Jump to content

Մենք (պարբերագիրք)

Մենք
Menk և Մենք
Տեսակ գրական ամսագիր?
Լեզու հայերէն

Մենք հայ գրական պարբերագիրք, հրատարակուած Փարիզի մէջ 1931-1932 թուականներուն: Պարբերաթերթը ունեցաւ 5 թիւ միայն, վերջին երկուքը միացեալ վիճակով 1932-ին:[1]

Պարբերաթերթը հիմնադրուեցաւ 15 երիտասարդ գրողներու կողմէ, որոնց գլխաւոր դէմքերը եղան:

  • Վազգէն Շուշանեան
  • Նիկողոս Սարաֆեան
  • Շահան Շահնուր
  • Շաւարշ Նարդունի
  • Նշան Պէշիկթաշլեան

Ծրագիր եւ նպատակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առաջին թիւը, որ պարունակեց 68 էջ, բացուեցաւ հիմնադիր 15 գրողներուն ստորագրութիւնը կրող ծրագիր-յայտարարութեամբ մը: Այս յայտարարութիւնը կ՛առաջադրէր ստեղծել հաւաքական ուժ մը եւ «փնտռել հասարակաց գիծեր, ներշնչումներ, մտահոգութիւններ, ճամբայ հարթել, որոնել եւ կերպարանք տալ ընդհանուր հանգանակի մը, որ համապատասխանէ հայ մշակոյթի պահանջներուն»:

Կապ մը նախորդ սերունդի հետ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Մենք»-ը շատ մօտէն կը յիշեցնէ կանխող սերունդի յեղափոխական հանդէսը՝ «Մեհեան»-ը:

Բովանդակութիւն եւ զարգացում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թիւերուն յաջողութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Մենք»-ի առաջին երկու թիւերուն մէջ ներկայ էին բոլոր հիմնադիրները, ստեղծագործական թէ վերլուծական գրութիւններով: Սակայն յաջորդող երեք թիւերէն կը բացակային ամէնէն աւելի համարում ստեղծած ուժերը, ինչպէս Վազգէն Շուշանեան եւ Նիկողոս Սարաֆեան:

Այս պարագան բախտորոշ հարուած մը եղաւ պարբերաթերթին, այն իմաստով մանաւանդ, որ առաջիններուն համեմատութեամբ սովորական թիւեր միայն կրցան ըլլալ վերջինները, մեծ մասով զուրկ շունչէ ու արիւնէ:

«Մենք»-ի հինգ թիւերուն մէջ լոյս տեսած են թէ՛ բանաստեղծութիւններ եւ թէ արձակ էջեր, բայց անոնք առանձին փայլ մը չունին: Այս պարբերաթերթին ամբողջ արժէքն ու հմայքը պէտք է փնտռել իր էջերուն դրսեւորուած դժգոհութեան ու կիրքին մէջ, սուտ կուռքերը տապալելու յանդգնութեան ու արդար, իրաւ, լուսաւոր գեղեցկութիւններ յայտնաբերելու իր այլազան կարօտներուն մէջ:

«Մենք»-ի յեղափոխական մտայնութիւնն ու կիրքը վարակիչ դարձան ու զգալի դեր մը կատարեցին հետագայ սերունդներուն կազմաւորման մէջ:

Բացի վերոյիշեալ հիմնադիր դէմքերէն, «Մենք»-ի մէջ գրութիւններ ունեցան նաեւ:

Անոր աշխատակցած են նաեւ Յարութ Կոստանդեան եւ Պետրոս Զարոյեան:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Jacqueline Pluet-Despatin (juin 1997). «Revue du monde arménien moderne et contemporain». Revue des revues (ֆրանսերեն) (23).