Jump to content

Մերի Ուոլսթոնքրաֆթ

Մերի Ուոլսթոնքրաֆթ
Mary Wollstonecraft
Մերի Ուոլսթոնքրաֆթ, 1797
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Mr. Cresswick[1]
Ծնած է 27 Ապրիլ, 1759
Ծննդավայր Սբիթաֆիլտս, Լոնտոն, Միացեալ Թագաւորութիւն
Մահացած է 10 Սեպտեմբեր, 1797
Մահուան վայր Սոմերս Թաուն, Միդլեքս, Մեծն Բրիտանիոյ Թագաւորութիւն[2] և Լոնտոն, Մեծն Բրիտանիոյ Թագաւորութիւն[3]
Քաղաքացիութիւն  Մեծն Բրիտանիոյ Թագաւորութիւն
Կրօնք Միաստուածութիւն, անգլիականութիւն[2] և Երրորդութեան վարդապետութեան մերժում[2]
Ազդուած է Թոմաս Փեյն?, Richard Price?[2] և Joseph Johnson?[2]
Երկեր/Գլխաւոր գործ A Vindication of the Rights of Woman
Մասնագիտութիւն թարգմանիչ, փիլիսոփայ, պատմաբան, վիպասան, ակնարկագիր, տնային դաստիարակ, proprietor, գրող ճանապարհորդ, մանկագիր, գրագէտ և ֆեմինիստ
Ամուսին Ուիլիամ Կոտուին[4] և Gilbert Imlay?[4]
Ծնողներ հայր՝ Edward John Wollstonecraft?[5][4], մայր՝ Elizabeth Dixon?[5][4]
Երեխաներ Մերի Շելլի[4][6] և Fanny Imlay?[4]

Մերի Ուոլսթոնքրաֆթ (27 Ապրիլ, 1759 - 10 Սեպտեմբեր, 1797)․ անգլիացի գրող եւ փիլիսոփայ՝ յայտնի կնոջ իրաւունքներուն իր պաշտպանութեամբ: Մինչեւ Ի․ դարու վերջերը, Ուոլսթոնքրաֆթի կեանքը աւելի ուշադրութիւն գրաւած է քան իր գրութիւնները՝ որոնք ընդգրկած են քանի մը ոչ սովորական (այդ ժամանակին համար) անձնական յարաբերութիւններ։ Ուոլսթոնքրաֆթ կը համարուի ֆեմինիստ փիլիսոփաներուն հիմնադիրներէն մէկը, եւ ֆեմինիստները յաճախ կը մեջբերեն իր կեանքը եւ թէ՛ իր գործերը իբրեւ կարեւոր ազդեցութիւններ։

Իր կարճատեւ ասպարէզին ընթացքին ան գրեց վէպեր, ուսումնասիրութիւններ, ճամբորդական պատմութիւն մը, Ֆրանսական Յեղափոխութեան պատմութիւն մը, վարուելակերպի գիրք մը եւ մանկական գիրք մը։ Ուոլսթոնքրաֆթ նաեւ յայտնի է «Ի պաշտպանութիւն Իրաւանց Կնոջ» (1792) գործով, որուն մէջ ան կը պնդէ թէ կիները բնականօրէն տղամարդոցմէ վար չեն, այլ այդպէս կը թուին միայն որովհետեւ կրթութիւն չունին։ Ան կ’ առաջարկէ որ թէ՛ տղամարդիկը եւ թէ՛ կիները պէտք է դիտուին որպէս բանական էակներ եւ կը պատկերացնէ ընկերային կարգ մը հիմնուած բանականութեան վրայ։

Առաջին տարիներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մերի Ուոլսթոնքրաֆթ ծնած է 27 Ապրիլ 1759-ին, Լոնտոնի Սբիթաֆիլտս թաղամասը։ Էլիզապեթ Տիքսոնի եւ Էտուարդ Ճոն Ուոլսթոնքրաֆթի եօթը զաւակներէն երկրորդն էր։ Ընտանիքին տնտեսական ծանր կացութիւնը ստիպեց իր հօր յանձնել չափահասութեան ժամանակ ժառանգելիք գումարը։

Ուոլսթոնքրաֆթի կեանքի վաղ շրջանին մէջ երկու բարեկամութիւններ ձեւաւորած են զինք: Առաջինը Ճէյն Արտընի հետ էր, Պէվըրլիի մէջ: Անոնք յաճախ գիրքեր կը կարդային միասին եւ կը մասնակցէին Արտընի հօր կողմէ ներկայացուող դասախօսութիւններուն, որ ինքն իրեն փիլիսոփայ եւ գիտնական կը համարէր: Երկրորդ եւ աւելի կարեւոր բարեկամութիւնը Ֆաննի (Ֆրանսիս) Պլատի հետ էր, որուն Ուոլսթընքրաֆթը ծանօթացաւ Հոքսթըն բնակող Քլերզ զոյգին կողմէ՝ որոնք իրեն ծնողական դէմքեր դարձան. Ուոլսթընքրաֆթը Պլատին վերագրեց իր միտքը բանալու պատիւը:

Մեծնալ եւ տնտեսապէս անկախ ըլլալ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուոլսթոնքրաֆթ երազած էր ապրիլ Պլատին հետ կնոջական դրախտի մէջ. սենեակ վարձելու եւ զիրար զգացականապէս ու տնտեսապէս օժանդակելու ծրագիրներ կը մշակէին, սակայն այդ երազը տնտեսական իրողութիւններուն տակ փլեցաւ։ Իրենց ապրուսը հոգալու համար, Ուոլսթոնքրաֆթ, իր քոյրերը եւ Պլաթ, Նիուինկթըն Կրինի մէջ՝ այլակարծներու համայնքի մը մէջ, դպրոց մը հիմնեցին։ Շուտով Պլատ նշանուեցաւ եւ ամուսնութենէն ետք, ամուսինին՝ Հիւ Սքէյսիին հետ, փոխադրուեցաւ Լիզպոն, Փորթուկալ, յուսալով թէ այդ փոփոխութիւնը կը բարելաւէր իր առողջութիւնը, որ միշտ փխրուն եղած էր։ Հակառակ շրջապատի փոփոխութեան, Պլատի առողջութիւնը աւելի վատթարացաւ երբ յղիացաւ։ Որպէսզի ընկերոըհիին օգտակար հանդիսանայ, 1785-ին Ուոլսթոնքրաֆթ լքեց դպրոցը եւ հետեւեցաւ Պլատին իրեն խնամելու համար, սակայն ապարդիւն։ Պլատին մահը ջախջախեց Ուոլսթոնքրաֆթը, սակայն անոր առաջին վէպին՝ «Մէրի. Կեղծուածք մը» (1788) ներշնչման պատճառ կ՛ըլլայ։

Մերի Ուոլսթոնքրաֆթ, 1790-1791, գործ՝ Ճոն Օբի

Իր լաւագոյն բարեկամուհիին մահէն ետք, ան ստանձնեց Քինկսպրօ ընտանիքին մանուկներուն դաստիարակչուհիի պաշտօնը։ Թէեւ մանուկներուն մօր հետ կապը լաւ չէր, սակայն մանուկներէն մէկը՝ Մարկարեթը, որ ապագային պիտի դառնար կանանց ազատագրման նուիրուած գործերու հեղինակ,յայտնեց թէ Մերին «իր միտքը բացաւ նախապաշարումներէն»։ Այդ ժամանակաշրջանի փորձառութիւններէն ոմանք նիւթ հանդիսացան իր միակ մանկական գիրքին՝ «Իրական կեանքէն վերցուած բնագիր պատմութիւններ»ուն (Original Stories from Real Life, 1788)։

Գրական առաջին քայլեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այդ ժամանակաշրջանին կնոջ համար նախատեսուած մասնագիտական ընտրանքները, մանաւանդ նուազ արտօնեալներուն համար, Մերիին տհաճութիւն կը յառաջացնէին: Ան իր ժամանակին համար քաջ եւ հակասական որոշում մը կայացուց՝ զինուիրելով գրելու: Ան տեղափոխուեցաւ Լոնտոնի Սաութարք շրջանը եւ ազատական հրատարակիչ Ճոզէֆ Ճոնսընի օգնութեամբ գտաւ իր սեփական բնակարանն ու աշխատանք: Ան նաեւ սորվեցաւ ֆրանսերէն եւ գերմաներէն, ու թարգմանեց գրութիւններ, ինչպէս օրինակ՝ Ժագ Նեքերի «Կրօնական Կարծիքներու Կարեւորութեան Մասին» (De l'importance des opinions religieuses, 1788) եւ Քրիստիան Կոթհիլֆ Զալցմանի «Բարոյական Պատմութիւններ՝ Տղաներու Եւ Աղջիկներու Սրտերը Կազմաւորելու Համար» (Moralischen Erzählungen zur Bildung des Herzens für Knaben und Mädchen, 1791) գիրքերը: Այդ ընթացքին ան գրեց «Մտքեր Աղջիկներու Կրթութեան Մասին» (Thoughts on the Education of Girls, 1787) եւ գրախօսականներ Ճոնսընի Analytical Review պարբերաթերթին մէջ։

Կողք Original Stories from Real Life գիրքին

Անոր միտքը զարգացաւ շնորհիւ ընդարձակ ընթերցումներուն՝ պարբերաթերթին կարիքներուն համար եւ իր շրջապատին. Ճոնսընի տուած նշանաւոր ընթրիքներուն ընթացքին ծանօթացաւ արմատական յօդուածագիր Թոմաս Փէյնի եւ փիլիսոփայ Ուիլիըմ Կոտուինի հետ։ Միեւնոյն ժամանակ, բարեկամական կապեր ունէր «Կապոյտ Գուլպաներու Ընկերութեան» անդամներուն հետ, որ կը բաղկանար կիրթ կիներէ եւ կը քարոզէր սեռերու հաւասարութեան եւ համերաշխութեան ընկերային եւ կրթական շարժումը։ Յարաբերութիւն սկսաւ Հենրի Ֆիւզլիի հետ, զուիցերիացի գեղանկարիչ եւ գծագրող մը, որ սակայն ամուսնացած էր։ Երբ Ուոլսթոնքրաֆթ առաջարկեց պղատոնական համատեղ բնակութիւն մը զոյգին հետ, Ֆիւզլիի կինը զայրացաւ եւ Ֆիւզլի խզեց յարաբերութիւնը։

Հռչակի հաստատում եւ անցում Ֆրանսիա

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ասկէ ետք, մեկնեցաւ Ֆրանսա, ուր մասնակցեցաւ յեղափոխութեան հետեւած շարժումներուն, որոնք ողջունած էր «Մարդու իրաւունքներուն պաշտպանութիւն» (A Vindication of the Rights of Men, 1790) գիրքին մէջ, զոր գրած էր իբր պատասխան Ուիկսի (Whigs) խորհրդարանական Էտմունտ Պըրքի կողմէ յեղափոխութեան դատապարտութեան։ Գիրքին յաջողութիւնը Մերիին հմաբաւ կու տայ։ Գործը սկիզբը հրատարակուեցաւ անանուն, բայց 20 օր ետք վերահրատարակուեցաւ իր անունով։ Շատեր Ուոլսթոնքրաֆթը համեմատեցին Փէյնին եւ իր «Մարդու իրաւունքներ» (Rights of Man, 1791) գիրքին, ինչպէս նաեւ Ժոզեֆ Փրիսթլիին՝ աստուածաբան, քաղաքական գործիչ եւ բնական փիլիսոփայ, քիմիագէտ եւ գրող ուրիշներու հետ։ Իր գաղափարները աւելի մանրամասնօրէն զարգացան «Կնոջ իրաւունքներուն պաշտպանութիւն» (A Vindication of the Rights of Woman, 1791) գործին մէջ, որ իր կարեւորագոյն եւ ազդեցիկ գործը հանդիսացաւ։ Իր համբաւը տարածուեցաւ նաեւ Անգլիայէն դուրս՝ երբ Ֆրանսայի դեսպան Թալեյրան ճամբորդեց Լոնտոն, այցելեց զինք, եւ Ուոլսթոնքրաֆթ Ֆրանսական պետութենէն խնդրեց հոգալ եւ տղաներուն եւ աղջիկներուն համար հաւասար կրթութեան շնորհել։

Մերի Ուոլսթոնքրաֆթի յուշարձան, Բիուինկթոն Կրին, Լոնտոն, 2020

Ուոլսթոնքրաֆթ դարձեալ այցելեց Ֆրանսա, նախքան Լուի ԺԶ.-ի կախամահը, երբ երկիրը պատերազմի եզրին էր Միացեալ Թագաւորութեան հետ (1792)։ Բարեկամներուն զգուշացումներուն հակառակ, ան գնաց խռովայոյզ Փարիզ ու փնտռեց ուրիշ անգլիացիներ, ինչպէս գրագիտուհի Հելեն Մարիա Ուիլիըմսը, ու մտաւ իրենց շրջանակը։ Քաղաքականապէս աւելի մօտ էր չափաւոր Ժիրոնտիններուն քան մոլեռանդ Յակոբինեաններուն։ 1793-ին Անգլիա պատերազմ յայտարարեց Ֆրանսային դէմ եւ Ուոլսթոնքրաֆթ փորձեց անցնիլ Զուիցերիա, բայց իրեն արգիլուեցաւ։ Շուտով, բոլոր օտարերկրեայ ճամբորդները սկսան խիստ հսկողութեան տակ գտնուիլ․ պէտք էր ստորագրել փաստաթուղթեր, որոնք կը յայտարարէին իրենց հաւատարմութիւնը վարչակարգին, սակայն Ապրիլ 1793-էն սկսեալ իրենց արգիլուեցաւ երկրէն դուրս գալ։ Որպէս օտար եւ Ժիրոնտիններուն բարեկամ, Ուոլսթոնքրաֆթ մեծ ճնշումի տակ կ'ապրէր, մինչ իր բազմաթիւ բարեկամները մահապատիժի կ'ենթարկուէին իբրեւ պետութեան թշնամիներ։ Ան գրաւոր կերպով արտայայտեց իր զզուանքը նոր վարչակարգին հանդէպ եւ դատապարտեց Յակոբինեաններուն կեցուածքը կանանց հանդէպ։

Անձնական կեանք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկու դժբախտ սիրային պատմութիւններէ ետք, Հենրի Ֆիւսելիի եւ Կիլպերթ Իմլէյի հետ (որմէ ունեցաւ դուստր մը՝ Ֆաննի Իմլէյ), Ուոլսթոնքրաֆթ ամուսնացաւ փիլիսոփայ Ուիլիամ Կոտուինի հետ, որ անարխիստական շարժման նախահայրերէն եղած է: Ուոլսթոնքրաֆթ մահացաւ 38 տարեկանին, ձգելով կիսաւարտ ձեռագիրներ: Մահացաւ իր երկրորդ դստեր՝ Մերի Շելլիի ծնունդէն 11 օր ետք, որ դարձաւ արհեստավարժ գրող եւ «Ֆրանքենշթայն»-ի հեղինակը:

Գրուած Ուոլսթոնքրաֆթի կողմէ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Thoughts on the Education of Daughters: With Reflections on Female Conduct, in the More Important Duties of Life. Լոնտոն, Joseph Johnson, 1787.
  • Mary: A Fiction. Լոնտոն, Joseph Johnson, 1788.
  • Original Stories from Real Life: With Conversations Calculated to Regulate the Affections and Form the Mind to Truth and Goodness. Լոնտոն, Joseph Johnson, 1788.
  • The Female Reader: Or, Miscellaneous Pieces, in Prose and Verse; selected from the best writers, and disposed under proper heads; for the improvement of young women. By Mr. Cresswick, teacher of elocution [Mary Wollstonecraft]. To which is prefixed a preface, containing some hints on female education. Լոնտոն, Joseph Johnson, 1789.
  • A Vindication of the Rights of Men, in a Letter to the Right Honourable Edmund Burke. Լոնտոն, Joseph Johnson, 1790.
  • A Vindication of the Rights of Woman with Strictures on Moral and Political Subjects. Լոնտոն, Joseph Johnson, 1792.
  • "On the Prevailing Opinion of a Sexual Character in Women, with Strictures on Dr. Gregory's Legacy to His Daughters". New Annual Register (1792): 457–466.
  • An Historical and Moral View of the French Revolution; and the Effect It Has produced in Europe. ա․ հատոր, Լոնտոն, Joseph Johnson, 1794.
  • Letters Written during a Short Residence in Sweden, Norway, and Denmark. London: Joseph Johnson, 1796.
  • "On Poetry, and Our Relish for the Beauties of Nature". Monthly Magazine (Ապրիլ 1797).
  • The Wrongs of Woman, or Maria. Posthumous Works of the Author of A Vindication of the Rights of Woman. Ed. William Godwin. London: Joseph Johnson, 1798.
  • "The Cave of Fancy". Posthumous Works of the Author of A Vindication of the Rights of Woman. Ed. William Godwin. Լոնտոն Joseph Johnson, 1798.
  • "Letter on the Present Character of the French Nation". Posthumous Works of the Author of A Vindication of the Rights of Woman. Ed. William Godwin. Լոնտոն Joseph Johnson, 1798.
  • "Fragment of Letters on the Management of Infants". Posthumous Works of the Author of A Vindication of the Rights of Woman. Ed. William Godwin. Լոնտոն Joseph Johnson, 1798.
  • "Lessons". Posthumous Works of the Author of A Vindication of the Rights of Woman. Ed. William Godwin. Լոնտոն Joseph Johnson, 1798.
  • "Hints". Posthumous Works of the Author of A Vindication of the Rights of Woman. Ed. William Godwin. London: Joseph Johnson, 1798.
  • Contributions to the Analytical Review (1788–1797)

Թարգմանուած Ուոլսթոնքրաֆթի կողմէ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Necker, Jacques. Of the Importance of Religious Opinions. Trans. Mary Wollstonecraft. Լոնտոն, Joseph Johnson, 1788.
  • de Cambon, Maria Geertruida van de Werken. Young Grandison. A Series of Letters from Young Persons to Their Friends. ա․ եւ բ․ հատորներ, Լոնտոն, Joseph Johnson, 1790.
  • Salzmann, Christian Gotthilf. Elements of Morality, for the Use of Children; with an introductory address to parents. ա․ եւ բ․ հատորներ, Լոնտոն, Joseph Johnson, 1790-1793

[7] [8] [9] [10] [11] [12] [13] [14] [15] [16]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. https://www.wwp.northeastern.edu/review/authors/mwollston.hoi
  2. 1 2 3 4 5 Oxford Dictionary of National Biography / C. Matthew, D. CannadineOxford: OUP, 2004.
  3. Չեխիայի ազգային գրադարանի կատալոգ
  4. 1 2 3 4 5 6 Kindred Britain
  5. 1 2 Lundy D. R. The Peerage
  6. Գերմանիայի ազգային գրադարանի կատալոգ
  7. Օքսֆորտ համալսարան․ Oxford Learner's Dictionaries, Մերի Ուոլսթոնքրաֆթ(անգլերէն)
  8. The Project Gutenberg EBook-Յուշեր «Իրաւունքներու Պաշտպանութիւնը Կնոջ» Գիրքին Հեղինակէն, Ուիլիամ Կոտուին, 1798(անգլերէն)
  9. Մերի Ուոլսթոնքրաֆթ․ կենսագրական․ Էլէանոր Ֆլեքսեր 1972, 307էջ(անգլերէն)
  10. Մերի Ուոլսթոնքրաֆթին լրիւ գործը, Mary Wollstonecraft, Ամազոն գիրքեր, Լոնտոն William Pickering, 1989. ISBN 978-0-8147-9225-4. (անգլերէն)
  11. Մերի Ուոլսթոնքրաֆթը պատուող մերկ արձան մը քննադատութիւններու պատճառ դարձաւ, NBC News. 10 Նոյեմբեր 2020(անգլերէն)
  12. Մերի Ուոլսթոնքրաֆթին կեանքն ու գործը, Էլիզապեթ Ռոպինս Բենել, Պոսթոն, Roberts Brothers, 1884), 351(անգլերէն)
  13. BBC - Մերի Ուոլսթոնքրաֆթ, Բրիտանացի առաջին ֆեմինիսթը(անգլերէն)
  14. Shelley and His Circle, 1773-1822 ..., բ․ հատոր․Մերի Ուոլսթոնքրաֆթին մահը, անոր ձեռագիրները(անգլերէն)
  15. Open Library-Մերի Ուոլսթոնքրաֆթ, գործեր(անգլերէն)
  16. Մերի Ուոլսթոնքրաֆթ, BBC(անգլերէն)