Մեսրոպ Ծայրագոյն վարդապետ Ճուրեան

Մեսրոպ Ծայրագոյն Վարդապետ Ճուրեան, (1931-2008), հոգեւորական

Հայ Կաթողիկէ զմմառեան միաբան Հայր Մեսրոպ Ծայրագոյն վարդապետ Ճուրեան ծնած է Քեսապ, սուրիա 1931-ին: 1945-1953՝ ուսանած է Զմմառու Նորընծայարանին մէջ, ապա մեկնած Հռոմ, ուր Յիսուսեան հայրերու Գրիգորեան Համալսարանին մէջ հետեւած է իմաստասիրական եւ աստուածաբանական բաձրագոյն կրթութեան: Կուսկարօն քահանայ ձեռնադրուած է 1959-ին, ձեռամբ կարդինալ Աղաճանեանի: Աստուածաբանական ուսումը ամբողջացուցած է Յիսուսեան Հայրերու Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ Համալսարանին մէջ։ Հովուական-Ժողովրդապետական եւ կրթական բեղուն գործունէութիւն ծաւալած է Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Հռոմի մէջ:Տարիներ շարունակ վարած է Պուրճ Համուտի Հայ Կաթողիկէ Աւետիք Պատրիարքական պաշտօնաթերթին խմբագրութիւնը, միաժամանակ ստորագրելով տարաբնոյթ յօդուածներ:Ճուրեան Վարդապետի գրական ժառանգութիւնը կը բաղկանայ առաւելաբար հոգեւոր-կրօնական ու եկեղեցական տասնեակ մը գիրքերէ ու հարիւրաւոր յօդուածներէ եւ թարգմանութիւններէ:Մատենագիտական իր աշխատանքին հիմնական վաստակը Ցուցակ Զմմառու Մատենադարանի Հայերէն Հնատիպ Գիրգերուն արժէքաւոր աշխատանքն է (լուսատիպով հրատարակուած 1938-ին), որ կ'ընդգրկէ Զմմառու Մատենադարանին մէջ գտնուող 1512-1800 թուականներուն հրատարակուած 335 Հայերէն գիրքերու ամբողջական ցուցակը, վերստուգուած Զարբհանալեանի Հայկական Մատենագիտութիւն եւ Անասեանի Հայ Հնատիպ Գրգի Մատենագիտական Ցուցակ աշխատութիւններուն տուեալներով ու հետեւելով անոնց մեթոտաբանութեան: Բաց աստի, Աւետիքի էջերուն մէջ ցրուած կը մնան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատմութեան նուիրուած իր յօդուածները, որոնք հաւանաբար փոքր մասնիկներն են Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատմութիւնը անտիպ հատորին: Իր թուղթերուն մէջ կը մնայ նաեւ Հայ Ծիսագիտութեան Պատմութիւն հատորի ձեռագիրը: Ճուրեան վարդապետի մահով անիրագործելի մնացին նաեւ Ե.-ԺԵ. դարերու Հայ Եկեղեցւոյ ընդհանուր պատմութիւնը գրելու իր մտադրութիւնը, ինչպէս նաեւ զանազան աշխատանքներ:

Ճուրեան վարդապետ վախճանեցաւ 16 Նոյեմբեր 2008-ին, Զմմառ:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս», Հատոր Ի.Թ., Պէյրութ, 2009, էջ 444