Jump to content

Մա Փի Լենկ (Լեռնանցք)

Մա Փի Լենկ (Լեռնանցք), (Անգլ. Mã Pí Lèng Pass, վթնմ.՝ Đèo Mã Pí Lèng) լեռնանցք մը՝ հիւսիսային հեռաւոր Վիեթնամի մէջ, Ազգային մայրուղիին վրայ, որ կը միացնէ Տոնկ Վան (Đồng Văn) եւ Մէօ Վաք (Mèo Vạc) քաղաքները[1]։

Լեռնանցքը կը գտնուի ծովու մակերեսէն մօտաւորապէս 1,500 մ. բարձրութեան վրայ եւ կը տարածուի սուր եւ ոլորապտոյտ լեռնային ճամբու մը երկայնքով, որ կը հատէ Տոնկ Վան Քարսթ Փլաթօ (Đồng Văn Karst Plateau) քարքարոտ սարահարթը՝ կրաքարային բնաշխարհ մը, ուր կը տեսնուին լեռնաշղթաներ, գոգաւոր փոսեր եւ կտրուկ ժայռապատեր։

Լեռնանցքի գագաթին մօտակայքը գտնուող դիտակէտերէն կարելի է տեսնել Նըհօ Քուէ գետին (Nho Quế ) հովիտը եւ Թու Սան Քանյոն կիրճը (Tú Sản Canyon), ուրկէ գետը կը հոսի նեղ կիրճի մը մէջ՝ գրեթէ ուղղաձիգ ժայռապատերու տակ։

Լեռնանցքը կը գտնուի Տոնկ Վան Քարսթ Փլաթօ Ճէօփարք երկրաբանական պարկին սահմաններուն մէջ եւ նշանաւոր է իր բարձրադիր գեղատեսիլ բնաշխարհով։

Մա Փի Լինկ լեռնանցքը (Mã Pí Lèng) հատող ճամբան կառուցուած է իբրեւ մաս մը՝ Երջանկութեան ճանապարհին (Con đường Hạnh Phúc), որ կ'ամբողջանայ 1960-ական թուականներու կէսերուն՝ Հա Զան քաղաքը (Hà Giang City) կապելու համար սարահարթի շրջաններէն ներս գտնուող բնակավայրերուն հետ։

1994-ին, «Դէպի Վիեթնամ ուղեցոյց»ին («Guide to Vietnam») մէջ նշուած է, որ Մա Փի Լենկ լեռնանցքով անցնող ճանապարհը վերանորոգման տակ էր, քանի որ զգալի վնասներ կրած էր չինական հրետանայինէն։

2009-ին, Վիեթնամի Մշակոյթի, Մարմնամարզութեան Եւ Զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը Մա Փի Լենկի գեղատեսիլ բնապատկերը կը հռչակէ ազգային յուշարձան՝ ընդգրկելով Մէօ Վաք շրջանի քանի մը տարածքներ[2]։

Այս լեռնանցքը նաեւ կարեւոր կանգառ մըն է Հա Զան Լուփ (Hà Giang Loop) ճամբորդական շրջագիծին վրայ, որ մեծապէս նպաստած է լեռնային շրջաններու տնտեսական զարգացման եւ բնակիչներու մերձեցման։

Լեռնանցքին մօտակայքը գտնուող Երիտասարդ Կամաւորներու Յուշարձանը կանգնեցուած է ի պատիւ այն երիտասարդ կամաւորներուն, որոնք մասնակցած են ճանապարհի կառուցման աշխատանքներուն։

Շինարարական ծրագիրը սկսած է 1959 թուականին: Անիկա համատեղած է երիտասարդական կամաւորական խումբեր եւ տեղական փոքրամասնութիւններու քաղաքացիական աշխատանքային ուժեր։

Շուրջ 1,300 երիտասարդ կամաւորներ եւ 1,000-էն աւելի քաղաքացիական աշխատողներ մասնակցած են այս նախագիծին իրականացման։ Սարահարթային ծանր պայմաններուն մէջ շինարարութիւնը մեծապէս հիմնուած էր ձեռքով ժայռ կտրելու եւ խիստ թեք լեռնային վայրերու մէջ շինարարական աշխատանք կատարելու վրայ։

Ճանապարհը ունի մօտաւորապէս 184-185 քիլոմեթր երկարութիւն եւ կը սկսի Հա Զան քաղաքէն՝ անցնելով Քուան Պա (Quản Bạ) եւ Են Մինհ (Yên Minh) շրջաններէն, ապա կը հասնի Տոնկ Վան (Đồng Văn) եւ Մէօ Վաք Mèo Vạc։

1961-ին Հօ Չի Մինհ (Ho Chi Minh) այս երթուղին կոչած է «Երջանկութեան Ճանապարհ»։

Ամէնէն դժուար բաժինը 21 քիլոմեթր երկարութեամբ հատուածն էր՝ Տոնկ Վան (Đồng Văn) եւ Մէօ Վաք (Mèo Vạc) շրջաններուն միջեւ, որ կը հատէ Մա Փի Լենկ լեռնանցքը։ Ժայռին հատումը՝ անդունդի եզրին, Նըհօ Քը գետի կիրճին վերեւ, մօտաւորապէս երկու տարի կը պահանջէ ամբողջացնելու համար։

Մինչեւ ճանապարհին կառուցումը, սարահարթը անցնելու համար մարդիկ հիմնականաբար կ'օգտուէին ոտնուղիներէն եւ բեռնակիր ձիերու արահետներէն։

Յուշարձաններ եւ յուշատախտակներ կանգնեցուած են ի յիշատակ 1,300 երիտասարդ կամաւորներուն եւ 1,000 քաղաքացիական աշխատողներուն, որոնք մասնակցած են աշխատանքին։

Բնակչութիւն եւ մշակոյթ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շրջանին մէջ կը բնակին բազմաթիւ ազգային փոքրամասնութիւններ, որոնք պահպանած են իրենց աւանդական տարազները, գիւղատնտեսական կենցաղը եւ տօնակատարութիւնները։

Տնտեսութիւն եւ զբօսաշրջութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տնտեսութիւնը հիմնուած է լեռնային գիւղատնտեսութեան, անասնապահութեան եւ զբօսաշրջութեան վրայ։

Այս լեռնանցքը այսօր մաս կը կազմէ Հա Զան Լուփ (Ha Giang) երթուղիին, եւ այցելուները կու գան վայելելու լեռնային տեսարանները, խոր կիրճերը եւ բնաշխարհը։ Ունի գետային հովիտներ, լեռնաշղթաներ եւ բնապահպանական հատուածներ, որոնք կը նպաստեն ազգային եւ միջազգային գիտական հետազօտութիւններու իրականացման։

Շրջակայ սարահարթը մաս կը կազմէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային երկրաբանական ցանցին։

«Ձիուն քիթին կամուրջը» կոչուած լեռնանցքը յաղթահարելը իւրաքանչիւր զբօսաշրջիկի երազն է, երբ ան առիթ կ'ունենայ այցելելու Հա Զան։ Ճանապարհը աւելի քան 20 քիլոմեթր երկայնք ունի եւ կը պարունակէ ինը ոլորապտոյտ դարձուածքներ․ մէկ կողմը բարձր եւ վտանգաւոր ժայռ է, իսկ միւս կողմը՝ խոր անդունդ[3]։

Այդ ուղեւորութեան ընթացքին կարելի է հիանալ Նհօ Քը գետով, որ կը բաժնէ լեռնային ճամբան, մշուշով պատուած քարքարոտ լեռներով եւ գեղեցիկ կանաչ բուսականութեամբ։ Վերոյիշեալ հրաշալի տեսարաններուն շնորհիւ այս տեղանքը կը համարուի իսկական «Երջանկութեան ճանապարհը» բոլոր այցելուներուն համար։

Լեռնանցքը այցելելու համար ամէնէն յարմար ամիսները սովորաբար Սեպտեմբերէն մինչեւ Նոյեմբեր կամ Մարտէն մինչեւ Մայիս ժամանակահատուածներն են, երբ եղանակը սովորաբար չոր է եւ երկինքը՝ պարզ։

Առաւօտեան վաղ ժամերը կամ ուշ երեկոյեան լոյսը յատկապէս յարմար են լուսանկարահանութեան համար, որովհետեւ այդ ժամերուն լեռները, ձորերը եւ շրջակայ բնութիւնը կը լուսաւորուին մեղմ ու գեղեցիկ լոյսով[4]։

Լեռնանցք հասնելու համար կարելի է ըստ նախընտրութեան օգտուիլ տարբեր փոխադրամիջոցներէ․

Հա Զան քաղաքը կապուած է Վիեթնամի բազմաթիւ մեծ քաղաքներու հետ։ Հանոյ քաղաքէն կարելի է փոխադրամիջոցով հասնիլ։ Ճամբորդութիւնը կը տեւէ շուրջ 6-7 ժամ։

Բազմաթիւ արկածախնդիր ճամբորդներ կը նախընտրեն հեծանիւով երթալ դէպի Հա Զան եւ շրջագայիլ մօտակայ շրջանները իրենց նախընտրած արագութեամբ։

Կարելի է հեծանիւ եւ ճամբայ ելլել ոլորապտոյտ լեռնային ճանապարհներով դէպի լեռնանցք։ Հեծանիւ վարելու համար, անհրաժեշտ է ունենալ վարորդական արտօնագիր, կրել համապատասխան ապահովութեան սարքաւորումներ եւ ծանօթանալ տեղական երթեւեկութեան կանոններուն[5][6]։

Անձնական ինքնաշարժով

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անձնական ինքնաշարժ վարձել կամ վարորդով մեքենայ մը տրամադրելն ալ յարմար տարբերակ մըն է, մանաւանդ հանգիստ եւ դիւրին ճամբորդութեան համար։

Պանդոկ եւ հարցեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2019-ին, լեռնանցքին մօտակայքը կառուցուած բազմայարկ «Փանորամա» համալիրը, որ կը ներառէր սրճարան մը եւ պանդոկ մը, խնդրայարոյց կը դառնայ՝ առանց անհրաժեշտ արտօնութեան կատարուած շինարարութեան եւ բնատեսիլ միջավայրին վրայ ունեցած ազդեցութեան պատճառով։ Իշխանութիւնները կը հրահանգեն դադրեցնել հաստատութեան գործունէութիւնը, մինչեւ որ հարցը մանրամասն քննուի։

Ապա մշակոյթի նախարարութիւնը կ'առաջարկէ վերաձեւաւորել այդ վայրը՝ իբրեւ վերահսկուած տեսարանային կանգառ, այնպիսի ճարտարապետութեամբ, որ աւելի համահունչ ըլլայ շրջակայ բնութեան։ Միաժամանակ նախարարութիւնը կոչ կ'ուղղէ տեղական իշխանութիւններուն՝ լուծելու լեռնանցքի ճանապարհին երկայնքով արձանագրուած խախտումները[7]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին Յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]