Մելքոն Հայրապետեան
Արտաքին տեսք
Մելքոն Հայրապետեան |
---|
Մելքոն Հայրապետեան, բնիկ Տարսոնցի, ուր ծնած է 1892-ին, շրջանաւարտ Տարսոնի ամերիկեան Գոլէճէն 1913-ին Պ. Ա. Տիտղոսով։ Կ՛անցնի Պէյրութ եւ 1920-ին կ՛աւարտէ Ամերիկեան Համալսարանի Բժշկական ճիւղը։ Երկար տարիներ Կ՛ըլլայ դասախօս միեւնոյն համալսարանին մէջ եւ բժիշկ համալսարանի համայնքին։ Իր պաշտօնավարութեան շրջանին մեծ հոգ տարած է համալսարանի Հայ Ուսանողաց Միութեան։ Ներքին բազմաթիւ դժուարութեանց յաղթելով, կը ջանայ սոյն Միութիւնը կանգուն պահել։ Բժշկական մասնագիտութիւնը կը կիրարկէ խղճմտօրէն, մանաւանդ Այնէմի (Լիբանան) շրջանի բոլոր գիւղերու մէջ, առանց նիւթական ակնկալութեան, հայու վայել լաւ ախտաճանաչ եւ խղճմտանքի տէր բժիշկ։ Մեռաւ 1942, Մայիս 8-ին[1]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. հատոր, Պէյրութ, էջ էջ։