Մեծ Կիրճի «Երկնաքայլ»

Մեծ Կիրճի «Երկնաքայլ», (Grand Canyon Skywalk), պայտաձեւ կախուած կամրջակ՝ ապակիէ պատրաստուած քայլուղիով, որ կը գտնուի Արիզոնա նահանգի Իկըլ Փոյնթ (Eagle Point) կոչուող վայրին մէջ, Քոլորատօ գետին (Colorado River) քով, Մեծ Կիրճի (Grand Canyon) կողային ձորերէն մէկուն եզերքին։
Անիկա բացուած է իբրեւ զբօսաշրջային տեսարժան վայր մը՝ 2007 թուականին եւ կը գտնուի Մեծ Կիրճի Ազգային Պարտէզին (Grand Canyon National Park) պաշտօնական սահմաններէն դուրս[1]։
Ըստ ԱՄՆ Երկրաբանական ծառայութեան (USGS) տեղագրական քարտէսներուն՝ «Երկնաքայլ»ին բարձրութիւնը ծովու մակերեսէն 4,770 ոտք (1,450 մեթր) է։
Կիրճին յատակը հոսող Քոլորատօ գետին մակերեսը կը գտնուի 1,160 ոտք (350 մեթր) բարձրութեան վրայ։ Քայլուղիէն ուղիղ վար գտնուող ուղղաձիգ անկումը մօտաւորապէս 500-800 ոտք (150-240 մեթր) է։
Այս տեսարժան վայրը կը գտնուի Կրանտ Քէնյըն Ուեսթ օդակայանէն (Grand Canyon West Airport) անմիջապէս հիւսիս եւ շուրջ 75 մղոն (121 քմ) արեւելք՝ Լաս վեկաս քաղաքէն, թէեւ ինքնաշարժով անցնելիք ճանապարհը շուրջ 130 մղոն (210 քմ) է։
10,000-էն աւելի բնակչութիւն ունեցող մօտակայ քաղաքը Քինկմէնն (Kingman) է, որ կը գտնուի շուրջ 50 մղոն (80 քմ) հարաւ։
«Երկնաքայլ»ը պատուիրուած եւ սեփականութիւնն է Հուալափի Ցեղին (Hualapai Tribe)։ Անիկա հանդիսաւոր կերպով բացուած է 20 Մարտ 2007-ին, իսկ հանրութեան համար իր դռները բացած է 28 Մարտ 2007-ին[2]։
Տարիներու ընթացքին, այս տեսարժան վայրին պատասխանատուները բազմիցս յայտարարած են, թէ տարեկան այցելուներուն թիւը անցած է մէկ միլիոնը, եւ այդ ցուցանիշը առաջին անգամ արձանագրուած է 2015 թուականին։
Կառուցում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Տէյվիտ Ճին (David Jin)՝ զբօսաշրջութեան մարզին մէջ երկար տարիներ գործունէութիւն ծաւալած եւ Հուալափի Ցեղին հետ համագործակցած գործարանատէր մը, առաջինն էր, որ կ'առաջարկէ հարթակ մը երկարացնել Մեծ Կիրճին եզերքէն դուրս[3]։
Մարք Ռոս Ճոնսըն (Mark Ross Johnson) ճարտարապետին աջակցութեամբ այդ գաղափարը նախ կը վերածուի ուղղանկիւն քայլուղիի նախագիծի, ապա կը զարգանայ եւ կը ստանայ այսօրուան պայտաձեւ (U-աձեւ) կառուցուածքը։
Ծրագիրին գլխաւոր շինարարական կապալառուն էր Լաս Վեկասի «Executive Construction Management» ընկերութիւնը, իսկ նախագիծին սեփականատէրն ու ղեկավարն էր Սքոթ Քլեմփքը։
«Երկնաքայլ»ին ընդհանուր լայնքը 65 ոտք (20 մեթր) է, իսկ կիրճին եզերքէն դէպի դուրս երկարող մասը՝ 70 ոտք (21 մեթր)։ Կառոյցը կը յենի ութ քառակուսի պողպատեայ սիւներու վրայ, որոնցմէ չորսը կը գտնուին այցելուներու կեդրոնի իւրաքանչիւր կողմը։ Այս սիւները զոյգերով ամրացուած են չորս մեծ պեթոնէ հիմքերու մէջ, որոնք իրենց կարգին ժայռին ամրացուած են բարձր ամրութեան պողպատեայ ձողերով, խոր թափանցելով ժայռին մէջ։
Քայլուղիին յատակը պատրաստուած է չորս շերտ ցած երկաթ պարունակող «Սէն-Կոպէն Տիաման» («Saint-Gobain Diamant») ապակիով, որոնց միջեւ գործածուած է «ՏիւՓոնթ ՍենթրիԿլաս» («DuPont SentryGlas») պաշտպանիչ միջշերտը։
Յատակին լայնքը 10 ոտք 2 մատնաչափ (3.10 մեթր) է։ Կողային ապակեայ պաշտպանիչ պատնէշներն ալ նոյն տեսակի ապակիով պատրաստուած են, սակայն երկու շերտով, որպէսզի համապատասխանին քայլուղիին կորութեան։ Անոնց բարձրութիւնը 5 ոտք 2 մատնաչափ (1.57 մեթր) է եւ նախատեսուած են ուժեղ քամիներու ճնշումին դիմանալու համար։

«Երկնաքայլ»ին յատակը նախագծուած է դիմանալու մէկ քառակուսի ոտքի վրայ 490 քկ/մ² մարդու ծանրաբեռնուածութեան, ինչպէս նաեւ երկրաշարժի եւ քամիի նկատմամբ շինարարական չափանիշներով պահանջուած ուժերուն։ Հիմքը կրնայ դիմանալ մինչեւ 8.0 աստիճանի երկրաշարժի, եթէ անիկա տեղի ունենայ 50 մղոն (80 քմ) շառաւիղի մէջ։
Շինարարութեան ընթացքին, կատարուած են նաեւ քամիի ազդեցութեան եւ հետիոտներու քայլերէն յառաջացող տատանումներու մանրամասն ուսումնասիրութիւններ։ Այդ տատանումները նուազեցնելու համար, տեղադրուած են երեք յատուկ զանգուածային տատանում մեղմացնող սարքեր (tuned mass dampers)։ Կառոյցը տեսականօրէն կրնայ միաժամանակ կրել 822 անձ, իւրաքանչիւրը՝ 91 քկ կշիռքով, սակայն անվտանգութեան նկատառումներով, միաժամանակ թոյլատրուած առաւելագոյն այցելուներուն թիւը 120 է[4]։
«Երկնաքայլ»ը ամբողջութեամբ հաւաքուած է կիրճին եզերքին վրայ, ապա յատուկ բարձրացնող եւ սահեցնող սարքերու օգնութեամբ, տեղափոխուած է իր վերջնական դիրքը։ Հակակշիռները առանց հաշուելու՝ կառոյցին հիմնական զանգուածը կը գերազանցէ 450,000 քկ.ը, իսկ ապակիները, պողպատեայ ճառագայթները, պաշտպանիչ ճաղերը եւ տատանում մեղմացնող սարքերը ներառելով՝ տեղափոխման պահուն անոր կշիռքը շուրջ 730,000 քկ էր։
Տեղափոխման ամբողջ գործընթացը կ'աւարտի երկու օրուան ընթացքին[5]։