վրայ կը պահէ մարմինին վերին կէսի ամբողջ ծանրութիւնը[2]։
Կռնակի ցաւը կրնայ ըլլալ սուր կամ աղօտ, շարունակական եւ կամ ընդմիջումով, համաձայն ախտապատճառին եւ անոր հետ միատեղ պատահած մկանային պրկուածութեան։ Տեղայնական ցաւին հետ միատեղ կրնան պատահիլ նաեւ զանազան աստիճանի եւ զօրութեամբ ջղային (neurological) ախտանշաններ, նայած ողնածուծի եւ ողնածուծի ջիղերուն կրած վնասին։ Այս ախտանշաններէն կարեւորագոյններն են՝ յետոյքի (buttock), զիստի (thigh), կոնքի (pelvis), սրունքներու (leg), ոտքի եւ ոտքի մատներու ցաւ, սրունքի, ոտքի եւ ոտքի մատներու մակերեսային թմրութիւն եւ անզգայութիւն, ինչպէս նաեւ մկանային տկարութիւն[1]կամ մկանային թուլութիւն[3]։
Մէջքի ցաւի ենթակայ անձեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տարեցներ, ծխախոտ գործածողներ, երկար ժամերով ինքնաշարժ վարողներ, գրասենեակներու մէջ երկար ժամեր անշարժ աշխատողներ, ֆիզիքական ծանր աշխատանք տանող անհատներ, անշարժ-նստակեաց մարդիկ, հոգեկան ընկճուածութիւն եւ հոգեբանական խանգարումներ ունեցողներ աւելի հակամէտ են ունենալու կռնակի ցաւը[4]։
Ախտապատճառներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կռնակի ցաւը կը յառաջանայ բազմակողմանի ախտապատճառներով։
Ախտապատճառները կրնան ըլլալ՝
Ա. Հիմնական ախտապատճառներ.
Բ. Երկրորդական ախտապատճառներ.
Հիմնական ախտապատճառներէն կարելի է յիշել հետեւեալները՝
1. Ողնոսկրներու ընդոծին անբնական կազմաւորում.
2. Ողնոսկրներու լաւորակ եւ չարորակ ուռեր։ Այս ուռերը կը նեղցնեն ողնածուծի անցքը եւ կը ճնշեն ողնածուծին եւ անկէ ճիւղաւորուող ջիղերուն վրայ, յառաջացնելով հետեւեալ ախտանշանները՝
- Տեղայնական ցաւ, որ կրնայ տարածուիլ դէպի զիստ, կոնք, սրունք, ոտք եւ ոտքի մատներ.
- Ոտքի թմրութիւն եւ անզգայութիւն.
- Սրունքի եւ ոտքի մկաններու տկարութիւն ու քալելու դժուարութիւն:[5]
3. Ողնածուծի լաւորակ եւ չարորակ ուռեր,
4. Ողնածուծի զարկերակային եւ խելապատակային (meningeal) ուռեր.
5. Ողնածուծէն դուրս ելլող 30 ջիղերու ուռեր.
6. Ողնոսկրներու հարուածային վնաս եւ կոտրուածք.
7. Մէջքի մկանային գալարում-պրկուածութիւն (strain, sprain)՝
- Անշարժութիւն, նստակեաց կեանք, մարզանքէ խուսափում.
- Սխալ դիրքորոշումով ֆիզիքական աշխատանք.
- Ծանր առարկաներ վերցնել-շալկել.
- Ծանր պայուսակ մը ուսէն երկար ատեն կախել.
- Սխալ նստուածք, քալելու ձեւ եւ մարզանքի ձեւեր.
8. Ողնոսկրներու ծանր մետաղներով թունաւորում, ի մասնաւորի radium.
9. Ոսկրափխրում (osteoporosis).
10. Ռոմաթիզմային ողնոսկրատապ (vertebral rheumatoid arthritis).
11. Մաշումի հիւծիչ ողնոսկրատապ. (degenerative osteoarthritis).
12. Մանրէական ողնոսկրատապ (infectious arthritis).
13. Ողնայարի սալաթափութիւն (herniated disc). այս պարագային սալ մը կը շարժի, կը սպրդի եւ կողմնակի կ'ուղղուի դէպի աջ կամ ձախ. այս սպրդումով սալը կը ճնշէ ողնայարէն դուրս ելլող ջիղին վրայ եւ կը յառաջացնէ հետեւեալ ախտանշանները՝
ա. Կռնակի տեղայնական ցաւ, որ կրնայ տարածուիլ դէպի զիստ, կոնք, սրունք, ոտք եւ ոտքի մատներ.
բ. Ոտքի թմրութիւն եւ անզգայութիւն.
գ. Աղիքներու եւ միզապարկի (urinary bladder) խանգարում՝ անդամալուծութիւն, միզարձակութիւն (urinary incontinence), կղկղանքարձակութիւն (fecal incontinence).
14. Ողնայարի ֆիզիքական հարուած եւ վնասուածք.
ա. Ինքնաշարժի արկածներ.
բ. Երկար տեւողութեամբ փորի վրայ պառկիլ, որ կը խախտէ ողնայարին ուղիղ դիրքը.
գ. Կռնակի սխալ դիքորոշում՝ տեսողութեան տկարացումով, մասնաւորաբար ինքնաշարժ վարելու եւ համակարգիչ գործածելու ընթացքին.
դ. Շատ կարծր եւ կամ շատ փափուկ ներքնակի-լանջապնդակի (corset) գործածութիւն, որ ողնայարը կը ձեւափոխէ.
ե. Անհանգիստ եւ բարձ կրունկով կօշիկներու գործածութիւն։
Երկրորդական ախտապատճառներէն կարելի է յիշել հետեւեալները՝
1. Հեռաւոր վայրէ մը տարածուած չարաղէտ (malignant) ուռեր, ի մասնաւորի՝ կրծքագեղձի (mammary gland), շագանակագեղձի (prostate gland), երիկամներու, թոքերու եւ վահանագեղձի (thyroid gland) ուռերը, որոնք կրնան ըլլալ ոսկրաքանդիչ (osteolytic) եւ կամ անբնականօրէն ոսկրաշէն (osteoblastic)։
2. Որովայնի մեծ շնչերակի լայնացում (abdominal aortic aneurysm). ասիկա ընդհանրապէս կը պատահի տարեցներուն եւ անոնց որոնք կը տառապին յառաջացած պնդերակութենէ եւ արեան գերճնշումէ։ Ենթական կ՚ունենայ որովայնի եւ կռնակի խորունկ ցաւ, պաղ եւ տժգոյն սրունքներ, ոտքի երակային զարկի տկարացում։
3. Արգանդի նեարդակերպ ուռեր (fibroid).
4. Կոնքի ներքին ուռեր եւ հիւանդութիւններ, մասնաւորապէս՝ շագանակագեղձի հիւանդութիւններ.
5. Հոգեբանական հիւանդութիւններ՝ ջղացնցութիւն (hysteria) եւ հիւանդակեղծութիւն (malingering).
Մէջքի ցաւի ախտաճանաչումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մէջքի ցաւը կը կարօտի հետեւեալ մանրակրկիտ բժշկական միջոցառումներուն՝
1. Ապահովել հիւանդէն իր հարցին մանրամասն նկարագրութիւնը,
2. Կատարել բժշկական մարմնական, ֆիզիքական ընդհանուր քննութիւն,
3. Կատարել X-ճառագայթային յատուկ նկարահանումներ՝ պարզ շողանկարահանում, CT scan եւ MRI.
Դարմանաում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ընդհանրապէս կռնակի ցաւէ տառապողներուն 90%ը կը բարելաւուի 2-4 շաբաթներու ընթացքին. մնացեալ 10%ն է որ կը կարօտի աչալուրջ եւ երկարատեւ բժշկական խնամքի, ինչպէս նաեւ հիւանդին երկարաշունչ համբերութեան ու հասկացողութեան։
Բժիշկը մեծ ուշադրութիւն կեդրոնացնելու է հետեւեալ հիւանդներուն՝
- 20 տարեկանէն վար եւ 60 տարեկանէն վեր հիւանդներ,
- Հարուածի ենթակայ եղողներ, բարձրութենէ վար ինկողներ եւ ինքնաշարժի արկած ունեցողներ,
- Կարճ ժամանակամիջոցի մէջ ցաւի սաստկացում ունեցողներ,
- Անցեալին խլիրդէ տառապողներ,
- Երկարատեւ cortisone գործածողներ,
- AIDS- պարագաներ,
- Միզարձակութիւն եւ կղկղանքարձակութիւն ունեցողներ,
- Ոտքերու տկարութիւն, անզգայութիւն եւ թմրութիւն, ինչպէս նաեւ քալելու անկարողութիւն ունեցողներ:
Դարմանումի միջոցառումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Կատարեալ անկողնային հանգիստ,
- Միջակ կարծրութեամբ անկողինի գործածութիւն,
- Ցաւաբեկ դեղերու գործածութիւն,
- Տեղայնական ջերմութեան գործածութիւն,
- Թեթեւ պարզ մարզանք հիւանդութեան սկզբնաւորութեան, ապա յատուկ մարզանքներ.
- Չգիրնալ, իսկ գէր անձերու պարագային՝ նիհարնալ.
- Դարմանելով կռնակի ցաւին թէ՛ հիմնական եւ թէ՛ երկրորդական ախտապատճառները դեղերով եւ վիրաբուժական գործողութիւններով։
Կանխազգուշացում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հիմնական ախտապատճառներով յառաջացած կռնակի ցաւի հաւանականութիւնը կարելի է նուազագոյնի իջեցնել, որոշ պարագաներուն մէջ
- Հեռու մնալ անշարժութենէ եւ նստակեաց կեանքէ,
- չգիրնալ, իսկ գէր անձերու պարագային՝ նիհարնալ,
- սխալ շարժումներ չընել, ծանր առարկաներ չշալկել, մանաւանդ ծանր պայուսակ մը երկար ժամանակ ուսէն չկախել,
- սխալ դիրքորոշումով համակարգիչին դիմաց ժամերով չնստիլ,
- նստիլ ճիշդ համակարգիչին դիմաց եւ աչքերը պահել պաստառին բարձրութեան,
- սխալ դիրքորոշումով ֆիզիքական աշխատանք չտանիլ,
- ուղիղ կեցուածք ունենալ,
- ուղիղ քալել, նստիլ եւ կանգնիլ,
- քնանալ միջակ կարծրութեամբ անկողինի վրայ. շատ փափուկ անկողինը կը ձեւափոխէ ողնայարը,
- Երկար տեւողութեամբ փորի վրայ չպառկիլ, որպէսզի ողնայարին ուղիղ դիրքը չխախտի։ Պառկիլ կողմնակի եւ կամ կռնակին վրայ ու գործածել հանգստաւէտ բարձ մը,
- Բարձր կրունկով կօշիկ չհագնիլ, որպէսզի ողնայարը չծռի,
- հետեւիլ առողջ սննդականոնի, հարուստ՝ կիրով եւ ֆոսֆորով,
- գործածել կարեւոր կենսանիւթեր՝ մասնաւորապէս D կենսանիւթը։
Երկրորդական ախտապատճառներով յառաջացած կռնակի ցաւի հաւանականութիւնը, որոշ պարագաներու մէջ, կարելի է նուազագոյնի իջեցնել՝ հիմնական ախտապատճառը դարմանելով շատ կանուխէն։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 1 2 «Paresthesia Definition and Origin»։ dictionary.com։ արտագրուած է՝ 1 Օգոստոս 2015-ին
- ↑ Church E, Odle T. Diagnosis and treatment of back pain. Radiologic Technology [serial online]. November 2007;79(2):126-204. Available from: CINAHL Plus with Full Text, Ipswich, MA. Accessed December 12, 2017.
- ↑ Կռնակի ցաւ
- ↑ Մէջքի ցաւի ենթակայ անձեր
- ↑ Ախտապատճառներ